Ուշադրութի՜ւն
Սիրելի ընթերցող,
Անցեալ ամիս, բոլորովին անսպասելի նամակ մը ստացանք, որ մեզի կը տեղեկացնէր, թէ մեր երկարամեայ տպարանը, որուն հետ գործակցած ենք շուրջ քսան տարի, իր գործունէութիւնը կը դադրեցնէ:
Երախտապարտ ենք իրենց հետ երկարատեւ գործակցութեան համար եւ բարձր կը գնահատենք իրենց տարիներու ընթացքին մատուցած ծառայութիւնը, սակայն այս անակնկալ լուրը մեզ իսկապէս դժուարին կացութեան մատնեց:
Թէեւ հազարաւոր օրինակներ կը տպենք եւ զանոնք ձեզի ձրիաբար կը տրամադրենք, «Թորոնթոհայ»-ը համեմատաբար փոքր թերթ մըն է: Իսկ այսօր՝ տպագրութեան ասպարէզին մէջ տիրող պայմաններուն տակ, երբ խոշոր հաստատութիւնները իշխող դիրք ունին, փոքր եւ անկախ հրատարակութիւններու համար օր ըստ օրէ աւելի կը դժուարանայ գտնել այնպիսի տպարան մը, որ համեմատաբար փոքր տպաքանակով թերթերու հետ կը համագործակցի:
Այս իրավիճակը մեզի պարտադրեց արագօրէն գործի լծուիլ՝ գտնելու համար նոր տպարան մը, որ կը համապատասխանէ մեր պահանջներուն՝ որակի, մատչելիութեան եւ գործնական տեսակէտներէ։ Երկար որոնումներէ ետք, ուրախ ենք յայտնելու ձեզի, որ ապահոված ենք նոր տպագրական գործընկեր մը։
Որպէս միանգամեայ բացառութիւն, «Թորոնթոհայ»-ի մարտ ամսուան տպագիր թիւը հասանելի պիտի ըլլայ գալ շաբաթ, ո՛չ ամսուան առաջին օրը, ինչպէս սովորաբար կ'ըլլայ. թերթին առցանց տարբերակը պատրաստ կ’ըլլայ ամսուան առաջին օրը (վաղը)՝ ինչպէս միշտ:
Կրնայ պատահիլ որ տպագիր թերթի որակի մէջ նշմարէք որոշ տարբերութիւններ. ամէն պարագայի, մեր լաւագոյնը կ’ընենք յաղթահարելու ծագած դժուարութիւնները: Այս անցումները ժամանակ կը պահանջեն, բայց վստահ եղէք, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք հեզասահ արդիւնք մը ապահովելու համար։
Կը վստահեցնենք ձեզի, որ «Թորոնթոհայ»-ը կայ ու կը մնայ: Լաւատես ու խանդավառ ենք ապագայով՝ ոչ միայն մեր տպագիր գործունէութեան շարունակութեան, այլ նաեւ մեր թուային հարթակներու ընդարձակման առումով։ Շուտով պիտի գործարկուի մեր նոր կայքէջը, ելեկտրոնային լրատուն եւ այս բոլորը կը զուգադիպին մեր 20-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն հետ։ Կարեւոր նորութիւններ կը սպասուին, եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք զանոնք ձեզի հետ բաժնեկցելու։
Շնորհակալութիւն ձեր համբերութեան, զօրակցութեան եւ բոլոր դժուարութիւններու ընդմէջէն մեր կողքին կենալու համար։
Միշտ սիրով՝
Ռուբէն Ճանպազեան
Խմբագիր
—————————————————————————————————————————————————————
Dear Readers,
Last month, completely out of the blue, we received news that our longtime printing partner was shutting down.
To say this was short notice would be an understatement. We had no advance warning, no heads-up—just a sudden announcement that we now have only a few short weeks to secure a new printer before they shut down for good. While we are grateful for the many years we’ve worked with them and appreciate the service they've provided, this unexpected news has put us in a challenging position.
This meant we had to act fast to find a new printer that met our needs in terms of quality, affordability, and logistics.
Though we print thousands of copies and distribute them for free, Torontohye is still considered small compared to the big newspapers. And in today's print economy, where large-scale operations dominate, it has become increasingly difficult for publications like ours to find printers that can accommodate our needs.
After much searching, we're happy to share that we've secured a new printing partner.
As a one-time exception, this month's print edition will be available next week rather than on the first of the month as usual. You may notice some differences in quality as we work out the kinks—these transitions take time—but rest assured, we're on it.
But we remain committed to print—and to growing digitally as well. We're launching a brand-new website soon, along with an email newsletter, and all of this comes as we prepare to celebrate our 20th anniversary this year. Big things are on the horizon, and we can't wait to share them with you.
Thank you for your patience, your support, and for sticking with us through thick and thin.
With gratitude,
Rupen Janbazian