«Արշալոյսի լուսաբացը» (Aurora’s Sunrise). վերապրումի եւ գոյատեւման պատմութիւնը

«Արշալոյսի լուսաբացը» ֆիլմը առանձնայատուկ նուաճում մըն է, որ նոր շունչ կու տայ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Օրօրա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի սարսափելի ու հերոսական պատմութեան: Բեմադրիչ Իննա Սահակեանի այս վաւերագրական շարժանկարը (documentary animation film) վարպետօրէն կը միախառնէ շարժական գծանկարներ, արխիւային ֆիլմեր եւ «Հոգիներու աճուրդ» (Auction of Souls) ֆիլմէն տեսարաններ՝ ստեղծելով յուզիչ պատմութիւն մը, որ կ’արտացոլէ Մեծ եղեռնի դաժան իրականութիւնը այնպիսի ձեւով, որ քիչ ֆիլմեր յաջողած են ընել:

Տասնըչորսամեայ Մարտիկանեանին կեանքը դաժանօրէն խզուեցաւ, երբ իր ընտանիքը վայրագ կերպով սպաննուեցաւ ու ան ստիպուեցաւ Սուրիական անապատով քալել դէպի սպասուող մահ: Անոր գոյատեւումը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ ցաւերուն, կը վկայէ իր աննկուն ոգիին մասին: Օրօրան դիմացաւ աներեւակայելի վայրագութիւններու, նոյնիսկ վաճառուեցաւ որպէս ստրուկ, սակայն հրաշքով ան փախաւ եւ ի վերջոյ գտաւ իր ճանապարհը դէպի Միացեալ Նահանգներ:

Օրօրային պատմութիւնը վերջ չգտաւ անոր ողջ մնալով. Ամերիկայի մէջ ան հզօր ձայնը դարձաւ իր ժողովուրդին՝ կիսելով իր փորձառութիւնները «Յօշոտուած Հայաստան» յուշագրութիւնով, որ հիմք դարձաւ 1919 թուականի «Հոգիներու աճուրդ» անձայն ֆիլմին: Յատկանշական է, որ այս ֆիլմին մէջ Օրօրան ինք իր դերն ստանձնած է. պատմական այն քայլը պայքարելու ձեւ մըն էր՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելով:

ֆիլմը կը ներառէ գեղանկարչական, գրեթէ եթերային շարժանկարային յաջորդականութիւններ՝ գծանկարիչ Կետիմինաս Սքիրիուսի գլխաւորութեամբ: Այս տեսարանները կը փոխանցեն Օրօրայի փորձառութիւններու յուզական խորութիւնը: Շարժանկարները պատմական իրադարձութիւնները կը վերածեն ներքին փորձի՝ օգտագործելով տեսողական փոխաբերութիւններ եւ գեղարուեստական ծաղկումներ՝ Օրօրային ճանապարհորդութեան սարսափներն ու յոյսը պատկերելու համար:

Շարժանկարները գեղեցիկ ու անխափան եղանակով միաձուլուած են արխիւային ֆիլմերու եւ «Հոգիներու աճուրդ»-ի տեսարաններուն հետ: Տարեց Օրօրային հետ արխիւային հարցազրոյցները, որ «Զօրեան» հիմնարկը տրամադրած է, ցնցող հակահարուած են անոր՝ կրտսեր անձի շարժանկարի վերարտադրութեան՝ ստեղծելով շերտաւոր պատմութիւն մը, որ կ’ուսումնասիրէ մարդու ամենէն մութ յիշողութիւնները բազմիցս վերապրելու խոցը:

Թէեւ ոմանք կը վարանին «Արշալոյսի լուսաբացը» որակել որպէս «ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ», այն անհերքելիօրէն կ’արտացոլէ Հայոց ցեղասպանութեան էութիւնը այնպիսի խորութեամբ եւ զգայունութեամբ, որ շատ այլ ֆիլմեր չեն կրցած ընել: Ֆիլմի ուժերէն մէկն այն է, որ ան կը կեդրոնանայ գերանձնական պահերու վրայ, այլ ոչ թէ հանդիսատեսին կը ճնշէ եղեռնի վայրագութեան մեծ մասշտաբով: Ցեղասպանութեան մարդկային գինի մասին կան զանազան տեսարաններ , որոնք կը դաջուին հանդիսատեսին մտքին մէջ. օրինակ՝ տեսարանը, որուն մէջ մայրը ցեխ կը քսէ դուստրին դէմքին, որպէսզի ան պաշտպանուի զինուորներէն, կամ այլ տեսարան մը, ուր Օրօրան լուռ կը դիմանայ հարեմի սարսափներուն:

Սահակեան հմտօրէն կը ներկայացնէ Օրօրային հոգեւոր տարանջատումը, երբ ան կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան խօսնակ: Ֆիլմը ճշգրտօրէն կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Օրօրան ստիպուած էր անընդհատ շրջել իր իսկական յիշողութիւններու ու անոր «բեմադրուած» պատկերներուն միջեւ. հետեւաբար, Օրօրան, որ դարձաւ թէ՛ վերապրող եւ թէ՛ խորհրդանիշ, բախուեցաւ ահաւոր ներհոգեկան խանգարումներու:

«Արշալոյսի լուսաբացը» կը ծառայէ որպէս դաժան յիշեցում այն վայրագութիւններուն մասին, որոնք ձեւաւորած են մեր աշխարհը: Օրօրային աչքերով մեզի կը ներկայացուի հազուագիւտ եւ անգնահատելի Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ընդգծելով անցեալը յիշելու եւ անորմէ դասեր քաղելու կարեւորութիւնը:

Յատկապէս յուզիչ է ֆիլմի գագաթնակէտը, ուր Օրօրան կ’արտացոլէ արդարութեան եւ ոչ թէ վրէժխնդրութեան իր ցանկութիւնը: Ֆիլմը գործողութեան կոչ է հանդիսատեսին՝ ոչ միայն ճանչնալու պատմական անարդարութիւնները, այլեւ՝ արդարութիւն եւ հաշտութիւն փնտռելու: Ֆիլմը կը վկայէ պատմութեան ուժի եւ ֆիլմի միջոցով պատմութիւնը պահպանելու կարեւորութեան մասին: Ու ան կ’երաշխաւորէ, որ Օրօրա Մարտիկանեանի պատմութիւնը եւ հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, չմոռցուին: ֎

***

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի միջյարանուանական մարմինին, 24 ապրիլ 2024-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած հաւաքական աղօթք. համագործակցութեամբ «Զօրեան» (Zoryan Institute) հիմնարկին եւ «Պարզ մեդիա»-ին՝ (Bars Media) նաեւ ցուցադրուեցաւ «Արշալոյսի լուսաբացը» (Aurora’s Sunrise) վաւերագրրական շարժանկարը:

Սոյն ակնարկը գրուած է «Արշալոյսի լուսաբացը»-ի ցուցադրութեան առիթով եւ հրատարակուած «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2024 թիւին մէջ:

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Previous
Previous

ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած տաղանդներու ներկայացումի կատարումները միաւորեցին համայնքը

Next
Next

An afternoon with three Canadian-Armenian authors: Dr. Alan Whitehorn, Dr. Lorne Shirinian and Dr. Keith Garebian