Գանատահայութիւնը կը վերափոխէ Հայոց ցեղասպանութեան` «Ապրիլ 24»-ի ոգեկոչման ձեւաչափը
Նոր մօտեցում, ապակեդրոնացած միջոցառումներ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Գանատահայ համայնքի կեանքին մէջ ուշագրաւ փոփոխութիւն մը կ'արձանագրուի այս տարուան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն առնչութեամբ։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գանատայի կեդրոնական կոմիտէն այսօր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ աւանդութիւն դարձած Օթաուայի կեդրոնական ձեռնարկէն անցում կը կատարուի դէպի աւելի ապակեդրոնացած միջոցառումներու՝ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ։
Բողոքի ցոյց՝ Գանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց, 24 ապրիլ 2004. լուսանկարը՝ Ռուբէն Ճանպազեանի
«Իբրեւ ուխտապահներ եւ ժառանգներ Հայոց ցեղասպանութեան, Օթաուայի մէջ պիտի շարունակենք մեր երթը՝ Հայ դատի քաղաքական աշխատանքներով եւ երիտասարդ մեր փաղանգներու պահանջատիրական առաքելութիւններով», կը նշէ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէն։
Գանատահայութեան համար տասնամեակներու աւանդութիւն դարձած էր Օթաուայի համախմբումը։ Ամէն 24 ապրիլին, համայնքի ներկայացուցիչները կը հաւաքուէին մայրաքաղաքին մէջ՝ երկրի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ միասին ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց՝ Թուրքիայէն արդարութիւն պահանջելու:
Այսուհանդերձ, ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէն կը բացատրէ, թէ այս տարի իր մօտեցումը կը զարգացնէ, «այնպէս մը, որ Օթաուայի մէկ ընդհանրական հաւաքին եւ քայլարշաւին փոխարէն, ապակեդրոնացեալ համայնքային զօրաշարժով միջոցառումներ տեղի ունենան Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ»։
Այս մօտեցումին նպատակը ոգեկոչումի եւ արդարութեան պատգամը «աւելի լայն հասարակութեան հասցնելու եւ քարոզչութիւնը յաւելեալ ծաւալելու» ձգտումն է։
Կեդրոնական կոմիտէն այս փոփոխութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ «պայքարի ուժգնութեան արտացոլում»՝ պատգամը տարածելու եւ պահանջատիրական շարժումը աւելի մատչելի, տեսանելի եւ ազդեցիկ դարձնելու նպատակադրմամբ։
Յայտարարութեան մէջ կարեւորութեամբ կ՚ընդգծուի, որ «արդարութեան պահանջը մէկ վայրի հետ կապուած չէ. ան կը պատկանի իւրաքանչիւր հայու, ուր որ ալ գտնուի ան»։
Յայտարարութեան աւարտին, ՀՅԴ-ն կը քաջալերէ համայնքի բոլոր անդամները՝ հետեւելու իրենց բնակած քաղաքներուն մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն եւ մասնակցելու խիտ շարքերով։ «Միասին կը շարունակենք մեր անսասան պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան», իր յայտարարութիւնը կ՚եզրափակէ կոմիտէն։
Յիշեցնենք, որ Գանատան պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ. 2002-ին Գանատայի ծերակոյտը, 2004-ին Գանատայի խորհրդարանը, իսկ 2006-ին Գանատայի կառավարութիւնը ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ ֎