«Նաղաշ» համոյթը Թորոնթօ կը վերադառնայ՝ նոր հնչիւններով (բայց նոյն ոգիով)

Այս ամիս` համաշխարհային ճանաչում վայելող «Նաղաշ» համոյթը (The Naghash Ensemble) դարձեալ Թորոնթօ կ'այցելէ, այս անգամ ներկայացնելու իր նոր երաժշտական ծրագիրը «Աղա Խան» թանգարանին (Aga Khan Museum) մէջ։

Հայկական ժողովրդական, դասական ու ժամանակակից երաժշտութեան եւ ճազի նորարար միաձուլումներով ծանօթ խումբը գերած է համաշխարհային հանդիսատեսը՝ «Քարնեկի» սրահէն մինչեւ Համպուրկի «Էլպֆիլհարմոնի»-ն։

Ամերիկահայ երգահան Ճան Հոտեանի ղեկավարութեամբ` համոյթին երաժշտութիւնը արմատացած է հայկական ժառանգութեան մէջ, սակայն այն մեծապէս կ'արձագանգէ միջազգային հանդիսատեսին մօտ։

Ֆիլատելֆիայէն Երեւան

Ֆիլատելֆիոյ արուարձաններէն մէկուն մէջ ծնած եւ մեծցած Հոտեան հասակ առած է երաժշտութիւնով լեցուն տան մը մէջ։ Ըստ երգահանին, հայկական մշակոյթին հետ իր կապը աւելի բնազդային էր, քան պաշտօնական։ «Հայկական միջավայրի մէջ մեծցայ, բայց իրականութեան մէջ՝ ամերիկացի տղայ մըն էի», կ'ըսէ ան` տաք սուրճը մեղմօրէն ըմպելով:

Նստած կը զրուցենք երեւանեան նոր սրճարաններէն մէկուն մէջ. ու թէեւ իր կեանքի գերակշիռ մասը այժմ Հայաստան կ’անցնէ, սակայն Հոտեանի երաժշտական պատմութիւնը այստեղ ծնունդ չէ առած:

Հոտեան իր մագիստրոսական վկայականը ստացած է Ֆիլատելֆիոյ կատարողական արուեստներու համալսարանէն (The Philadelphia College for the Performing Arts)՝ յօրինման եւ խմբավարութեան ճիղերուն մէջ։ Նաեւ քանի մը ամառներ անցուցած է Քոլորատոյի Պոլտըր քաղաքի «Նարոփա» հիմնարկին մէջ, ուր դաշնամուր եւ բնազանցական նուագ (improvisation) ուսանած է Արթ Լենտի եւ Ռալֆ Թաունըրի մօտ, ինչպէս նաեւ գրականութիւն եւ բանաստեղծութիւն՝ Ալեն Կինզպըրկի եւ Ուիլիըմ Պըրոզի հետ։

Բարձրագոյն ուսումը ստանալէ ետք ան Ֆիլատելֆիան ձգեց ու փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ուր ապրուստը կը վաստկէր ֆիլմերու եւ հեռատեսիլի համար երաժշտութիւն յօրինելով։ «Եկաւ պահ մը, երբ որոշեցի դադրեցնել ամէն ինչ եւ կեդրոնանալ միայն այն երաժշտութեան վրայ, որ իմաստալից կը թուէր ինծի», կը յիշէ Հոտեան։ Թէեւ նիւթապէս յաջողած էր եւ լաւ կ'ապրէր, բայց առեւտրային երաժշտութեան աշխարհը բաւարարութիւն չէր պատճառեր իրեն։ «Տարիներով երաժշտութիւն կը գրէի պարզապէս դրամ շահելու եւ հաշիւներս փակելու համար։ Իրական կապ չէի զգար ստեղծածիս հետ», կը խոստովանի ան։

Այս բոլորը փոխուեցաւ, երբ 2000-ական թուականներուն սկիզբը առաջին անգամ այցելեց Հայաստան։ Անմիջապէս գրաւուեցաւ երկրի երաժշտական ժառանգութիւնով: Ամէն պարագայի, ան կը դժուարանար գտնել ճիշտ նախագիծը հայկական երգաշխարհ մուտք գործելու համար։ Ի վերջոյ, ներշնչման պահ մը ունեցաւ, երբ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ լսեց սոփրանօ Յասմիկ Բաղդասարեանի չնաշխարհիկ ձայնը։ «Նման բան երբեք չէի լսած»,- հիացմունքով կը յիշէ ան,- «Հմայիչ էր, հզօր եւ խորապէս հայկական»։

Թէեւ այս փորձառութիւնը զինք նոր ուղիի մը վրայ դրաւ, սակայն ան կը զգար, որ բան մը պակաս էր: «Ճիշտ բնագիրը կը փնտռէի, բան մը որ պիտի խօսէր ինծի եւ որուն հիման վրայ կրնայի յօրինել», կ'ըսէ ան։ Երկար փնտռտուքէ ետք ան հանդիպեցաւ միջնադարեան հայ տաղերգու, նկարիչ, հասարակական–եկեղեցական գործիչ Մկրտիչ Նաղաշի տաղերուն: «Երբ կարդացի Նաղաշի խոկումները աքսորի, հաւատքի եւ գոյատեւման մասին, գիտցայ, որ փնտռածս վերջապէս գտած էի»։ Յաջորդ տասներկու տարիներու ընթացքին, ան մանրակրկիտ կերպով երաժշտութիւն յօրինեց Նաղաշի պահպանուած բոլոր տասնհինգ քերթուածներուն համար՝ զանոնք միաձուլելով տուտուկի, տհոլի, ուտի եւ դաշնամուրի հետ՝ ստեղծելով հնչիւն մը, որ թէ՛ հին կը թուէր, թէ՛ ժամանակակից։

Մանսուրեանի հաւանութիւնը եւ համոյթին յառաջխաղացքը
Երբ Հոտեան սկսաւ յօրինել «Նաղաշ» համոյթի առաջին կտորները, վստահ չէր թէ ինչպէս պիտի ընդունուէին՝ մանաւանդ հայ «մեծերուն» կողմէ։ Այս փնտռտուքին մէջ նախնական ձայնագրութիւն մը տուաւ հանրածանօթ Տիգրան Մանսուրեանին՝ Հայաստանի ամենէն յարգուած ու համբաւաւոր երգահաններէն մէկուն։ «Ան մէկն է, զոր խորապէս կը յարգեմ. անկեղծ ըսեմ՝ կը սպասէի յանդիմանուելու… կը կարծէի, թէ պիտի ըսէր որ հայկական երաժշտութիւնը կ'աղաւաղեմ», Հոտեան ծիծաղելով կը յիշէ:

Փոխարէնը, Մանսուրեանի արձագանգը դարձաւ բեկումնային պահ մը։ «Ձեռքը ուսիս դրաւ, աչքերուս նայեցաւ եւ ըսաւ․ «Սա հին Կիլիկիոյ հնչիւնն է՝ վերաստեղծուած ԻԱ. դարուն համար»»։ Այս արտայայտութիւնը այդ օրէն ի վեր դարձած է համոյթին նշանաբանը՝ երեւելով համերգային պաստառներու եւ ծանուցումներուն վրայ։

Ինչ որ սկսած էր որպէս խորապէս անձնական նախագիծ, արագօրէն թափ ստացաւ՝ զարգանալով իբրեւ լիակատար համոյթ մը՝ Հայաստանի ամենէն հմուտ երաժիշտներէ բաղկացած։ Տարիներու ընթացքին «Նաղաշ» համոյթը ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հեղինակաւոր վայրերու մէջ՝ վաստկելով համբաւ իր իւրայատուկ երգացանկով՝ միջնադարեան հայ քերթողութեան, դասական յօրինումի եւ ժամանակակից համաշխարհային երաժշտութեան ազդեցութիւններով լի։

Երգացանկի ընդլայնում՝ միջնադարեան մէկ այլ հայ բանաստեղծի բառերով

Մինչ «Նաղաշ» համոյթի վաղ շրջանի աշխատանքը կեդրոնացած էր Մկրտիչ Նաղաշի քերթուածներուն վրայ, Հոտեան վերջերս իր ուշադրութիւնը դարձուց միջնադարեան մէկ այլ հայ հեղինակի՝ Կոստանդին Երզնկացիի՝ ԺԳ.-ԺԴ. դարերու բանաստեղծ մը, որ ծանօթ է իր հոգեւոր, փիլիսոփայական եւ բնութենէն ներշնչուած ոտանաւորներով։
«Չեմ գիտեր, թէ ինչը կը շարունակէ զիս քաշել այդ ժամանակաշրջան», կ'ըսէ Հոտեան։ «Բայց լեզուին եւ թեմաներուն մէջ կայ բան մը, որ անհաւատալիօրէն արդիական կը թուի նոյնիսկ այսօր»։

Ի տարբերութիւն Նաղաշի, որուն գործերը պէտք էր մանրակրկիտօրէն հաւաքել եւ թարգմանել, Երզնկացի մեծապէս եղած է լուրջ ուսումնասիրութեան նիւթ, շնորհիւ Օքսֆորտի համալսարանի Թէօ վան Լինթի հետազօտութիւններուն։ «Նաղաշի պարագային, արխիւներու մէջ կը փորփրէի բեկորներ գտնելու համար։ Երզնկացիի պարագային բախտաւոր էի․ անոր քերթուածները արդէն թարգմանուած էին բազմաթիւ լեզուներու՝ ընդարձակ հետազօտութիւններով», կը բացատրէ Հոտեան։

«Աղա Խան» թանգարանի համերգին, «Նաղաշ» համոյթը պիտի ներկայացնէ երգափունջ մը՝ Նաղաշի քերթուածներէն եւ Երզնկացիի գործերուն վրայ հիմնուած նոր յօրինումներով։ Յատուկ այս շրջագայութեան համար գրուած կտոր մը կը հետազօտէ վերանորոգման եւ վերածնունդի թեմաներ՝ թանգարանի «Գարնանային գիշերահաւասար» ծրագրին համապատասխան։ «Ասիկա, իրականութեան մէջ, առաջին իսկապէս ուրախ կտորն է, որ ըրած ենք», կը նշէ Հոտեան՝ զայն հակադրելով աքսորի եւ տառապանքի աւելի մութ թեմաներուն, որոնք բնորոշած էին իր նախորդ աշխատանքներուն մեծ մասը։

Միջազգային համբաւ՝ հայկական ոգիով

Ի տարբերութիւն շատ մը այլ հայկական երաժշտական խումբերու, որոնք յաճախ ելոյթ կ’ունենան հայկական հանդիսատեսի առջեւ, «Նաղաշ»-ը հիմնականօրէն կը շրջագայի հայկական համայնքէն դուրս՝ ելոյթներ ունենալով համաշխարհային եւ դասական երաժշտութեան գլխաւոր փառատօներու ընթացքին։ «Մեր համերգներուն մեծամասնութիւնը ոչ-հայ հանդիսատեսի համար է», կը բացատրէ Հոտեան։ «Մեզ կը նկատեն «համաշխարհային երաժշտութեան» (World music) խումբ, բայց պատրաստութիւնս դասական յօրինումի մէջ է, ուստի նաեւ ելոյթ կ'ունենանք գլխաւոր համերգասրահներու մէջ, որոնք աւանդական դասական երգացանկէն դուրս բան մը կը փնտռեն»։

Ըստ Հոտեանի, «Նաղաշ»-ի յաջողութեան կիզակէտը իր երաժիշտներն են՝ եօթը անհատներ, որոնց արուեստը կեանք կու տայ իր յօրինումներուն։ Համոյթի երեք երգչուհիները՝ Յասմիկ Բաղդասարեանը, Տաթեւիկ Մովսիսեանն ու Շահանէ Զալեանը կը ներկայացնեն ձայնային այնպիսի ներդաշնակութիւն մը, որ կը կամրջէ հայկական ժողովրդական երգեցողութեան բնազդային զգացականութիւնն ու դասական արուեստի ճշգրտութիւնը։ «Յասմիկին ձայնն էր, որ զիս առաջնորդեց այս ճանապարհորդութեան մէջ», կը բացատրէ Հոտեան` ժպիտը դէմքին,- «Անոր ձայնին մէջ կայ հմայիչ որակ մը, խորապէս հայկական բան մը, որ միաժամանակ բոլորովին իւրայատուկ է։ Ուրիշին հետ պիտի չուզէի ընել այս գործը»։

Նուագախումբին բաժինը նոյնքան կենսական դեր կը խաղայ համոյթի հնչողութեան կերտման մէջ։ Տիգրան Յովհաննիսեանը տհոլով, Արամ Նիկողոսեանը ուտով եւ Յարութիւն Չքոյեանը տուտուկով կը բերեն այնպիսի հարստութիւն եւ կենդանութիւն մը, որ երաժշտութեան հնարաւորութիւն կու տայ տատանելու խոկումնային անդորրի եւ մղիչ ուժականութեան միջեւ։ Հոտեան, որ դաշնամուր կը նուագէ, կը յօրինէ եւ կը նօթագրէ երաժշտութեան իւրաքանչիւր մաս, ներառեալ ձայնային ներդաշնակութիւնները եւ գործիքային գիծերը։ Նոյնիսկ հարուածայինները՝ բաժին մը, ուր երաժիշտներուն սովորաբար աւելի ազատութիւն կը տրուի, ամբողջովին նօթագրուած են։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ երաժիշտները անպայման կը հետեւին նօթաներուն։ «Տիգրանը [Յովհաննիսեան] կ'առնէ իմ գրածս եւ կը վերածէ անկէ շատ աւելի բարձր բանի մը»,- կ'ըսէ Հոտեան,- «Ան կշռոյթի եւ ուժականութեան անհաւատալի բնազդ ունի»։

Արդիւնքը այնպիսի հնչողութիւն մըն է, որ թէ՛ խորապէս արմատացած է հայկական աւանդութեան մէջ, թէ՛ համարձակօրէն ժամանակակից է, ուր իւրաքանչիւր երաժիշտ կ'աւելցնէ իր սեփական մեկնաբանութիւնը, եռանդն ու հմտութիւնը՝ կեանք տալով Հոտեանի յօրինումներուն։

Անգամ մը եւս՝ Թորոնթօ

Հոտեան ջերմ յիշատակներ ունի անցեալ տարուան ելոյթէն, որ տեղի ունեցած էր Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ եւ հովանաւորուած էր Գանատայի Հայոց առաջնորդարանին կողմէ։ «Թորոնթոյի հայ համայնքը զիս լիովին ապշեցուց», կ'ըսէ ան։ «Զոյգ կեդրոնները պարզապէս ընկերային հաւաքատեղիներ չէին. իրական համայնք մըն է խոր ենթակառուցուածքով, դպրոցով եւ հաստատութիւններով։ Այդ չափազանց տպաւորիչ էր»։

Այս տարուան համերգը «Աղա Խան» թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ առաջարկելով նոր միջավայր մը իրենց երաժշտութեան համար։ ««Աղա Խան» թանգարանը նուիրուած է իսլամական արուեստին եւ մշակոյթին, սակայն թանգարանի պատասխանատուները շատ բաց եւ ընդունող եղած են», կ'ըսէ Հոտեան։ «Պատշաճ է, որովհետեւ այն քերթողութիւնը որուն հետ կ'աշխատինք, յատկապէս Երզնկացիինը, կու գայ ժամանակաշրջանէ եւ վայրէ մը, ուր տարբեր մշակոյթներ, լեզուներ ու կրօններ խորապէս միահիւսուած էին»։

Հանդիսատեսներուն համար, համերգը կը ներկայացնէ հազուագիւտ առիթ մը՝ ականատես ու ունկնդիր ըլլալու «Նաղաշ» համոյթի երաժշտութեան զարգացման։ Հին եւ նոր յօրինումներու համադրումով, ներառեալ Երզնկացիէն ներշնչուած կտորին առաջնախաղը, ելոյթը պիտի ընդգծէ համոյթի շարունակական ճամբորդութիւնը, որ կը կամրջէ անցեալն ու ներկան, Հայաստանն ու աշխարհը։

Համերգը տեղի պիտի ունենայ 29 մարտին՝ «Աղա Խան» թանգարանի «Նանճի» ընտանեկան հիմնադրամի համերգասրահին մէջ: Տոմսերու տեղեկութեանց համար այցելեցէ՛ք մեկնաբանութիւններու բաժնի մէջի յղում(ներ)ը: ֎

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ:

*լուսանկարը տրամադրած է «Նաղաշ» համոյթը

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Previous
Previous

Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիրի»-ն՝ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի մեկնաբանութեամբ

Next
Next

Մատլէն Սահակեան արժանացաւ Չարլզ Գ. թագաւորի «Թագադրութեան մետալ»-ին