Ուշադրութիւն գանատահայեր. մասնակցեցէ՛ք ANCA-ի փորձաշրջանի ծրագիրին

Նախակրթական եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն (A.R.S. Armenian Private School), ուր խորապէս ընկղմած էի մեր մշակոյթին մէջ: Թէեւ դպրոցէն դուրս ոչ հայկական գործունէութեան մէջ ներգրաւուած էի, համալսարան յաճախելը՝ տարբեր ծագումներ ունեցող անձերու հետ նոր փորձառութիւն մըն էր ինծի համար:

Համայնքային կապերը ամուր պահելու համար, աշխուժօրէն մասնակցեցայ համալսարանիս Հայ ուսանողական միութեան, որուն այժմ նախագահն եմ. նաեւ մասնակցեցայ հայկական ուսանողներու համար նախատեսուած խորհրդատուական ծրագրի մը:

Բայց աւելին կ'ուզէի:

ANCA-ի (ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբ) «Լէօ Սարգիսեան» փորձաշրջան ծրագիրին դիմեցի առանց շատ մտածելու: Թէեւ գիտէի, որ ծրագիրով հետաքրքրուած էի, բայց վստահ չէի ամառս Ուաշինկթոնի մէջ անցընելը, տունէն այդքան հեռու ըլլալը, լաւ գաղափար էր: Աւելին, վստահ չէի, թէ փորձառութիւնը ինչպէս օգտակար պիտի ըլլար ինծի, նկատի առնելով որ սորվելիքներուս մեծ մասը ամերիկեան տեսանկիւնէն պիտի ըլլար. կը կասկածէի անիկա որքանով առընչելի պիտի ըլլար գանատացիի մը:

Երբ զանգը ստացայ, որ ընդունուած եմ ամառնային ծրագրին, դժուար որոշումի մը առջեւ կանգնեցայ. արդեօք պէտք էր Թորոնթոյի մէ՞ջ աշխատէի, թէ՞ երթայի Ուաշինկթոն:
Երկրորդը ընտրեցի:

Հիմա, երբ փորձաշրջանս աւարտած եմ, այս մէկը կը գրեմ համոզելու համար ուրիշ գանատացիներ, որ նոյնը ընեն:
Փորձառական ծրագիրը բազմաթիւ առիթներ կը ստեղծէ քաղաքականութեամբ, օրէնսգիտութեամբ եւ հետազօտութեամբ հետաքրքրուող երիտասարդ հայերու համար: Տեղացի հայեր, որոնք բարձր պաշտօններ ունին քաղաքական գրասենեակներու, թանգարաններու եւ իրաւաբանական ընկերութիւններու մէջ, մեզի խորհուրդներ տուին եւ ստեղծեցինք իւրայատուկ կապեր, որոնք կրնան օգտակար դառնալ մեր ապագայ մասնագիտական յառաջխաղացման համար: Սակայն, ծրագիրին ամենէն կարեւոր յատկանիշն այն էր, որ բոլոր հանդիպածներս՝ ըլլան անոնք դասախօսներ, թէ մասնագէտներ, ազնիւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ օգնեցին մեր ընտրած մասնագիտական ուղիներուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար:

Մեր ամենէն ազդեցիկ դասախօսներէն էր POLITICO-ի աւագ խմբագիր Չարլի Մահտեսեանը, որ կիսեց իր լրագրողական փորձը, պատասխանեց մեր բոլոր հարցումներուն եւ ոգեւորեց մեզ մտածելու իր մարզին մէջ մասնագիտանալու համար: Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական բաժիններու տնօրէն դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի հետ մեր հանդիպումը նոյնպէս հետաքրքրաշարժ էր: Գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն հայկական հին ձեռագիրներու եւ այլ գրութիւններու իր ընտրութիւնն ու հոգածութիւնը ոգեւորեց մեզ՝ բոլորս, եւ հպարտութեամբ լեցուց զիս՝ գիտնալով, որ այդքան նուիրեալ անձ մը պատասխանատուն է մեր ազգի հարուստ պատմութեան խնամքին:

Դասախօսութիւններէն անդին, ինծի առիթ տրուեցաւ սորվելու շահապաշտպանութեան (advocacy) արուեստը: Թէեւ սկիզբը Քափիթըլ Հիլ երթալու եւ Քոնկրեսի անդամներուն ու անձնակազմին հետ խօսելու գաղափարը կը վախցնէր զիս, հիմա՝ քանի մը անգամ ըրած ըլլալով՝ այլեւս չեմ վախնար արտայայտելու կարծիքներս եւ յառաջ մղելու մեր համայնքի տեսակէտները երեսփոխաններու մօտ: Լոպիինկի (lobbying) ընթացքին հաճոյքը ունեցայ հանդիպելու ներկայացուցիչներ Աննա Էշուի եւ Ատըմ Շիֆի, որոնք կը պաշտպանեն հայկական հարցերը համաշխարհային մակարդակի վրայ: Անոնք ընդգծեցին երիտասարդական շահապաշտպանութեան կարեւորութիւնը՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ քոնկրեսական կարծիքի ձեւաւորման մէջ:

ANCA-ն իւրաքանչիւր փորձնակի անհատական նախագիծեր յանձնեց. իմս Ազրպէյճանի ցեղասպան ղեկավարութեան վրայ միջազգային պատժամիջոցներու կիրառումի ուսումնասիրութիւնն էր: Կարդացինք մանրամասն զեկոյցներ Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական կալանաւորներու դէմ գործուած վայրագութիւններու մասին, որոնք ներկայացուած էին Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան (ICLAW) եւ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնին (ALC) կողմէ: Հարիւրաւոր էջեր, գրաւոր վկայութիւններ կարդալով եւ դիտելով տեսանիւթեր այն սարսափներուն եւ իրականութեան մասին հասկցայ լրջութիւնը այն իրավիճակին, զոր կը դիմագրաւեն շատ արցախցիներ: Նաեւ առիթը ունեցայ գրելու թէ ինչպէս Գանատան կրնայ բարելաւել իր յարաբերութիւնները եւ աջակցութիւնը Հայաստանին՝ դադրեցնելով ազրպէյճանական քարիւղի ներմուծումը եւ ճնշելով Ազրպէյճանին՝ ապահով կերպով վերադարձնելու հայ ռազմաքաղաքական ու քաղաքացիական գերիները:

Աշխատանքէն անդին, փորձաշրջան ծրագրի միջավայրը հիանալի էր: Հայ դատը յառաջ մղելու աշխատանքը խիստ գոհացուցիչ էր եւ թոյլ տուաւ ինծի մասնագիտօրէն աճելու: Միեւնոյն ժամանակ, «Արամեան» տան մէջ վեց շաբաթ ապրելէ ետք, ունեցայ շատ մը նոր ընկերներ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքէն։ Թէեւ բոլորս հեռու ենք հայրենիքէն, բայց բոլորնս ալ անկեղծ սէր ու նուիրում ունինք անոր հանդէպ:
Ուրեմն, ճի՞շդ որոշում կայացուցի այս ամառ Ուաշինկթոն գալով: Անկասկած:

Իսկ անոնք, որոնք կը տատամսին դիմելու այս քայլին, գրեցէ՛ք ինծի։ Պատրաստ եմ կիսուելու ձեզի հետ այս փորձառութեան մասին, որ հսկայական ազդեցութիւն ունեցաւ կեանքիս վրայ:
Պատրա՞ստ էք: ֎

***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ:

*Թոմարճին՝ ԱՄՆ քոնկրեսի գրադարանին մէջ (լուսանկարը տրամադրած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը)

Անուշ Սապրինա Թոմարճի

Անուշ ծնած ու մեծցած է Թորոնթօ. շրջանաւարտ է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի: Թորոնթոյի համալսարանի մէջ քաղաքագիստութիւն եւ հանրային իրաւաբանութիւն կ’ուսանի. համալսարանի հայ աշակերտական խորհուրդի նախագահն է:

Previous
Previous

Գանատահայութիւնը կը վերափոխէ Հայոց ցեղասպանութեան` «Ապրիլ 24»-ի ոգեկոչման ձեւաչափը

Next
Next

Armenian Community Centre of Toronto announces major expansion project