Հեռացած իմ ընկեր
Հեռացած ընկեր ամենաբարի,
Սիրտդ անթերի, առատ ու բերրի,
Կը յիշե՞ս արդեօք երջանիկ գարնան,
Մեղեդին անհոգ խենթ մեր մանկութեան:
Հաւատով լեցուն քու հոգին բարի,
Քնքշութեամբ գինով քու բառերը թանկ,
Կ'ապրէր մեր սէրը, ժպիտը ծաղկուն,
Ուրախ երգերով, քնքուշ ներդաշնակ:
Իմ հարազատ, իմ անբաժան ընկեր,
Առանց քեզ, քու խօսքերուդ ո՞վ եմ ես
Առանց քեզ, քու ծիծաղիդ ո՞վ եմ ես,
Իմ հարազատ ու հեռացած ընկեր:
***
*Արշիլ Կորքիի «Կղզիս պիտի առնեն» (1944). իւղաներկ՝ կտաւի վրայ։ Կը պահուի Թորոնթոյի AGO - Art Gallery of Ontario պատկերասրահին մէջ։