Մատլէն Սահակեան արժանացաւ Չարլզ Գ. թագաւորի «Թագադրութեան մետալ»-ին

Կիրակի, 26 յունուար 2025-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Kennedy Convention կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային ծառայութեան նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն-արարողութիւն մը, երբ Թորոնթոյի յարգուած եւ ծանօթ ազգայիններէն Մատլէն Սահակեան, ձեռամբ Գանատայի խորհրդարանի երեսփոխան Սալմա Զահիտի (Member of Parliament – Scarborough Centre), պատուուեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորի «Թագադրութեան մետալ»-ով (Coronation Medal): Խորհրդարանի անդամ Սալմա Զահիտ շնորհաւորեց տիկ. Սահակեանը եւ ըսաւ. «Մատլէնը մշակութային դեսպան է, որ վերջին քսանհինգ տարիներու ընթացքին եղած է կամաւոր եւ աջակցած է հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան, ինչպէս՝ Բանաստեղծութեան հիմնադրամի հիմնումը եւ բեմադրութիւններու, երաժշտական ներկայացումներու եւ ասմունքներու միջոցով կազմակերպած դրամահաւաքները»:

Կիրակի, 2 փետրուար 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր հովիւի օգնական տ. Հայարի քհն. Թանաշեան: Յաւարտ սուրբ պատարագի, թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի, ծխական խորհուրդի եւ եկեղեցւոյս ընտանիքի անունով՝ իր ջերմագին շնորհաւորանքն ու բարի մաղթանքները փոխանցեց Մատլէն Սահակեանին եւ Առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ անոր շնորհեց առաջնորդարանի Ա. կարգի «Ս. խաչ» մետալը, առ ի գնահատանք հայոց մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանին իր երկարամեայ ծառայութեան համար: Արարողութեան աւարտին տիկ. Սահակեան ասմունքեց բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածը:

Պատիւս արժանաւորաց: ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ:

* լուսանկարները տրամադրած է Մատաթ Բ․ Մամուրեանը

Previous
Previous

«Նաղաշ» համոյթը Թորոնթօ կը վերադառնայ՝ նոր հնչիւններով (բայց նոյն ոգիով)

Next
Next

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք տեղի ունեցաւ հայ գերիներու ազատութեան համար