Ս․ Աստուածածին եկեղեցին եւ «Բուչիկեան ընտանիքի համալսարանական կրթանպաստ» հիմնադրամը՝ քաջալերող թորոնթոհայ ուսանողին

Կրթուած եւ գործունեայ երիտասարդութիւնը հասարակութեան կամ համայնքի մը շարժիչ ուժն է, անոր կենսունակ կեանքի հիմնական տարրը։ Երիտասարդութիւնը իր աւիւնով նոր շունչ եւ աշխուժութիւն կու տայ ու կ’ապահովէ գաղութի եռուն կեանքը։

Թորոնթոյի հայ գաղութէն ներս հայ երիտասարդին դերը կարեւոր համարող եւ անոր կամաւոր գործունէութիւնը գնահատող Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցին կրթանպաստով մը քաջալեր կը հանդիսանայ այն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին տիրանալ բարձրագոյն ուսման վկայականին, միաժամանակ դառնալ գործունեայ առաջնորդներ համայնքէն ներս։

Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ սրկ. Կարօ Սարգիսեան՝ պատասխանելով «Թորոնթոհայ»-ի այն հարցումին, թէ համալսարանական կրթանպաստ տրամադրելու գաղափարը ինչպէս ծնունդ առաւ, կը նշէ․ «Հայ երիտասարդը, որ կամաւորապէս իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Թորոնթոյի գաղութի կեանքին եւ նոյն ատեն կը շարունակէ իր համալսարանական բարձրագոյն ուսումը, կրնայ մատնուիլ նիւթական դժուարութիւններու։ Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է գնահատել ու քաջալերել այն հայ երիտասարդ-երիտասարդուհին, որ շարունակական կամաւոր պատասխանատուութիւնն ու միաժամանակ իր ուսումնական աշխատանքը կը կատարէ մեծ զոհողութեամբ»։

Նոյեմբեր 2023-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը ստեղծեցին Համալսարանական կրթաթոշակ-մրցանակի յանձնախումբ մը, որուն ատենապետը նշանակուեցաւ տոքթ․ Սոնա Բուչիկեան-Սարգիսեան։
Կրթանպաստի յանձնախումբը սիրով, մեծ եռանդով ու բծախնդրութեամբ առաջին անգամ ըլլալով ստեղծեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրթանպաստի ամբողջական ծրարը, որ վաւերացուեցաւ հոգաբարձութեան կողմէ։ Որոշուեցաւ եկեղեցւոյ կողմէ տարեկան հազար տոլար կրթաթոշակ-մրցանակ մը տրամադրել որեւէ համալսարանական մարզի մէջ մասնագիտացող ուսանողի մը, որ իր մասնակցութիւնը, ժամանակն ու գիտելիքը ի սպաս կը դնէ ի խնդիր համայնքային կեանքի աշխուժացման։

Սարկաւագ Սարգիսեանի խօսքով, յանձնախումբի ատենապետ տոքթ․ Սոնա Բուչիկեան-Սարգիսեան՝ ոգեւորուած այս գաղափարէն՝ եւս փափաքեցաւ հաստատելու Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Բուչիկեան ընտանիքի համալսարանական կրթանպաստ» հիմնադրամը, որով պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու երկրորդ ուսանողի մը, որ կ’ուսանի առողջապահական մարզին մէջ եւ շարունակաբար կամաւոր աշխատանք կը տանի եկեղեցւոյ եւ կամ Թորոնթոյի հայ գաղութէն ներս։

Թորոնթոհայ երիտասարդները կրնան օգտուիլ նշեալ կրթանպաստներէն, հետեւեալ պայմաններով՝
Թեկնածուն պէտք է բնակի Գանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ եւ ունենայ Գանատայի հպատակութիւն եւ կամ մնայուն բնակութեան կարգավիճակ (Permanent Residency)։

Թեկնածուն պէտք է արձանագրուած ըլլայ Օնթարիօ նահանգի համալսարանի մը մէջ, որպէս երկրորդ եւ կամ աւելի բարձր տարուայ ուսանող։

Կրթաթոշակ ստացող ուսանողներու ընտրութիւնը կը կատարուի բարձրագոյն նիշերու եւ եկեղեցւոյ/Թորոնթոյի հայ գաղութէն ներս շարունակական կամաւոր ծառայութեան հիման վրայ:

6 յունուար 2025-ին, եկեղեցւոյ Սուրբ ծննդեան ճաշկերոյթի ընթացքին, Կրթաթոշակ-մրցանակին արժանացաւ Լոռի Պէրպէրեան, իսկ «Բուչիկեան ընտանիքի համալսարանական կրթանպաստ» մրցանակին արժանացաւ Լիտիա Բասիշնիք։
Ճաշկերոյթի ընթացքին տոքթ. Սարգիսեան Կրթաթոշակի յանձնախումբին կողմէ շնորհաւորեց մրցանակ ստացողները եւ անոնց մաղթեց փայլուն ապագայ։ Ան նաեւ յայտնեց իր ուրախութիւնն ու սրտի անհուն գոհունակութիւնը, որ կը զգայ՝ ստեղծելով իր ընտանիքին հիմնադրամը, մաղթելով, որ ուրիշներ եւս՝ իրենց նուիրատուութիւններով՝ վայելեն սրտի նոյն գոհունակութիւնը։

Ս․ Աստուածածին եկեղեցին յոյս կը յայտնէ, որ եկեղեցւոյ նուիրատուութիւններուն ընթացքին գաղութին զաւակները քաջալեր կը հանդիսանան եկեղեցւոյ կրթաթոշակի ծրագիրին՝ կարելիութիւն ընծայելով հոգաբարձութեան աւելցնելու կրթանպաստ ստացողներուն թիւը ուսման այլազան մարզերէն ներս։

Կարօ սրկ․Սարգիսեան, իր հերթին կոչ կ’ընէ, որ տոքթ. Սոնա Բուչիկեան-Սարգիսեանի հիմնած «Բուչիկեան ընտանիքի համալսարանական կրթանպաստ» հիմնադրամին օրինակին հետեւելով՝ ուրիշներ եւս հիմնեն եկեղեցւոյ կրթանպաստի այլ հիմնադրամներ՝ ըլլան անոնք անհատական, ընտանեկան եւ կամ ի յուշ իրենց ընտանիքին եւ հարազատներուն։

Կրթանպաստը ներդրում է ապագայի համար, որուն տէրը այսօրուան ուսանողն է։ Մեր հնարաւորութիւններով խրախուսենք երիտասարդները կրթութիւն ստանալու եւ դերակատար ըլլալու գաղութային կեանքէն ներս։ ֎

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ:

*(ձախէն՝ աջ) Կարօ սրկ․Սարգիսեան, տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան, տոքթ․ Սոնա Բուչիկեան-Սարգիսեան, տ. Բաբգէն արք. Չարեան, տ. Գարեգին ծվ. Շխրտմեան եւ տոքթ․Գրիգոր Պէպէճեան (լուսանկարը տրամադրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին)

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

Հեռացած իմ ընկեր

Next
Next

Երեք հայքու «Թորոնթոհայ»-ին