«Յակոբ Յակոբեանի արուեստը անդադար քայլում է ժամանակի հետ, ժամանակի մէջ»․ թորոնթոբնակ Սիս Յակոբեան
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ հոկտեմբերին բացուեցաւ անուանի գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի հարիւրամեակին նուիրուած «Հոգու հայելի» ցուցահանդէսը։ Մինչեւ տարեվերջ արուեստասէրները հնարաւորութիւն ունեցան վայելելու անոր հարուստ ստեղծագործութիւններու ընտրանին։ Ես ալ առիթը ունեցայ այցելելու եւ մօտէն ծանօթանալու յայտնի արուեստագէտին արուեստին։
Յակոբեանը (1923-2013) 20-րդ դարու հայ ամենաինքնատիպ արուեստագէտներէն մէկն է։ Ծնած է Եգիպտոս, մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի գեղարուեստի եւ Փարիզի «Կրան Շոմիէ» ակադեմիաներուն մէջ։
Յոբելինական ցուցահանդէսի համակարգող Մագարիտա Խաչատրեանը «Թորոնթոհայ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ այս ցուցադրութիւնը մինչ օրս յայտնի նկարիչին ամենամեծ եւ ամբողջական ցուցադրութիւնն է, որ կ’ընդգրկէ ոչ միայն անոր տարբեր ժամանակաշրջաններու յայտնի կտաւները, այլ նաեւ՝ քանդակները։
«Ներկայացուած են Ազգային պատկերասրահի, ժամանակակից արուեստի թանգարանի, մասնաւոր եւ ընտանիքի հաւաքածուներից հարիւրից աւելի աշխատանքներ։ Նման ծաւալի մեծ ցուցադրութիւն՝ գեղանկարի եւ քանդակի համադրութեամբ՝ մինչ օրս չէր եղել», նկատել կու տայ զրուցակիցս։
«Մարդը եւ բոյսը» (1963)
Ցուցահանդէսի մուտքի պաստառին ներկայացուած է Յակոբեանի «Մարդը եւ բոյսը» (1963) գործը, որ նկարիչին անցումային շրջանի աշխատանքներէն է. արուեստագէտը այս կտաւը սկսած է նկարել Եգիպտոսի մէջ եւ աւարտած` Հայաստան ներգաղթելէն ետք: Հոն ոսկրացած եւ կծկուած մարդու կերպարն է, անոր տառապանքը, իսկ ափերուն մէջ՝ ծլարձակած բոյսը, որպէս նոր կեանքի խորհրդանիշ․ Եգիպտոսէն` Հայաստան, դէպի երազանքի իրականացում։
Ցուցահանդէսի չորս սրահներէն առաջինին մէջ կը ցուցադրուին արուեստագէտին վաղ՝ եգիտպական շրջանի գործերը։ Աչքի կը զարնեն նաթիւրմորթներու (still life) «Սխտորներ» շարքը, ուր կը տեսնենք անոր առարկայական աշխարհի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, իսկ թախծոտ հայացքով իր հերոսներուն միջոցով՝ ան կ’արտայայտէ մարդու խեղճ տեսակին հանդէպ իր կարեկցանքը։ «Առաջին անգամ մարդ նկարել եմ 20 տարեկանում։ Մարդու միջոցով զգացումներս էի ուզում արտայայտել, դրանք տխուր մարդու, տխուր զգացումներ էին: Մարդ, որ իրեն զգում է խեղճ, անկարող, պարտուած, վախկոտ, նուաստացած, վիրաւորուած։ Ես ուզում էի նկարել մարդու այդ խեղճ տեսակը, ես ուզում էի այդպիսիներին նկարել եւ դրանց միջոցով ինձ էի նկարում։ Հաւանաբար ուզում էի ուժեղների գութը շարժել խեղճերի հանդէպ, կամ պարզապէս յուսահատութիւնս էի նկարում», ըսած է արուեստագէտը։
Ըստ Խաչատրեանի՝ Յակոբեանի եգիպտական շրջանի գործունէութիւնը ինքնաճանաչողութեան, փնտռտուքի հանգրուան է, որ կ’աւարտի, բայց նոր սկիզբի ծիլեր կու տայ Հայաստանի մէջ։
Յակոբեանի գեղարուեստական աշխարհը կը բնութագրուի իւրայատուկ գոյներով, հայ նկարչութեան համար նոր ոճի նորամուծութիւններով: Առաջին հայեացքէն պարզ, հողեղէն գոյներով ստեղծագործութիւնները կ’արտացոլեն անոր մտահոգութիւնները, տրամադրութիւնը, բնաւորութիւնն ու աշխարհընկալումը: Յակոբեանի հայկական բնաշխարհը արեւոտ, պայծառ եւ գունառատ չէ, ինչպէս՝ Սարեանինը, այլ՝ մռայլ ու դեղնաւուն։ «Ամէն նկարիչ իր գոյներով է ներկայացնում աշխարհը։ Իմը կանաչ Հայաստանը չէ, աւելի աշնանային Հայաստանն է։ Որոշ գոյների կամ ձեւերի հանդէպ յակումս ներսից է եւ, դժբախտաբար, չեմ կարող ազատուել դրանից։ Շատ կ’ուզէի կարմիր գոյն դնել, բայց ինչպէ՞ս, չգիտե՛մ։ Չգիտեմ կարմիր գոյնի նշանակութիւնը, իսկ մոխրագոյնը ինձ համար նշանակութիւն ունի», ըսած է արուեստագէտը։
Բոլոր լուսանկարները տրամադրած է National Gallery of Armenia/ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը)
Օտարութեան մէջ ապրելով ան միշտ երազած է հայրենիք վերադառնալու մասին, զոր կ’իրականացնէ 40 տարեկանին, երբ ընտանիքով Եգիպտոսէն կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։ Վաթսունական թուականներուն անոր հետաքրքրութեան առարկան հայկական բնաշխարհն է․ «Վայոց ձոր», «Բնանկար Արենիից», «Գառնիի ձորում», «Արարատ» կտաւներուն մէջ կը ներկայացուի վաղ գարնանային եւ աշնանային Հայաստանը․ «Այս փոքրիկ հողակտորը, ուր հազարամեակներ շարունակ ապրում է իմ ժողովուրդը, առաջին անգամ ինձ համար դարձաւ շօշափելի իրականութիւն։ Ես հայրենի բնաշխարհում էի, ուզում էի ճանաչել, տեսնել, նկարել Հայաստանը, ձուլուել նրան, ահա թէ ինչու հիմնականում տարուեցի բնանկարներով», իր վկայութիւններուն մէջ ըսած է Յակոբեան։
Ըստ տիկ․ Խաչատրեանին, «եօթանասունականներուն Յակոբեանի մօտ ներանձնական փոփոխութիւններ կը սկսին։ Եգիպտոսէն ետք ան կրկին կը վերադառնայ մարդու կերպարին, բայց այս անգամ այլ միջավայրի մը մէջ, աւելի պայմանական, վերացական վիճակ կը ստեղծէ անոր համար, ինչպէս «Հայելիով կինը», «Արտաւազդ Փելէշեանի դիմանկարը»։ Միաժամանակ կ’անդրադառնայ իրերու աշխարհին՝ աթոռ, չորցած ծաղիկներ, ձեռնոցներ, կարծես իրերու միջոցով կը ներկայացնէ այդ ժամանակուան իր ապրումներն ու ներաշարհը։ Աւելի ուշ իր կտաւներուն առարկան նաթիւրմորտներն ու համադրութիւններն (composition) են, ուր մարդը կարծես կը կորսնցնէ իր ուժը, հոգեւոր յատկանիշները, եւ անշունչ առարկաները կ’իշխեն մարդու վրայ։ 2000-ական թուականներուն կը նկարէ յունական քանդակներու և mannequin-ներու, աշխատանքային գործիքներու անուանական երկխօսութիւններ, որուն Յակոբեանը կու տայ «Սիրոյ պարտէզ» անուանումը: Ատիկա բանաստեղծական եւ խորհրդանշական, անցեալի ու ներկայի արտացոլումն է, հեղինակին ապրումներուն հայելին:
Բոլոր լուսանկարները տրամադրած է National Gallery of Armenia/ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը)
Անսովոր են նաեւ Յակոբ Յակոբեանի քանդակները, որոնք ստեղծած է մեծ տարիքին։ Արուեստագէտը ինք կը խոստովանի, որ եթէ երկար չ’ապրէր, հաւանաբար հերթը քանդակին չէր հասներ։ «Նա ասում էր՝ չէր գալու ժամանակը, չէր հասունանալու այն պահը, որ ինքը տեղափոխուէր եռաչափ տարածութիւն: Աքցաններից, հարթաշուրթերից և այլ գործիքներից Յակոբեանը քանդակներ էր ստեղծում՝ շունչ հաղորդելով անշունչ առարկաներին», նկատել կու տայ Մարգարիտա Խաչատրեանը:
Արուեստագէտին թորոնթոբնակ դուստրը՝ Սիս Յակոբեանը, «Թորոնթոհայ»-ին կը վկայէ, որ ինչպէս ամէն ցուցահանդէս, «Հոգու հայելի» ցուցահանդէսը նոյնպէս նոր «բացայայտում» է իր դուստրերուն համար եւս՝ աւելի լաւ ճանչնալու Յակոբեան արուեստագէտը։
««Հոգու հայելի» ցուցահանդէսը բացառիկ առիթ ընծայեց մէկ անգամ եւս մասնակից դառնալու աշխարհաընկալման բացառիկ զգացողութեամբ յագեցած ստեղծագործական կեանքի մը։ Ինչքան որ Յակոբ Յակոբեան հայրը իր դստրերի համար յաւերժ մնայուն կերպար է, իր արուեստը, իր «Հոգու հայելի»-ն առաւել եւս մնայուն է։ Արուեստ, որ ԱՆԴԱԴԱՐ քայլում է ժամանակի հետ, ժամանակի մէջ», հօր արուեստին մասին կը հաստատէ Սիսը։
Գեղանկարիչին ընտանիքին մեծ ցանկութիւնն է, որ Յակոբ Յակոբեանը Երեւանի մէջ ունենայ տուն-թանգարան, ուր ըստ արժանւոյն ներկայացուին անոր արուեստի գործերն ու ստեղծագործական հարուստ ժառանգութիւնը։ ֍