Անդամակցելով «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան՝ կ’օժանդակէք կրթութեան եւ ապագայի կերտման

զրոյց՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան յանձնախումբի անդամներ Անի Օհանեանի եւ Հուրի Նաճարեանի հետ

Կրթութիւնը ազգի գոյատեւման եւ շարունակութեան ամենահաստատ սիւներէն մէկն է։ Այդ գիտակցութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) տարիներէ ի վեր իր կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը դարձուցած է հայեցի կրթութեան պահպանումն ու զարգացումը՝ տարբեր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով։

Այս ծիրէն ներս յատուկ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութիւնը, որ երկար տարիներէ ի վեր իր նուիրումով կը սատարէ կրթական կեանքին՝ օժանդակելով վարժարաններուն, ուսանողներուն եւ կրթական զանազան ծրագիրներուն։

Այս առիթով զրուցեցինք «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան յանձնախումբի անդամներ Անի Օհանեանի եւ Հուրի Նաճարեանի հետ՝ ծանօթանալու խմբակցութեան գործունէութեան, նպատակներուն եւ ապագայի տեսլականին։


«Թորոնթոհայ»- Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու բերումով հիմնուեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութիւնը։

Հուրի Նաճարեան- Հայ օգնութեան միութեան Գանատայի շրջանային վարչութեան «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութիւնը հաստատուած է 1991-ին, Գանատան առանձին շրջան դառնալէն ետք եւ երեսունհինգ տարիներ շարունակաբար սատար հանդիսացած է Գանատայի հայկական վարժարաններուն ու կրթական զանազան ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ կրթաթոշակներու միջոցաւ զօրակցած է մեր հայ վարժարաններուն եւ անոնց տուած հայեցի կրթութեան, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն ուսման։

«Սիրտէ սիրտ» խմբակցութիւնը կամուրջ մըն է, որ կը միացնէ սրտերը եւ կը կերտէ ապագան։ Ամէն նուիրատուութիւն կը դառնայ լոյս՝ կրթութեան ճամբով, եւ այդ լոյսը կը շարունակէ ապրիլ նոր սերունդներուն մէջ։

«Թորոնթոհայ»- Ի՞նչ են խմբակցութեան նպատակները։

Անի Օհանեան- ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան անդամակցելով սատար կը հանդիսանաք՝

  • ա. Գանատայի շրջանի մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարներու տարեկան յատկացումներուն։

  • բ. ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան կրթաթոշակներու եւ մրցանակներու յատկացումներուն։

  • գ. ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի յատուկ կրթական ծրագիրներու օժանդակութեան։

«Թորոնթոհայ»- Ինչպէ՞ս կրնանք անդամակցիլ «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան։

ՀՆ- «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան անդամ կարելի է ըլլալ տարեկան դրութեամբ՝ նիւթապէս սատարելով 100, 200, 300 տոլար եւ յաւելեալ գումարներու նուիրատուութեամբ, որուն դիմաց պիտի տրուի տուրքէ զերծ ստացագիր։ Կարելի է նաեւ ընտանեկան ուրախ առիթներու կամ այլ պարագաներու, փոխան նուէրի, ձեր նուիրատուութիւնները յատկացնել վերոյիշեալ նպատակներուն։

2025 թուականին, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը վերոյիշեալ նպատակներուն համար յատկացուցած է շուրջ 80 000 տոլար։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապուիլ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան՝ էլեկտրոնային փոստով՝ ars-canada@bellnet.ca, կայքէջով՝ www.ars-canada.ca կամ հեռաձայնելով՝ 1-514-333-1616 թիւին։

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ ձեւերով՝

• Վճարագրով՝ ARS Foundation, 3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

• E-transfer-ով՝ ars-canada@bellnet.ca

• Առցանց՝ www.ars-canada.ca/donations

Կանխիկ վճարելու պարագային՝ գումարները յանձնել ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան անդամներուն կամ տեղւոյն մասնաճիւղին։

Բոլոր պարագաներուն արձանագրել՝ «Սիրտէ սիրտ» կամ Heart to Heart։

Հաճեցէք ամբողջացնել կցուած կտրոնը՝ դառնալու «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան անդամ։

«Թորոնթոհայ»- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կարելի է խմբակցութեան մաս կազմել եւ նպաստել կրթական ծրագիրներուն։

ՀՆ- ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը փետրուար ամիսը նկատի ունեցած է, որպէս ծրագրի մեկնարկի ամիս, երբ մեծ թափով զարկ կը տրուի քարոզչութեան եւ նոր անդամներ ներգրաւելուն։ Սակայն հարկ է նշել, թէ կարելի է որեւէ ժամանակ նուիրաբերել եւ դառնալ խմբակցութեան անդամ՝ նպաստելով ՀՕՄ-ի կրթական ծրագիրներուն։

«Թորոնթոհայ»- Ի՞նչ է խմբակցութեան քարոզչական եւ այլ աշխատանքներու գործելաոճը։

Անի Օհանեան- Յանձնախումբը նշանակուած օրէն գործի լծուեցաւ եւ արդիական քարոզչական աշխատանքին վերաբերեալ բոլոր միջոցները օգտագործեց՝ ծրագիրը հասանելի դարձնելու գանատահայ գաղութի բոլոր խաւերուն։ Նամակներ, յայտարարութիւններ եւ այլ գովազդներ պատրաստուեցան՝ ծրագիրը համապարփակ ձեւով ծանօթացնելու բոլորին։

Ներկայիս, գաղութներէ ներս՝ Շրջանային վարչութեան թելադրութեամբ եւ անոր հովանիին ներքեւ, պիտի կազմուին ենթայանձնախումբեր, որոնց ջանքերով զարկ պիտի տրուի խմբակցութեան անդամական աճին։

«Թորոնթոհայ»- Ի՞նչ թիրախ կը նպատակադրէք այս նախաձեռնութեան համար։

ՀՆ- ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը՝ մեր կրթական հաստատութիւններուն, ամառնային ճամբարներուն, շաբաթօրեայ վարժարաններուն, մանկապարտէզներուն եւ մանկամսուրներուն յատկացումներ կատարելէ անկախ, կրթաթոշակներ կը յատկացնէ տասներկու համալսարանական եւ հինգ քոլէճ յաճախող ուսանողներու, ինչպէս նաեւ կ’օժանդակէ կրթական յատուկ ծրագիրներու։

Նկատի ունենալով ծրագրի տարողութիւնը եւ նպատակները, ինչպէս նաեւ տարուէ տարի բազմացող կրթական կարիքները, այս տարեշրջանին մեր թիրախն է գոյացնել 100 000 տոլար։ 2026 տարեշրջանին, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը, պիտի յատկացնէ՝ 25 000 տոլար ՝ համալսարան եւ քոլէճ յաճախող ուսանողներուն, 5 000 տոլար՝ ամառնային ճամբարներուն եւ $72,400՝ կրթական հաստատութիւններուն։

«Թորոնթոհայ»- Նուիրատուութիւններու համար որո՞նց պիտի դիմէք։

ԱՕ- Ներկայիս գոյութիւն ունեցող «Սիրտէ սիրտ» խմբակցութեան անդամներուն կողքին, յանձնախումբը պիտի կեդրոնանայ նոր անդամներ ներգրաւելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պիտի դիմէ ՀՕՄ-ի կրթաթոշակ ստացած ուսանողներուն, որոնք վստահ ենք, որ պիտի քաջալերեն ու զօրավիգ կանգնին այս նախաձեռնութեան։

Մեծ ակնկալիքներ ունինք հայ գործատէրերէ եւ օտար կազմակերպութիւններէ, որոնց մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը պիտի խնդրենք։ Յոյսով ենք, որ այս բոլոր նուիրատուութիւններէն կարելի պիտի ըլլայ գոյացնել ակնկալուած թիրախը։

Կոչ կ’ուղղենք ՀՕՄ-ի անդամներուն, գանատահայ գաղութին, գործատէրերուն՝ ՀՕՄ-ի ընտանիքի ընդմէջէն նպաստելու մեր կրթական բոլոր ծրագիրներու յատկացումներուն։ ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Next
Next

Remember. Run. Represent. How Toronto’s Armenian youth are redefining advocacy