Արքայութեան ծնծղաները կը զնգզնգան. Տիրուկին հետ
Ֆեյսպուքը կը բանամ, պարոն Լեւոն Շառոյեանի էջին վրայ մեր շատ սիրելի Սուրէն սրբազան հօր նկարը կը տեսնեմ, անոր դէմքին գծուած հրեշտակային ժպիտը, ինչպէս միշտ, կը խաղաղեցնէ առօրեայ հոգերով խռոված հոգիս. գրառումը կը սկսիմ կարդալ. «Իր աչքերը լոյսին փակած է Բերիոյ հայոց թեմի նախկին երկարամեայ առաջնորդը` Սուրէն արք. Գաթարոյեանը։Վարագոյր կ'իջնէ հալէպահայոց կեանքին փառաւոր պատմութեան անմոռանալի մէկ ժամանակահատուածին վրայ, որ լի էր ազգային֊եկեղեցական անհամար իրագործումներով»։
Վիշտս կը խեղդէ ձայնս եւ արցունքներս անզուսպ կը հոսին։ Ամուսինս կը նկատէ ու հեռաձայնիս նայելով գլուխը կախ կը նստի դէմս՝ «Նուիրեալ կղերական, բիւր յարգանք իր անսահման ծառայութիւններուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ», կ'ըսէ եւ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս տարիներ առաջ Սուրէն սրբազանի ձեռամբ ստացած էր Հալէպի պետական համալսարանի լաւագոյն հայ ուսանողի տիտղոսը կրող շքանշանը։
Լռութիւն։
Որբացած ենք երկուքս ու մեզի հետ որբացած են հազարաւոր հալէպահայ հայորդիներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց հոգեւոր սրբակեաց ու նուիրեալ կղերական հայր Սուրէն Գաթարոյեանը։ Անոր երկարամեայ անձնդիր ծառայութիւնը, սուրիահայութեան եկեղեցական-ազգային կեանքի պայծառացման վաստակը, վսեմաշուք անունն ու բիւրեղեայ կերպարը զուգորդուած էին հալէպահայութեան անուան հետ։
Գոյժը կը տարածուի՝ «կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2023-ին, ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ Ս. ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ վախճանած է Գանատայի մէջ», ու ֆեյսպուքի էջերը կը յորդին վախճանեալ Սրբազան հօր նկարներով, անոր կորստեան արձագանգը կը տարածուի Հալէպէն մինչեւ Լիբանան ու Գանատա, իսկ զինք յարգող ու սիրող զաւակներուն գրառումներն ու սրտաբուխ արտայայտութիւնները կը յիշատակեն անոր 62 տարիներու նուիրումին եւ հոգեւոր, մտաւոր ու շինարարական աշխատանքով լի փառաւոր շրջանին անբասիր պսակին արժանացած ըլլալուն պանծալի իրականութիւնը։
Մարդոց Սուրէն սրբազանին հետ ունեցած յիշատակելի պահերու գրառումները կը կարդամ ու անոնց տեղադրած նկարները կը դիտեմ, ու ես ալ իմ կարգիս, 2022 նոյեմբերին, սուրիահայ գաղութին նուիրուած Տոհմիկ օրուան առիթով, Սրբազան հօր հետ նկարուած նկարս կը տեղադրեմ ֆեյսպուքի պատմութեան բաժինին մէջ։ Այդ երեկոյ Սրբազան հայրը, որպէս պատուոյ հիւր, հրաւիրուած էր Տոհմիկ օրուան տօնակատարութեան, բայց հիւանդութեան պատճառով պիտի չկարենար բեմ բարձրանալ ու սրտի խօսքը փոխանցել ներկաներուն, սակայն ճիշդ հակառակը եղաւ՝ պահի ազդեցութեան տակ ու իր սիրելի սուրիահայերով շրջապատուած ըլլալուն շնորհիւ, ուժ գտաւ ան եւ հին օրերու նման հոգեպարար խօսքերով դիմեց հալէպահայերուն եւ անոնց սրտերուն ծարաւը յագեցուց։ Այդ գիշեր՝ «Տիրո՛ւկ, այս նկարը անպայման հօրդ կը ղրկես», եղած էր անոր՝ ինծի ուղղած վերջին նախադասութիւնը։
Սուրէն սրբազանին հետ ունեցած հոգեւոր կապս նոր չէր անշուշտ։ Հայրս Ազգային Հայկազեան վարժարանի հոգաբարձուներէն մէկն էր, ապա՝ առաջնորդարանի խորհուրդի եւ Գաւառական ժողովի անդամ ու բարերար, հետեւաբար, Սրբազան հօր հետ յաճախ կը հանդիպէր եւ Սուրէն սրբազանը, գրեթէ երկու շաբաթը մէկ, ժողովներէն ետք, հօրս հետ հիւր կու գար մեր տունը. Հայրս, իրենց ներս մտած ժամանակ, անունս կը կանչէր, իսկ ես կաշիէ սեւ հողաթափերը ձեռքիս կու գայի եւ զանոնք կը տեղաւորէի Սրբազան հօր ոտքերուն դէմ։ «Ապրի՛ս, աղջիկս», կ’ըսէր ան ու գլուխս կը շոյէր, ապա՝ փոքր եղբայրս կը մօտենար, եւ երկուքս անոր աջը կը համբուրէինք։
Ես գիտէի, որ Սրբազան հայրը բազկաթոռին նստելէն անմիջապէս ետք անունս պիտի տար եւ սորված արտասանութիւններէս մէկը լսել պիտի ուզէր։ Հետեւաբար, դպրոցը սորված բոլոր ոտանաւորներս շատ գեղեցիկ առոգանութեամբ, օրերով, արտասանել կը փորձէի, որպէսզի Սրբազան հօր գովասանքին արժանանայի։ Ասմունքելէս ետք, ան կը սկսէր վերլուծական հարցումներ հարցնել եւ բացատրութիւններ տալ։ Ահաւասի՛կ, հոսկէ կու գայ ոտանաւորներու հանդէպ սէրս, ասմունքելու մարմաջս եւ բանաստեղծական զգացողութիւնս։
Կիրակի օրերը, հալէպահայերը, անհամբեր կը սպասէին Սուրէն սրբազանին քարոզին, իսկ ես՝ հակառակ անոր որ փոքր էի ու քարոզը ամբողջութեամբ չէի հասկնար, սակայն Սրբազան հօր ձայնին, ոճին եւ պատմելու ճկուն կարողականութեան հետեւելով կը փորձէի Յիսուս Քրիստոսի կեանքի ու գործած հրաշքներու պատկերները գծել մտքիս մէկ անկիւնը։
Պսակադրութեանս ժամանակ այդ ի՜նչ հիանալի զգացում էր, երբ մեզ պսակող Սուրէն սրբազանը մօտեցաւ ամուսնոյնս եւ՝ «Տիրուկը աղջիկս է, հոգատար կ'ըլլա՛ս» պատուիրեց անոր։ Ամուսնոյս եւ իմ ուրախութիւնս կրկնապատկուեցաւ երբ Սրբազան հօր ձեռամբ մկրտուեցան մեր զաւակները։ Սրբազան հօր՝ զաւակներուս նուիրած Յիսուսի դիմանկարը կրող նկարները տեղադրած էինք Անգինիս ու Սեդրակիս մահճակալներուն գլխուն։
Տարիները թաւալեցան եւ Սրբազանը Գանատա մեկնեցաւ։ Երբեմն կը մտածէի, թէ այլեւս պիտի չտեսնենք զինք, սակայն արեւոտ օր մը Հայաստանի մէջ ծնողքիս տունը հանդիպեցանք։ Հին օրերու յիշատակներով ողողուն զրոյցներէ ետք Էջմիածնի Վեհարան տարինք զինք եւ բախտը ունեցանք վեհարանը ներսէն տեսնելու, անշուշտ Սրբազան հօր ուղղորդութեամբ։ Գանատայի մէջ ալ քանի մը առիթով հանդիպեցանք եւ բազմիցս անոր հայրական օրհնութիւնները ստացանք։
Եւ հիմա վաթսուներկու տարուան բեղուն գործերով լի գոհարազարդ գիրքը դժբախտաբար փակուեցաւ։ Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2023-ին, Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տէր. Սուրէն արք. Գաթարոյեանի վերջին օծման արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ՝ տէր Բաբգէն արք. Չարեանի, առաջնորդ՝ Գանատայի հայոց տիրախնամ թեմի, իսկ ողջ սփիւռքին պատկառանքը շահող Սրբազանին մարմինը իր վերջին հանգիստը գտաւ Անթիլիասի արքեպիսկոսաց դամբարանին մէջ։
Ամենայն սրտով ու հոգիով կը խոնարհիմ Բերիոյ թեմի ամենէն երկարամեայ թեմակալ առաջնորդին, անոր քսանհինգ բեղուն տարիներու պատկառելի վաստակին, անմար յիշատակին եւ ճառագայթող անձին ու գործին առաջ։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Սրբազան հա՛յր: Վարձքդ կատար ու վաստակդ արդար: Ահաւասի՛կ, հոգւոյս դրախտի անկիւններէն կը լսեմ հրեշտակներու ծնծղաներու մեղեդին, որմով դիմաւորեցին արքայութեան մէջ ննջող ու բոլորիս շատ սիրելի Սրբազան հայրը։ ֍