Հրանուշ Յակոբեանի նոր եռահատորին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ
Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճուղին՝ փրոֆեսոր Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018) եռահատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 30 յունիսին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս։ Եռահատորը ներկայացուց գրող եւ հրապարակախօս Խաչիկ Տէտէեանը:
Շնորհանդէսը ներկայութիւնը կը վայելէր հոգեւոր հայրերու, կազմակերպութիւններու վարչական ներկայացուցիչներու, Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի, թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ գրասէրներու, որոնք եկած էին ո՛չ միայն շնորհանդէսին ներկայ ըլլալու, այլեւ՝ իրենց սէրն ու յարգանքը տածելու կարօտալի տիկին Յակոբեանին, որ տասը տարիներ շարունակ հանդիսացաւ սփիւռքի հարազատ ներկայացուցիչը մայր Հայաստանէն ներս։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Պապեանը եւ մատնանշեց, թէ ամսական դրութեամբ գրական հաւաքատեղի հանդիսացող սոյն գրադարանէն ներս կայացած այս օրուան հաւաքը իր մէջ տարբեր բնոյթ մը կը կրէ հայրենիք-սփիւռք կայարանի տասնամեայ երթուղիին մէջ։ Այսօր փրոֆեսոր Յակոբեանի ներաշխարհէն դուրս խուժող եւ անկասկած սփիւռքի կեանքին նուիրուած բերկրալից պահերն ու անցեալի յուշերն են անոնք, որոնք պիտի ներկայացուին՝ որպէս արգասիքը երկարամեայ ծառայական աշխատանքին։
Հարանուշ Յակոբեանի կենսագրութիւնը, տասնամեայ գործունէութեան մասին երեւելի դէմքերու վկայութիւնները եւ յաջողութիւններով լի ճանապարհին արտացոլումը հանդիսացող տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Խորէն Մարտոյեանը եւ ներկայացուց տիկին Յակոբեանի ձեռքբերումները, հիմնած կազմակերպութիւնները, ստացած վկայականները, կոչումները, շքանշաններն ու պարգեւները եւ Հայաստանի ու սփիւռքի երկնակամարին վրայ փայլող տասնամեայ աստղահոյլի ճաճանչները։
Իրմա Գապագեան-Տէտէեանը, իր նուրբ ու զգացաշարժ ձայնով եւ բացառիկ առոգանութեամբ, ընթերցեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը եւ տիկին Յակոբեանի նախասիրած՝ Մեծարենցի «Տո՛ւր ինծի, Տէր, ուրախութիւնն անանձնական»-ը։
Գրող եւ հրապարակախօս Խաչիկ Տէտէեանը մասնագէտի վարպետութեամբ, ծաւալուն ու բավանդակալից կերպով ներկայացուց Հրանուշ Յակոբեանի ««Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018) վկայարանը՝ տեսիլքի, հաւատքի եւ գործի եռահատորը։
Բանախօսը, երեք հատորներէ կազմուած եւ երկու հազար էջերէ բաղկացած գրական աշխատանքին մասին վկայութիւն ընելով յայտնեց, որ աշխատութիւնը կը ներկայացնէ Հրանուշ Յակոբեանի տասնամեայ գործունէութեան սեռուցքը, ուր ինքն է նախարարութիւնը, նախարարը, շարժիչ ու մղիչ ուժը, չյոգնող, դադար չառնող այն տինամոն ու ղեկը միաժամանակ, որ առաջնորդեց նախարարութիւնը եւ զայն վերածեց գերնախարարութեան:
Տէտէեան, եռահատորին կարեւորութիւնը շեշտելով՝ նշեց, որ այս եռահատորը պարտադիր ուսումնասիրութեան աղբիւր է բոլոր անոնց, որոնք առհասարակ կ’առնչուին հայրենիքի եւ սփիւռքի հետ հասարակական եւ ազգային գործունէութեամբ։ Ան յստակ ճանապարհային քարտէսն է, խարսխուած՝ փորձի եւ գիտութեան առարկայական եւ վաւերական հիմքերու վրայ: «Տիկին Հրանուշը լաւ ճանչցաւ սփիւռքը, նոյնիսկ սփիւռքահայէն աւելի, եւ ճիշդ ըմբռնեց գործակցութեան ու իրարհասկացողութեան կարեւորութիւնը, բառին շեշտադրումով, հաւատալով սփիւռքի կարեւոր դերին՝ հայրենաշինութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ», դիտել տուաւ Տէտէեան: Տարիներու աշխատանքը արտացոլող եռահատորին արժեւորումը ընելով՝ ան ըսաւ, որ երեք հատորներուն ընդմէջէն երեւան կու գայ այն հսկայական գործը, որ կատարուած է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին․ Հայաստան-սփիւռք համաժողովներ, մասնագիտական քննարկումներ, լսարաններ, ծրագրեր՝ ինչպէս «Արի տուն», «Սփիւռք ամառային դպրոց», կրթական, լեզուական ծրագրեր, փառատօններ, մշակութային ձեռնարկներ, «Սփիւռքի տարեգիրք»-ի հրատարակութիւն, երիտասարդական համաժողովներ, լրատուամիջոցներու եւ մամուլի գործիչներու, իրաւաբաններու, կրթական համահայկական ժողովներ, ասմունքի համահայկական փառատօն, եւ այլն: «Կարելի չէ անջատել գիրքը գործէն. գիրքը գործն է Սփիւռքի նախարարութեան, այսինքն՝ նախարարին, կառոյցին, ծրագիրին, ուղեգիծին, գաղափարներուն, առաքելութեան, տասնամեայ աշխատանքին: Հոն է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք գործակցութեան ամբողջ հայեցակարգը. Սփիւռքը ի սպաս հայրենաշինութեան գործին եւ Հայաստանը սփիւռքին նեցուկ կանգնող, աւիշ եւ աւիւն ներարկող գործօնը. ասիկա երազն էր, պետականութիւն կերտելու երազանքն էր՝ իր բոլոր առաւելութիւններով, նաեւ բացթողումներով: Վերջապէս նոր դարաշրջան մը բացուելու յոյսը կար, հաւատքը կար։ Կային ընկրկումներ, թերութիւններ, մարտահրաւէրներ, բայց եւ կար նոր Հայաստանի մը կերտման տեսլականը: Ամէն ժամանակէ աւելի սփիւռքը իր հարիւրամեայ պայքարին ու դատին մէջ կը տեսնէր հայրենի պետութեան թեւն ու թիկունքը եւ փոխադարձաբար, Հայաստանը կը վստահէր տասը միլիոն հայութեան նեցուկին», նկատել տուաւ Տէտէեան:
Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ տիկին Յակոբեանի արեւմտահայերէնի հանդէպ ունեցած առանձնայատուկ վերաբերմունքը՝ մէջբերելով անոր խօսքերէն․ «Արեւմտահայերէնը մեր լեզուամշակութային հարստութիւնն է, մեր մշակոյթի անքակտելի մասը. այն պէտք է լինի հայոց պետականութեան, ողջ հայ ժողովուրդի մշտական հոգածութեան առարկայ» (Հ 2, էջ 62-63): Բազմաթիւ առաւելութիւններու մասին վկայելէ ետք, բանախօսը, հետեւեալ կարեւոր կէտը շեշտեց․ «Եթէ ուզենք մէկ բառով ներկայացնել Հրանուշ Յակոբեանի մտածողութիւնը, գաղափարախօսութիւնը եւ գործելաոճը, ապա անկասկած պիտի ըսէինք՝ համահայկական է, բառին խոր եւ ամբողջական առումով: Անձնաւորութիւն մը, որ եղաւ սփիւռքի առաջին եւ միակ նախարարը, համալսարանի դասախօս, հայ կնոջ իսկական տիպարը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, որ ունեցաւ եւ ունի իր ուրոյն եւ արժանաւոր տեղը մեր քաղաքական, ազգային ու հասարակական կեանքէն ներս»:
Բանախօսը, իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ, որ եռահատորը յարափոփոխ եւ բազմաշերտ Սփիւռքին լայնօրէն քաջատեղեակ, անոր պատմութեան, հոլովոյթին, պայքարին, բարդ խնդիրներուն եւ ներքին զգայնութիւններուն մօտէն ծանօթ, հմուտ փորձագէտի մը աշխատասիրութիւնն է, ուր ներբեռուած վաւերական ու ամբողջական տուեալները տարիներու անխոնջ բանահաւաք աշխատանքի մը արգասիքն են, բան մը, որ ցոյց կու տայ Սփիւռքի նախարարին «իր հօտը» մօտէն ճանչցած ըլլալու հանգամանքն ու փաստը: Սոյն եռահատորը կ'ամբողջացնէ նախորդ երկու հատորներուն մէջ տեղ գտած Յակոբեանի պետական ու հասարակական գործիչին ողջ մտածողութիւնն ու աշխարհահայեացքը, հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ անոր տեսակէտներն ու մօտեցումները, անոր հոգեկան եւ ոգեկան աշխարհի հենքն ու էութիւնը․․․»:
Գեղարուեստական բաժինով մը հանդէս եկաւ կեթառահար Սամուէլ Խաչատրեանը եւ հմայիչ կերպով կատարեց «Բալենի»-ն։
Թորոնթոյէն հեռու գտնուող հոգեւորական եւ գրական դէմքեր տեսերեզի մը ընդմէջէն իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին, շնորհաւորեցին եւ նորանոր յաջողութիւն, արգասաբերութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեցին եռահատորի հեղինակին։ Անոնցմէ յիշենք՝ Բաբգէն արք․ Չարեան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Յակոբ Ճանպազեան, Մհեր Գարաքաշեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ այլոք։
Հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանը շնորհաւորեց տիկին Յակոբեանը՝ եւ առ ի գնահատանք սփիւռքի վերելքին նուիրուած անոր տարիներու անխոնջ աշխատանքին համար նուիրեց Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած Հռոմի Սուրբ աթոռին հրապարակած շրջանակեալ դրոշմաթուղթը։
Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան բարի գալուստ մաղթեց տիկին Յակոբեանին եւ Հայաստանի այսօրուան ծանր պայմաններուն մասին խօսելով ըսաւ, որ վստահ է՝ հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ յաղթահարել այս օրերու իր դժուարութիւնը, եւ ինչու չէ՝ տիկին Յակոբեանի ներդրումով ու ցուցմունքներով առաջնորդուելով անցեալի փառքի օրերուն պիտի հասնի։ Ան խորհրդարանին անունով շնորհակալագիր մը փոխանցեց տիկին Յակոբեանին՝ առ ի գնահատանք իր տասնամեայ անխոնջ աշխատանքին։
Տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան, տէր Հայարի քհն․ Թանաշեան շնորհաւորեցին հեղինակը, այնուհետեւ Հայ աւետարանական համայնքին ներկայացուցիչ Զոհրապ Սարգիսեանը շեշտադրեց Սփիւռքի նախարարութեան դերը՝ սփիւռքահայուն հայ ինքնութեան ամրապնդման առիթ հանդիսանալուն համար։
Բժիշկ Ժան Պէպէճեանը շնորհաւորեց տիկին Յակոբեանը եւ շատ հարազատ ձեւով ընթերցեց Յակոբ Ճանպազեանի՝ Երեւանէն յղած նամակը, ուր սրտի անհուն բերկրանքով եւ ի խորոց սրտէ կը շնորհաւորէր տիկին Յակոբեանը՝ վաւերական արժէք ունեցող սոյն եռահատորին առիթով։
Կարգը հասած էր օրուան պատուոյ հիւրին՝ փրոֆեսոր տիկին Յակոբեանին, որ բազմիցս զգացուած էր սրտակից արտայայտութիւններ լսելով ու յիշողութեան թեւերով սաւառնած անցեալի փառաւոր յուշերուն մէջ։
Տիկին Յակոբեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքին, որ առիթ ընծայեց իրեն սրտանց աշխատելու, համագործակցելու եւ արարելու, ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին այս բացառիկ շնորհանդէսի կազմակերպման առթիւ եւ կարմիր վարդերով լի ձեռակերտ պատկեր մը նուիրեց օրուան հանդիսավար Յասմիկ Պապեանին։ Ան եռահատորին ու Սփիւռքի նախարարութեան տարած բծախնդիր աշխատանքին մասին ըսաւ, որ նախարարութեան համար առաջին գործընկերը եղան՝ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին՝ Մխիթարեաններուն հետ միասին, Հայ աւետարանական եկեղեցին, Աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ բոլոր կազակերպութիւնները, որոնք համախմբուեցան եւ համատեղ սկսան գործելու։
«Տագնապներ կային մեր սրտում, դրա համար մենք մտածեցինք եւ հասկացանք, որ հայ տունը կառուցելու համար չորս սիւն է պէտք, այդ չորս սիւներից առաջինը հայ լեզուն է՝ հայ կրթութիւնը, երկրորդը՝ հայ ընտանիքը, երրորդը՝ հայ մշակոյթը, իսկ չորրորդը՝ հայ հաւատքն է՝ հայ եկեղեցին։ Ահա՛ այս չորս հիմքերի վրայ պէտք էր բարձրանար նախարարութիւնը, եւ մենք սկսեցինք այդ ուղղութեամբ մշակել մեր բոլոր ծրագրերը, որ կարողանանք խօսքը դարձնել գործի եւ դա կատարեցինք իրօք ամէն օր եւ ամէն ժամ, որպէսզի բաւարարենք մեր խստապահանջ սփիւռքին։ Այո՛, կարողացանք ջրից դուրս գալ, եւ այսօր տարիների հեռուից երբ հայացք եմ նետում, թէ արդեօք մենք կարողացա՞ նք ինչ-որ քայլ անել ու ես հասկացայ, որ իրօք մեր թիմը՝ մեր սփիւռքեան կառոյցների հետ հասաւ որոշակի յաջողութեան․․․։
Ես խոնարհում եմ ձեր առաջ, որովհետեւ դուք գործում էք ձեր ժամանակի, ֆինանսների եւ հանգստի հաշուին եւ դա անում էք սիրով, որպէսզի հայ պահէք այն միջավայրը, որտեղ դուք ապրում էք․ ստեղծում էք այն փոքրիկ-փոքրիկ Հայաստանները, որոնք պէտք է իրօք վտակներով ու երակներով կապուեն մայր հայրենիքի հետ», իր խօսքին մէջ ըսաւ Սփիւռքի նախկին նախարարը։
Շատ տեղին հնչեց տիկին Յակոբեանի խնդրանքը, երբ ան ըսաւ․ «Եկէ՛ք միանանք, միանանք, որ մեր սուրբ հողի՝ շատ փոքրիկ հողի, երազանքը մեծ մարմին ստանայ։ Եկէ՛ք միանանք եւ երբեք չուրախացնենք մեր թշնամիներին, որովհետեւ հայրենիքը մեր բոլորինն է, հայրենիքը սուրբ է․ հայրենիքը մերն է, եւ մենք հայրենիքի համար պատրաստ ենք ամէն ինչ անելու»։
Խօսքի աւարտին, հեղինակը, եռահատորներէն օրինակ մը նուիրեց գրադարանին, եւ այլ օրինակ մը՝ Բաբգէն արք․ Չարեանին։
Իւրօրինակ ձեռնարկը հասաւ աւարտին, իսկ ներկայ հոծ բազմութիւնն ու գրասէր թորոնթոհայութիւնը՝ համադամ հիւրասիրութեան մը շուրջ հաւաքուելով, ջերմիկ զրոյցներու ընդմէջէն կարօտի խօլ ալիքները խաղաղութեան հրաւիրեց։