Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք տեղի ունեցաւ հայ գերիներու ազատութեան համար

Չորեքշաբթի, 5 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք կատարուեցաւ հայ գերիներու ազատութեան համար:

Աղօթքը տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութեան ընթացքին, մասնակցութեամբ` Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեանի, եկեղեցւոյ օգնական հովիւ տ. Հայարի քհն. Թանաշեանի եւ սարկաւագաց դասին, Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Եղիա ծվ. Գիրէջեանի եւ տ. Հայկ քհն. Շահինեանի, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի: Աղօթքին մասնակցեցաւ նաեւ Թորոնթոյի միջյարանուանական մարմինի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան:

Պատգամաբեր տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան իր խօսքի ընթացքին բացատրեց ազատութեան իսկական էութեան մասին՝ ազատութիւն մը, որ կու գայ հաւատքով եւ Աստուծոյ հետ խոր կապով: Ան խորհուրդ տուաւ, որ միասնական, յուսալից եւ համերաշխ մնանք ու վստահինք, որ հաւատքի միջոցով միայն կը գտնենք ճշմարիտ ազատագրումը:

Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ քսաներեք հայ գերիներ կը պահուին, անոնց շարքին են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 19-20 սեպտեմբեր 2023-ին կատարուած ռազմական յարձակման հետեւանքով գերեվարուած տասնվեց անձեր:

Գերեվարուածներու շարքին են Արցախի ութ պետական եւ զինուորական պաշտօնեաներ` նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան: ֎

*լուսանկարները՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Մատլէն Սահակեան արժանացաւ Չարլզ Գ. թագաւորի «Թագադրութեան մետալ»-ին

Next
Next

Համազգայինի զարգացման մրցոյթը հայկական բազմաշերտ մշակոյթի մասին գիտելիքներ կը փոխանցէ