Նամակներ՝ խմբագիրին (փետրուար 2025-ի թիւ)

Սիրելի խմբագիր,

Մեծապէս տպաւորուեցայ Սալբի Սաղտըճեանի՝ Արեւիկ Վարդանեանի հետ վարած հարցազրոյցով: Ոգեւորիչ է կարդալ, թէ ինչպէս երիտասարդ սփիւռքահայ մը իր ծննդավայր Հայաստան վերադառնալով կը գործէ մեր հայրենիքի զարգացման ի նպաստ:

Շնորհակալութիւն այս հարցազրոյցին համար, որ լաւապէս կը ներկայացնէ թէ ինչպէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը կրնայ դրական փոփոխութիւն բերել մեր հայրենիքին:

Արեւիկին յառաջադէմ մտածելակերպը եւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւնները, ինչպէս՝ Lemonade Fashion-ն ու «Լայն»-ը, ցոյց կու տան, թէ Հայաստանի զարգացման համար որքան կարեւոր են սփիւռքահայ երիտասարդներու մասնակցութիւնն ու նորարար մտածելակերպը:

Թորոնթոյի հայ գաղութը պէտք է հպարտանայ որ մեր քաղաքին մէջ մեծցած երիտասարդը այսօր կը գործէ հայրենիքի մէջ՝ նպաստելով անոր զարգացման:

«Հայաստանը միայն հանգստի վայր չէ, այլ երկիր է, որտեղ շատ գործ կայ անելու». Արեւիկին այս խօսքը պէտք է ոգեշնչէ բոլորիս: ֎

Սիրով`
Ընթերցող մը

***

Խօսակցութեան մասնակցեցէ՛ք: «Թորոնթոհայ»-ին մէջ ձեր կարդացած յօդուածներէն մէկը ձեր ուշադրութիւնը գրաւե՞ց: Ձեր կարծիքները, մտահոգութիւնները, գնահատութիւններն ու քննադատութիւնները բաժնեցէ՛ք. նամակ մը գրեցէ՛ք մեր խմբագիրին (rupen@torontohye.ca ե-հասցէին): Թերեւս ձեր գրութիւնը հրատարակենք յաջորդ թիւին մէջ:

Join the conversation! Did an article in Torontohye strike a chord, challenge a viewpoint, or inspire new thoughts? We’d love to hear how our stories resonate with you—whether it’s a topic you’re passionate about, a memory it brings up, or a perspective you’d like to share. Write to our editor at rupen@torontohye.ca; your letter might be featured in an upcoming issue.

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Պապիկեան կրկին վերընտրուեցաւ

Next
Next

Asking Victoria Rowe et al. What does it take to research Armenian studies