«Արեան կանչը». յիշատակի եւ յոյսի միասնական արիւնատուչութեան արշաւ
լուսանկարը՝ Նուիէն Հիէփի
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին, Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան (ACMAO - Armenian Canadian Medical Association of Ontario) եւ Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի համատեղ կազմակերպութեամբէ տեղի պիտի ունենայ Blood for Memory խորագրով արիւնատուչութեան արշաւը։
Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, այս նախաձեռնութիւնը կու գայ վերահաստատելու հայ ժողովուրդի կենսունակութիւնը։ ACMAO անդամներ տոքթ. Անի Հասըրճեան եւ տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան՝ «Նոր hայ hորիզոն»-ի հաղորդավար Քաթիա Տէր Յովակիմեանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, պարզաբանեցին ձեռնարկին խորհուրդն ու մանրամասնութիւնները։
Արեան տուչութեան այս իւրայատուկ գաղափարը ծնունդ առած էր 2015-ին՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, Զուիցերիոյ հայ երիտասարդութեան կողմէ։ Նպատակն էր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու թափուած արեան դիմաց, իբրեւ կենդանի յիշատակ եւ մարդասիրական քայլ, արիւն նուիրել համայն մարդկութեան՝ փրկելու նոր կեանքեր։
Թորոնթոյի հայ գաղութը այդ օրերուն նոյնպէս մեծ խանդավառութեամբ միացած էր այս շարժումին։ Տոքթ. Հասըրճեան յուզումով յիշեց 2015 ապրիլ 12-ի այդ պատմական օրը, երբ Հայ կեդրոնի դռները բացուեցան արեան տուչութեան համար՝ համայնքային միասնական ոգիով։ Այդ օրուան առաջին նուիրատուները եղած էին Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին արտակարգ եւ լիազոր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանն ու իր երկու որդիները, որոնք իրենց օրինակով բացին տուչութիւնը։
«Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին որդեգրուեցաւ «Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը. մեր փափաքն է, որ այդ կարգախօսը նաեւ շարունակուի այս օրերուն... որպէս գանատահայեր, յատկապէս որպէս թորոնթոհայեր, ունինք միջյարանուականակ, միջկուսակցական եւ միջմիութենական համագործակցութիւն ու մեր բոլոր ձեռնարկները, որ մենք կը կազմակերպենք միասնական ոգիով կը կազմակերպենք: Եկէ՛ք բոլորս ալ լաւ օրինակ հանդիսանանք բոլորին՝ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի տարաքին՝ այս միասնական ոգին տարածելու», նշեց Հասըրճեան՝ աւելցնելով, որ այս տարուան թիրախն է ունենալ նուազագոյնը 111 նուիրատու։
Այս տարուան արշաւը ունի նաեւ իր յատուկ նախաձեռնողները։ Որպէս յարգանքի տուրք եւ շարունակականութեան նշան, օրուան առաջին նուիրատուն պիտի ըլլայ ACMAO-ի հիմնադիրներէն եւ առաջին նախագահ տոքթ. Ժիրայր Թռնամեանը. թորոնթոհայ բժիշկին պիտի յաջորդէ իր եղբօրորդին ու միութեան ներկայ նախագահը՝ տոքթ. Քրիստիան Թռնամեանը։
Արիւնարշաւը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11-էն կ.ե. ժամը 4:30, Վաունի Canadian Blood Services-ի կեդրոնին մէջ (200 Windflower Gate, Woodbridge)։
Կազմակերպիչները յատուկ փոխադրակառքեր (shuttle bus) պիտի տրամադրեն Հայ կեդրոնէն (45 Hallcrown Place) դէպի արեան տուչութեան վայր՝ սկսեալ ժամը 11-էն, իւրաքանչիւր ժամադրութեան համար։
Տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան անդրադարձաւ նուիրատուութեան խստապահանջ պայմաններուն՝ նշելով, որ թեկնածուն պէտք է ամբողջացուցած ըլլայ իր 17 տարիքը, իսկ 17-էն 23 տարեկաններու պարագային կը գործէ կշիռքի յատուկ սահմանափակում։ Ընդհանուր առմամբ, նուիրատուները պէտք է ըլլան 50 քիլոկրամէն աւելի։ Բժիշկը շեշտեց, որ թեկնածուները նախորդ երեք շաբթուան ընթացքին պէտք չէ ճամփորդած ըլլան, յատկապէս մալարիայի վտանգ ունեցող երկիրներ, ինչպէս նաեւ վերջին երեք ամիսներուն պէտք չէ կատարած ըլլան դաջուածք կամ օղերու ծակումներ։ Յղի կիներուն չի թոյլատրուիր մասնակցիլ մինչեւ ծննդաբերութենէն վեց ամիս ետք, նաեւ պարտադիր է զերծ ըլլալ արեան վարակներէ կամ հիւանդութիւններէ։ Դեղորայք ընդունողներուն համար ան պարզաբանեց, թէ թէեւ դեղերու մեծ մասը արգելք չեն, սակայն արեան տուչութեան կեդրոնին մէջ պիտի գտնուի բուժքոյր մը, որուն կարելի է դիմել յատուկ հարցումներով։
Տուչութեան թեկնածուները պէտք է նախապէս արձանագրուին առցանց տարբերակով։ Գաղութի տարբեր կեդրոններուն եւ եկեղեցիներուն (եւ այս էջին մէջ) մէջ արդէն իսկ զետեղուած են արշաւի ծանուցումները, որոնց վրայ գտնուող QR քոտի միջոցով կարելի է ուղղուիլ դէպի պաշտօնական կայքէջը։ Արձանագրութեան ընթացքին թեկնածուները պիտի պատասխանեն ինը հիմնական հարցումներու, որոնք կը պարզեն անոնց համապատասխանութիւնը (eligibility) արիւնատուութեան չափանիշներուն։
Կազմակերպիչները կը թելադրեն նախօրոք արձանագրուիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լաւ ձեւով դասաւորել ժամերը եւ նախնական գաղափար ունենալ իւրաքանչիւր ժամու ներկայացող նուիրատուներու թիւին մասին։ Թէեւ կարելի է նաեւ անձնական ինքնաշարժներով ուղղուիլ դէպի Վաունի կեդրոն, սակայն համայնքային միասնական մթնոլորտը պահելու եւ երթեւեկը դիւրացնելու համար՝ խորհուրդ կը տրուի օգտուիլ Հայ կեդրոնէն մեկնող յատուկ հանրակառքերէն։
Տոքթ. Պէպէճեան յորդորեց գաղութի բոլոր շերտերուն միանալ այս բարի նպատակին. այդ մէկ ժամը, զոր պիտի տրամադրենք, ըստ բժիշկին, «Հայու արեան շարունակականութիւնը պահպանելու եւ այդ թափուած արեան մէջէն ճողոպրած սերունդներով տակաւին ապրեցնելու» խորհուրդը ունի Գանատայի հասարակութեան մէջ։
Բժիշկները հաստատեցին, արեան տուչութիւնը վեհ նպատակ եւ գործողութիւն է եւ բոլոր անոնք, որոնք կարողութիւնը ունին արիւն տալու մասնակցին այս գեղեցիկ նախաձեռութեան: «Երբեմն կը կարծենք, թէ միայն բժիշկները կրնան կեանքեր ազատել, բայց մենք ալ այդ կարողութիւնը ունինք», եզրափակեց տոքթ․ Հասըրճեան: