Երեք հայքու «Թորոնթոհայ»-ին

առաւօտները
կարդացէ՛ք «Թորոնթոհայ»
Թիմ Հորթոնզի հետ

երբեք չձուլուի՛ք
«Թորոնթոհայ» կարդացէ՛ք
լաւ խաչբառ ունինք

ամիսէ ամիս
«Թորոնթոհայ» կարդացինք
տեղեակ մնացինք


Ամերիկահայ բանաստեղծ Կարին Անկողինեանը սկսած է գրել հայքուներ որպէս ընկերական ցանցերու բառային սահմանափակումներու համապատասխանելու եւ «գրողի պլոք»-ը յաղթահարելու միջոց: Անոր առաջին հատորը՝ «Հայերէն հայքու»-ն (2021), հրատարակուած է Տիռ պէտ պըքս հրատարակչատան կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի ՆԱՄԷ տպագրատան կողմէ:

Երեք հայքուները հրատարակուած են «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ: լուսանկարը՝ Կարին Անկողինեանի «Հայերէն հայքու» հատորին կողքը

Կարին Անկողինեան

Ամերիկահայ բանաստեղծ Կարին Անկողինեանը սկսած է գրել հայքուներ որպէս ընկերական ցանցերու բառային սահմանափակումներու համապատասխանելու եւ «գրողի պլոք»-ը յաղթահարելու միջոց: Անոր առաջին հատորը՝ «Հայերէն հայքու»-ն (2021), հրատարակուած է Տիռ պէտ պըքս հրատարակչատան կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի ՆԱՄԷ տպագրատան կողմէ:

Previous
Previous

Ս․ Աստուածածին եկեղեցին եւ «Բուչիկեան ընտանիքի համալսարանական կրթանպաստ» հիմնադրամը՝ քաջալերող թորոնթոհայ ուսանողին

Next
Next

Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիրի»-ն՝ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի մեկնաբանութեամբ