Ռաֆֆի Պետրոսեան

(Նկատի առնելով նիւթին բնոյթը, այս գրութիւնը յարմար չէ պատանի ընթերցողներու համար)

Հրանդ Տինքի պատմած այս դէպքը անկասկած իրական է:

Դէպքը կը բացայայտէ, թէ ինչո՛ւ 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերը խոր հոգեկան վէրք մը կը կրեն մինչեւ այսօր: Կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչո՛ւ ծպտեալ հայերը կը շարունակեն նոյն ահը ապրիլ: Եւ վերջապէս, պատմութեան ընդմէջէն կը հասկնանք Հրանդին վերջին ամիսներուն հոգեվիճակը՝ իր, կնոջ եւ զաւակներուն դէմ եղած հալածանքներուն, դատական հետապնդումներուն եւ սպառնալիքներուն պատճառով:

Կը պատմէ…

1918 թուականն էր: Սիփան լեռան ստորոտը գտնուող գիւղի մը մէջ (Վանայ լիճի հիւսիսային ափին), հայ երիտասարդ մը հազիւ ճողոպրած էր ջարդերէն եւ ապաստանած էր Իսմայիլ անունով ցեղապետին գիւղը՝ գիւղացիներուն մէջ փորձելով գոյատեւել: Կ՚ապրէր ախոռի մը խաւարին մէջ, ժայռերու ճեղքին՝ մողէսի մը պէս, որ վտանգի առաջին նշոյլին կը պահուըտէր: Դուրս կ՚ելլէր հունձքի կամ այլ գործերու օգնելու, ազնիւ աշխատանքով հաց կը վաստկէր, յետոյ կը վերադառնար իր ապաստանը: Գիւղացիները զինք Ապտուլլահ կը կոչէին, այսինքն՝ «Աստուծոյ ծառան», բայց իրականութեան մէջ՝ աւելի շատ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած: Աննկատ կ՚ապրէր, մինչեւ օր մը՝ երբ Մեմօն՝ ցեղապետին երրորդ որդին, տեսաւ զինք միզելու ատեն: Մեմօ վազեց գիւղ՝ պոռալով. «Եկէ՛ք, եկէ՛ք, տեսէք Ապտուլլահին բանը. վրան կափարի՛չ ունի»:

Ապտուլլահ մողէսի պէս փախաւ ախոռի ճեղքերուն մէջէն: Քիչ ետք՝ ամբողջ գիւղը հաւաքուած էր ախոռին առջեւ: Քարերը կը տեղային. «Դո՛ւրս եկուր, անհաւատ կիաւուր (անհաւատ), գիտենք ով ես, ինչ ես: Դո՛ւրս եկուր»: Գոչիւնները եւ վիրաւորանքները կը սաստկանային, քայլերը կը մօտենային. ու յանկարծ, ախոռին դուռը բացուեցաւ: Իսմայիլ աղան փորձեց պաշտպանել Ապտուլլահը եւ ամբոխը կեցուց: Խաւարին մէջ ձայն տուաւ. «Ապտուլլահ, ո՞ւր ես, ձեռքդ տո՛ւր. քեզ պիտի փրկեմ»: Իսմայիլ դպաւ Ապտուլլահի ձեռքին (կամ՝ ինչ որ կարծեց՝ Ապտուլլահին ձեռքն էր): Ու յանկարծ ցնցուեցաւ, ետ քաշուեցաւ: Ինչ որ բռնած էր՝ արիւնոտ մորթի կտոր մըն էր: Ամբոխին դառնալով՝ ըսաւ. «Ձգեցէ՛ք զինք, մեզմէ է»: Այդ օրէն ի վեր, ոչ ոք անհանգստացուց նոր «թլփատուած» Ապտուլլահը:

Երեխայ ատեն թերեւս մողէս որսացած ըլլաք: Հազիւ կը կարծէք բռնած էք զայն, կը փախչի՝ միայն պոչը ձգելով ձեր ձեռքերուն մէջ: Թուրքիոյ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ կային հազարաւոր որբեր եւ ծպտեալ հայեր, որոնք ամէն օր մողէս Ապտուլլահի պէս կը զգային: Բայց սորվեցան գոյատեւել, որովհետեւ սորվեցան դիմացկուն ըլլալ:

Հայոց ցեղասպանութենէն աւելի քան դար մը ետք, անոնց թոռները հիմա կը սորվին պահանջել իրենց իրաւունքը՝ իրենց ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ մանաւանդ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը:

***

Ռաֆֆի Պետրոսեանի «Abdullah the lizard» անգլերէն յօդուածը առցանց հրատարակուած է Armenian Weekly-ի մէջ, 25 յունիս 2020-ին:

Հրանդ Տինքի նահատակութեան տասնութերորդ տարելիցին առիթով՝ զայն հայերէնի թարգմանած է «Թորոնթոհայ»-ը:

Լուսանկարը՝ Tempo/Istanbul - WDR-ի

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Նշուեցաւ հայ համայնքի հարուստ մշակութային եւ պատմական ազդեցութիւնը Պրենթֆըրտի վրայ

Next
Next

Սամիր Ֆարուքի «Տափահացերու գրադարանը»` Թորոնթոյի պիէնալէին մէջ