Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիրի»-ն՝ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի մեկնաբանութեամբ
Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակն է։ Տէրեան. անուն մը որ մտերիմը դարձած է սիրող սրտերու, ներշնչած է գրողն ու երաժիշտը։ Երբ 1908-ին «Մթնշաղի անուրջներ» խորագրին տակ լոյս կը տեսնէ իր առաջին բանաստեղծական ժողովածուն, արձագանգը չ՚ուշանար։ Ստեփան Զօրեան կը գրէ․ «Վահան Տէրեանը այն բախտաւոր հեղինակներից էր, որոնք մի առաւօտ զարթնում են յայտնի դարձած, եւ դա ոչ թէ պատահականութեան բերումով, այլ շնորհիւ իրենց մեծ տաղանդի»։ Յովհաննէս Թումանեան՝ «Դուք բանաստեղծ էք։ Դա ամենագլխաւորն է։ Դուք խօսքերի հետ չէք խաղում... Ես ուրախութեամբ ողջունում եմ Ձեր մուտքը գրական ասպարէզ, բարով եկաք.....»։ Թորոնթոյի մէջ, փետրուար 2012-ին Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրասէրներու խմբակի հաւաքներուն շարքը Վահան Տէրեանով սկսաւ։ Այդ հաւաքին մէջ արտասանուած կտորները եկած էին առաւելաբար «Մթնշաղի անուրջներ» հատորէն։ Ճիշտ տասներեք տարիներ անց, 23 փետրուար 2025-ին, դարձեալ Տէրեանն է հաւաքին նիւթը։ Լուսարձակը այս անգամ «Երկիր Նայիրի» ժողովածուն է. տասնութ քերթուածներէ բաղկացած ժողովածուն, գրուած՝ առաւելաբար 1913-1917 տարիներուն, իր զուտ ազգային խորքով ու մերթ ցաւագին, մերթ սթափեցնող տողերով, իւրայատուկ էջ մըն է վաղամեռիկ բանաստեղծին գրականութեան մէջ։
Նարեկ Գարամարտեանը հաւաքը կը բանայ Տէրեանի կողմէ Նուարդ Թումանեանին ուղղուած նամակներէն հատուածով մը, գրուած՝ 1914-ին. Նուարդ Թումանեան Յովհաննէս Թումանեանի աղջիկն էր, որուն հետ սերտ յարաբերութիւն ունէր բանաստեղծը։ «Հայրենիքի ցաւը մեզ այնպէս է ջլատում, կեղեքում, որ մենք դառնում ենք անընդունակ ուրիշ բան հասկանալու կամ անելու: Դա մի հիւանդագին սէր է, դա մի անյաղթահարելի մոլութիւն է, դրա պրիզմայով է բացւում մեր առջեւ աշխարհը։ Եւ ես երբեմն մտածում եմ, որ դա ունի իր խորին ու վսեմ իմաստը: Չէ՞ որ այսպէս իմ հոգու նման այրւում է եւ իմ երկիրը, իմ Նայիրին — գուցէ դրա համար է այրւում եւ իմ հոգին, որովհետեւ իմ հոգու մէջ նայիրեան չքնաղ հոգին է այրւում»։ Կը մտածեմ. միթէ այսօր նոյն իրավիճակին մէջ չէ՞ հայը. միթէ հայրենիքի ցաւը չէ՞ ջլատած մեզ, միթէ հիւանդագին չէ՞ մեր սէրը հանդէպ հայրենիքին։
Ռիթա Խաչոյեանը կը կեդրոնանայ հեղինակին կենսագրութեան վրայ։ Վահան Տէր Գրիգորեանը՝ գրչանունով Վահան Տէրեան, քնարերգու, թարգմանող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ էր։ Կու գար բազմանդամ եւ հոգեւորականի ընտանիքէ. նախնիները՝ Կարինէն։ Հայրը՝ Տէր Սուքիաս, Ջաւախքի Գանձա գիւղի քահանան եղած է։ Հոն լոյս աշխարհ եկած է Վահան, 1885-ին։
Ուսում ստացած է Գանձայի ծխական դպրոցին մէջ, ապա կարճ շրջան մը Ախալքալաք, յետոյ Թիֆլիս։ Հակառակ նիւթական ծանր պայմաններուն, ուսումնատենչ Տէր Սուքիասի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ Վահան ուսումը շարունակած է Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանին մէջ։ Որմէ ետք, ուսանած է Մոսկուայի եւ Ս․ Փեթերզպուրկի համալսարաններուն մէջ՝ սորվելով լեզուներ եւ գրականութիւն։
Բեղուն ստեղծագործական կեանք ունեցած է, հակառակ անոր որ թոքախտը կանուխէն բոյն դրած է մէջը եւ զայն խլած հազիւ երեսունհինգ տարեկան հասակին։ «Մթնշաղի անուրջներ»-ուն յաջորդած են «Գիշեր եւ յուշեր», «Ոսկի հեքիաթ», «Վերադարձ», «Ոսկէ շղթայ», «Կատուի դրախտ» եւ «Երկիր Նայիրի» ժողովածուները։ Ունի անտիպ գործեր եւս։
Տէրեանի երկրորդ կինը՝ Անահիտ Շահիջանեան, ուսանողուհի էր Մոսկուայի մէջ, երբ հանդիպեցան։ Տէրեանի մէջ թոքախտը բոյն դրած էր այդ տարիներուն։ Իր միակ դուստրը՝ Նուարդը, աշխարհ եկած է հօր մահէն ետք։ Ուսում ստանալէն վերջ բնակութիւն հաստատած է Երեւան։ Ամուսնացած է բանաստեղծ Գէորգ Էմինի հետ, որոնց թոռն է (եւ Տէրեանի ծոռը) գրականագէտ Գէորգ Էմին Տէրեանը։
Վահան Տէրեան լայն հասարակական-քաղաքական գործունէութիւն ունեցած է. հետամուտ եղած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած երեխաներու յիշողութիւններու հաւաքագրումին։ Գէորգ Էմին Տէրեան, 2016-ին, հրատարակութեան յանձնած է այդ որբերուն յուշերն ու վկայութիւնները «Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. Եղեռնից փրկուած հայ որբերի յուշերը» խորագիրը կրող հատորին մէջ։ Տէրեանի ծաւալուն գործունէութեան մէջ յատուկ նշանակութիւն ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի խնդրին եւ հայութեան ինքնորոշման հարցի լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը. Պոլշեւիկեան կուսակցութեան իր անդամագրութիւնը եւ Լենինի հետ յարաբերութիւնը ատոր կը վերագրուի։ Այս ուղղութեամբ տարբեր կարծիքներ կան, նաեւ փաստեր յայտնաբերուած են, որ ինք ի վերջոյ հիասթափուած եւ դուրս եկած է այդ կուսակցութենէն։
Հաւաքին մասնակիցներէն Հայկ Յարութիւնեանը կ՚անդրադառնայ Տէրեանի կեանքին յատկանշական տարիներուն, որոնցմէ է 1914 թուականը։ Այդ տարի «Մշակ» թերթին մէջ լոյս տեսած է անոր «Հոգեւոր Հայաստան» խորագիրը կրող յօդուածը։ Ըստ գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեանի, «Հոգեւոր Հայաստան»-ը եւ «Երկիր Նայիրի» ժողովածուն պէտք է տեսնել միատեղ, նոյն պարունակին մէջ։
«Հոգեւոր Հայաստան»-ի մէջ Տէրեան կ՚ըսէ. «Չկամենանք շքեղ շէնքերի հայրենիք դարձնել մեր հայրենիքը. Հոգու եւ մտքի հպարտութեամբ ճոխացնենք նրան»։ Այս տողերուն մէջ Տէրեան շեշտը նիւթեղէնէն կը տանի դէպի հոգեւորը։ Ըստ Տէրեանի, ֆիզիքական Հայաստան ունենալը, տարածքային առումով, կարելի կը դառնայ, եթէ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ կենդանի են Հայաստանը, հայկական մշակոյթը։ Իսկ թէ ինչո՞ւ երկիր Նայիրի. ըստ պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի, Նայիրին, որպէս Հայաստանի հոմանիշ, Տէրեանը բերած է հայկական իրականութիւն։
Նայիրին բանաստեղծին մտապատկերին մէջ հոգեւոր Հայաստանն է, որուն վերածնունդին խորապէս հաւատացած է բանաստեղծը։
«Երկիր Նայիրի» ժողովածուն յատուկ էջ մըն է Վահան Տէրեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ։ Ազդուած ըլլալով իր ժողովուրդին կրած տառապանքէն՝ հոն տեղ գտած կտորները էապէս ազգային են, թէեւ թախծալի բայց երբեք յուսահատական. թէեւ արիւնոտ բայց խոր հաւատքով լեցուն, հանդէպ նայիրեան երկրին։ Տէրեանի ազգային խորքը կարելի չէ տարանջատել Տէրեան գրողէն եւ հասարակական, քաղաքական գործիչէն։ Եւ այդ ազգային խորքին ցայտուն օրինակը կարելի է համարել «Երկիր Նայիրի»-ն։
Ժողովածուին տասնութ կտորները կ՚ասմունքեն Գրասէրներու խմբակի անդամներէն Հայկ Յարութիւնեան, Նարեկ Գարամարտեան, Էլենա Ֆարաճեան, Շանթ Տէօքմէճեան, Ալիք Պապօղլեան, Ռիթա Խաչոյեան. իւրաքանչիւրին մեկնաբանութիւնը ինքնուրոյն յատկութեամբ օժտուած, հեզասահ ու տպաւորիչ, մերթ ընդ մերթ բացատրականներով. իսկ «Մաճկալ ես բեզարած ես» երգին երաժշտութիւնը երիտասարդ տուտուկահար Սեյրան Ղազարեանի մեկնաբանութեամբ հարազատ երանգ մը կու տայ հաւաքին։ Հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է «Երկիր Նայիրի»-ն, տեսիլքի մը ձգտումը, հոգեւոր վերածնունդի կոչ մը, անցնելով ցաւալի ճամբաներէ, վերյիշելով մանկութիւն, տուն ու մայր ու վերջապէս զարթնումի կոչելով հայրենիքը, լուսեղէն Նայիրին։
Տէրեան անցեալին քննադատուած է. գրական որոշ շրջանակներու մէջ այդ միտքը կար, որ իր բանաստեղծութիւնը շատ վերացական է եւ որեւէ առնչութիւն չունի իր ազգին, ազգային մտահոգութիւններուն հետ։ «Երկիր Նայիրի» ժողովածուն կարծէք այդ բոլորին իբր պատասխան գրուած ըլլար։
Սեղմ վայրկեաններու մէջ համադրուած ներկայացումը, համահունչ պաստառներու օգտագործումով եւ տպաւորիչ ասմունքներով, երաժշտութեամբ, յաջողեցաւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծել, յուզել եւ խրախուսել ներկաները։ Բարձր գնահատանքի եւ ծափահարութեան արժանացաւ իւրաքանչիւր մասնակից։ Իսկ ծրագիրը առաջնորդողին համար մեծագոյն գնահատականն է տեսնել երիտասարդ սերունդ մը, որ հետաքրքրութեամբ կը մօտենայ հայ գրականութեան, կը շարունակէ ընթերցել եւ ասմունքի արուեստը վառ պահել։
Կը փակեմ՝ նշեալ ժողովածուէն 1915-ին գրուած հետեւեալ քերթուածով․
Ինչպէ՞ս չսիրեմ, երկիր իմ կիզուած
Պարզուած վերստին սրերին սուրսայր.
Ինչպէ՞ս չսիրեմ – հեզութեամբ լցուած
Դու եօթնապատիկ խոցուած Տիրամայր։
Որքան որ ելան՝ արիւնիդ ագահ,
Դու կամաւոր զոհ – բոլորը տուիր.
Դու յաւէտ եղար անարատ վկայ-
Չարերի կոխան, խաչուած իմ երկիր։
Հրկէզ քո հոգին, որպէս առատ խունկ,
Աշխարհի համար պարզեցիր անպարտ,
Հեզ ընդունեցիր երդում ու երկունք,
Դու արքայաբար վեհ ու անհպարտ։
Ժամ է, ել նորից, իմ ծիրանավառ,
Զրահաւորուիր խանդով խնդագին,
Վառիր երկունքի գիշերում խաւար
Հրով մկրտուած նայիրեան հոգին... ֎
***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 թիւին (#211) մէջ:
*լուսանկարները տրամադրած է Համազգայինի գրասէրներու խմբակը