Պապիկեան կրկին վերընտրուեցաւ

Նահանգապետ Տակ Ֆորտի Յառաջդիմական պահպանողական կուսակցութիւնը երրորդ անգամ ըլլալով մեծամասնութիւն կը շահի Օնթարիոյի մէջ

«Թորոնթոհայ»–Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ, Յառաջդիմական պահպանողական  կուսակցութեան (Progressive Conservative Party of Ontario – Ontario PC) թեկնածու, թորոնթոհայ Արիս Պապիկեան պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց՝ երրորդ անգամ ընտրուելով Սքարպորօ-Էյեճընթքորթի շրջանի երեսփոխան, 27 փետրուարի նահանգային ընտրութիւններուն: Յառաջդիմական պահպանողական կուսակցութիւնը, նահանգապետ Տակ Ֆորտի ղեկավարութեամբ, յաջողեցաւ պահպանել մեծամասնութիւն Նահանգային խորհրդարանին մէջ:

Պապիկեան իր յաղթանակի հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Metropolitan Centre սրահէն ներս, վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու համայնքին զարգացման ի նպաստ իր աշխատանքները: «Սքարպորօ-Էյճընթքորթը ներկայացնելը պատիւ է, որ զիս կը ներշնչէ ամէն օր», ըսաւ Պապիկեան:

Նախընտրական արշաւի ընթացքին, Պապիկեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր առողջապահութեան, հանրային փոխադրամիջոցներու եւ համայնքային ծառայութիւններու բարելաւման: Ան խոստացած էր շարունակել իր ջանքերը կեցաղային ծախսերու թեթեւացման եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ուղղութեամբ:

Երեսփոխան Պապիկեանի ընտրապայքարը ստացաւ զօրակցութիւնը  Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձուներուն, ինչպէս նաեւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու:

Նախընտրական շրջանին, Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Քաթիա Տէր Յովակիմեան «Թորոնթոհայ»-ին յայտնած էր հետեւեալը. «Հայկական ներկայացուցչութիւնը կարեւոր է…հպարտ ենք տեսնելով մեր համայնքի անդամը եւ մեր դատին անխոնջ պաշտպանը՝ Արիս Պապիկեանը, քաղաքացիական կեանքին մէջ աշխուժօրէն ներգրաւուած»:

2018-էն ի վեր, Պապիկեան կարեւոր դեր խաղցած է իր ընտրատարածքին համար՝ զանազան ծրագիրներու համար ֆինանսաւորում ապահովելու գործին մէջ: Ան օգնած է ստանալու ֆինանսաւորում Պրայտըլթաուն թաղամասի կեդրոնին համար, ընդլայնած է GO Train գնացքի ծառայութիւնները եւ պաշտպանած է Սքարպորօ առողջապահական ցանցի հիւանդանոցներու վերակառուցման ծրագիրները: Անոր ջանքերը կեդրոնացած են նաեւ ընտանիքներու ծախսերը նուազեցնելու վրայ՝ աջակցելով ինքնաշարժներու վառելանիւթի հարկի կրճատման, ինքնաշարժներու համարանիշերու կպչուկի վճարներու վերացման եւ One Fare ծրագիրի ընդլայնման նախաձեռնութիւններուն, որոնք հանրակառքի ուղեւորներուն կ՚ապահովեն տարեկան մինչեւ հազար վեց հարիւր տոլարի խնայողութիւն:

Նախընտրական արշաւի վերջին շաբաթներուն, նահանգապետ Ֆորտ ինքզինք ներկայացած էր որպէս միակ թեկնածուն, որ պատրաստ էր դէմ կանգնելու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Գանատայի դէմ նոր մաքսեր սահմանելու սպառնալիքներուն։ «Մենք գործարարութեան համար բաց ենք, բայց շահագործման համար՝ ոչ»,-յայտարարած էր ան: Ան նաեւ խոստացած էր արագացնել Շեփըրտ մեթրոյի արեւելեան մասի ընդլայնման շինարարութիւնը եւ  յայտարարած, որ  401 մայրուղիի արեւելեան երթեւեկութեան գօտիները կը վերակառուցէ եւ կը բարելաւէ: 

Իր երրորդ՝ մեծամասնութեան յաղթանակէն անմիջապէս ետք, Ֆորտ այժմ կը դիմագրաւէ իր մեծագոյն փորձութիւնը՝ խօսքերը վերածելու Օնթարիոյի տնտեսութիւնը իրապէս պաշտպանող գործողութիւններու։

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Ուշադրութի՜ւն

Next
Next

Նամակներ՝ խմբագիրին (փետրուար 2025-ի թիւ)