ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած տաղանդներու ներկայացումի կատարումները միաւորեցին համայնքը
Երաժշտութիւնը եւ երգը համաշխարհային լեզուներ են, որոնք իրենց կախարդանքով կը սուզուին մարդու զգացական աշխարհին խորքը եւ նոր ու բարի յոյզերու սերմերը կը ցանեն հոն, ու այդ սերմերը կը միաւորեն բոլոր արուեստասէրները։
Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ը (AGBU Toronto), գիտակցելով երաժշտութեան անհրաժեշտութեան կարեւորութիւնը, աւանդոյթ դարձուցած է տաղանդներու ներկայացումը (talent show), որ տարին անգամ մը տեղի կ'ունենայ, ներկայացնելո նոր սերունդի տաղանդաւոր երաժիշտներու ձիրքերը։
Այս ծիրէն ներս, 14 ապրիլի կէսօրին, երաժշտութեան դասերու հետեւող քսանհինգ երիտասարդներ, իրենց ընտանիքներուն եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, հաւաքուեցան ՀԲԸՄ Թորոնթոյի կեդրոնէն ներս, մասնակցելու աւանդոյթ դարձած յաջող ձեռնարկին։
Ձեռնարկին ծրագիրը հիմնականօրէն բաղկացած էր դաշնամուրային եւ վոգալ երգացանկէ ու կ'ընդգրկէր տարբեր ժանրեր՝ դասական, փոփ, ժողովրդական եւ այլն։ Երիտասարդ կատարողները ինքնավստահ եւ կատարեալ առոգանութեամբ ներկայացուցին իրենց նախընտրած երաժշտութիւնը եւ գնահատուեցան հանդիսատեսին, ծնողքին ու իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ, որոնք ծափողջիւններով քաջալերեցին հայ նոր տաղանդները։
(լուսանկարները տրամադրած է ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի գրասենեակը)
Համերգի աւարտին ՀԲԸՄ Թորոնթոյի գործադիր տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեանը շնորհաւորեց մասնակիցները, որոնք իրենց արուեստով փայլեցան ու կեդրոնը ողողեցին երաժշտական խազերով ու հարազատ երաժշտութեամբ։ Տնօրէնը մասնակիցներուն շնորհակալական վկայականներ յանձնեց եւ յիշեցուց, որ այս ծրագրին անցեալին մասնակից որոշ երաժիշտներ, այսօր դարձած են մասնագէտ երաժիշտներ եւ ճանչցուած արուեստագէտներ համայնքէն ներս։ Ան նշեց, թէ ջանասիրութեամբ եթէ շարունակեն այս ճանապարհը, անոնք ալ կրնան մէյ մէկ փայլուն աստղեր դառնալ ու իրենց երաժշտական շողերը տարածել աշխարհի արուեստասէրներուն միջեւ։
Աշակերտներուն՝ իրենց ուսուցիչներուն հետ նկարուած խմբային լուսանկարները այդ հոյակապ պահերուն վկան պիտի ըլլային, իսկ երգուած երգերը պիտի հնչէին որպէս յաղթական երգեր, որոնք դէպի բարձունք տանելու առաջին նախաքայլերն էին։
Ձեռնարկի աւարտին համեղ հիւրասիրութեան մը շուրջ համախմբուած գոհունակ ներկաները ուրախութեամբ տուն վերդարձան։ ֎