Թորոնթոյի մէջ յատուկ աղօթք պիտի կատարուի հայ գերիներու ազատութեան համար

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Չորեքշաբթի, 19 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք պիտի կատարուի հայ գերիներու ազատութեան համար: Աղօթքը տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութեան ընթացքին. պատգամաբերն է Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան:

Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ քսաներեք հայ գերիներ կը պահուին, անոնց շարքին են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 19-20 սեպտեմբեր 2023-ին կատարուած ռազմական յարձակման հետեւանքով գերեվարուած տասնվեց անձեր:

Գերեվարուածներու շարքին են արցախեան ութ պաշտօնեաները` նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«Կոչ կ'ուղղենք թորոնթոհայութեան միասնաբար աղօթելու մեր սիրելի հայորդիներու ազատութեան համար», եկեղեցին կը յայտնէ յատուկ հաղորդագրութիւնով մը:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Համազգայինի զարգացման մրցոյթը հայկական բազմաշերտ մշակոյթի մասին գիտելիքներ կը փոխանցէ

Next
Next

Ուշադրութի՜ւն