Համազգայինի զարգացման մրցոյթը հայկական բազմաշերտ մշակոյթի մասին գիտելիքներ կը փոխանցէ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, կիրակի, 26 յունուար 2025-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զարգացման մրցոյթ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ութ եռանդամ խումբեր։

Մրցոյթին գլխաւոր նպատակը հայկական բազմաշերտ մշակոյթի մասին գիտելիքներու փոխանցումն էր։

Մասնակցութեան առումով՝ երեւոյթը խրախուսիչ էր։ Խանդավառ հանդիսատեսներու ներկայութեան, ութ կլոր սեղաններու շուրջ համախմբուած ներկայացուցիչները անհամբեր կը սպասէին հարցումներուն։ Երկար ատենէ ի վեր Համազգայինը նման մրցոյթ չէր կազմակերպած. նախորդող դէմ առ դէմ միջմիութենական զարգացման մրցոյթը աւելի քան տասնամեակ մը առաջ էր, իսկ առցանց մրցոյթը՝ համաճարակի օրերուն։

Սրահի դասաւորումէն ետք, Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Ռիթա Խաչոյեան մրցոյթին բացումը կատարեց, պաստառի վրայ ցուցադրուող մրցոյթին օրէնքները բացատրեց, ապա ծայր առաւ հարցումներու շարքը։

Հարցումները բաժնուած էին զանազան գլուխներու, ներառեալ՝ լեզու, գրականութիւն, հրատարակութիւն, երգ-երաժշտութիւն, պարարուեստ, գեղանկարչութիւն-մանրանկարչութիւն, քանդակագործութիւն եւ պատմութիւն։ Իւրաքանչիւր հարցում պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ, նաեւ կարդացուեցաւ. ապա մասնակիցները երեսուն երկվայրկեան ետք զանգին հետ իրենց պատասխանները՝ տրամադրուած գրատախտակներուն վրայ գրեցին եւ ներկայացուցին։

Մրցոյթը մէջ ընդ մէջ վարեցին Գրական յանձնախումբի անդամները՝ Ռիթա Խաչոյեանը, Արմինէ Թորիկեանը, Շողեր Ճելլատեանը, Թամար Տօնապետեանը։ Մրցոյթի ընթացքին իրենց օժանդակութիւնը բերին Հայկ Յարութիւնեանն ու Անուշ Յարութիւնեանը՝ պաստառի վրայ հարցումները հեզասահ ցուցադրելով եւ մեծ եռոտանիի վրայ զետեղուած թղթածրարին վրայ նիշերը հաւաքագրելով։

Իւրայատուկ երեւոյթ էր կենդանի ներկայացումներու ներմուծումը։ Ասմունքներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի գրասէրներու խմբակէն Մոսիկ Տանատեանը՝ Վազգէն Օվեանի «Հայրենիք» բանաստեղծութեան մեկնաբանութեամբ եւ Լարա Տէր Մինասեանը՝ Լեւոն Շանթի «Ես պատրանքը սիրեցի» քերթուածէն հատուածի մը մեկնաբանութեամբ։

Մրցոյթը բաց էր համայնքին. քաջալերուած էր տասնվեց տարիքէն վեր անհատներու մասնակցութիւնը։ Մրցոյթի օրը իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցին (Կարօ Սարգիսեան, Տարօն Հալլաճեան, Մանօ Ճենանեան), Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը (Ասիկ Տէր Մինասեան, Սարինէ Սարգիսեան, Ռիթա Խանջարեան-Մովսիսեան), ՀՅԴ-ԳԵՄ «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղը (Արմէն Մարտիկեան, Մինաս Վերտանեան, Անդրանիկ Մինասեան), Համազգայինի գրադարան-գրատարածի յանձնախումբը (Սօսի Թաշճեան, Նայիրի Համբարեան, Լուսին Մանկասարեան), ՀՅԴ-ԳՊՄ «Քրիստափոր» խումբը (Աւետիս Գրճիքեան, Արազ Չարշաֆեան, Թերեզա Պէրպէրեան), Համազգայինի գրասէրներու խմբակը (Լոռի Պէրպէրեան, Արազ Տանայեան, Ալեք Օլթաճեան), ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը (Հուրիկ Եղիազարեան, Նաթալի Մելքոնեան) եւ երեք ընկերուհիներ, որոնք միատեղ գալով, մրցոյթին առթիւ կազմեցին «Սարդարապատ» խումբը՝ յանձինն Թալին Խաչոյեանի, Մարինա Խաչոյեանի եւ Զապէլ Պէպէճեանի։

Աւարտին, բոլոր մասնակիցները հայերէն գիրք ստացան. գիրքերը՝ Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանէն։ Ա., Բ., Գ. մրցանակներուն արժանացող խումբերը ստացան նաեւ մրցանակագիր։ Աւելին՝ Ա. մրցանակին արժանացած խումբին անդամները պիտի ստանան Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի կամ «Էրեբունի» պարախումբի յառաջիկայ ելոյթէն հրաւիրատոմսեր:

Մրցոյթի աւարտին, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ մրցանակներուն արժանացան յաջորդաբար՝ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ խումբը, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի խումբը եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը։

Պէտք է ըսել, որ երկու ժամ տեւողութեամբ մրցոյթը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց հանդիսատեսներուն մօտ եւ աշխուժ մասնակցութիւն՝ խումբերուն։ Աւարտին, շնորհաւորանքներէն անդին, թէ՛ ներկաները, թէ՛ մասնակցող խումբերը յոյժ գնահատելով մրցոյթին կարեւորութիւնը, նպատակն ու բովանդակութիւնը, փափաք յայտնեցին, որ յետայսու տարեկան հերթականութեամբ կազմակերպուի։

Կը գիտակցինք, որ զարգացման մրցոյթ մը ինքնին մէկ օրուան մէջ իրավիճակ չի փոխեր, սակայն մտածուած, նպատակադրուած քայլ մըն էր, որ առնուեցաւ։ Արձագանգը մեծագոյն փաստն է, որ մրցոյթը հասաւ իր նպատակին՝ իրազեկ դարձնել, գիտակցութիւն եւ հետաքրքրութիւն արթնցնել հայկական մշակոյթի մասին։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը մեկնելով մրցոյթին յաջողութենէն յառաջիկայ յունուարին պիտի ծրագրէ յաջորդը։ Արձանագրութիւնը բաց կը յայտարարենք։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ:

*լուսանկարները՝ Արա Յարութիւնեանի

Previous
Previous

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք տեղի ունեցաւ հայ գերիներու ազատութեան համար

Next
Next

Թորոնթոյի մէջ յատուկ աղօթք պիտի կատարուի հայ գերիներու ազատութեան համար