Նշուեցաւ հայ համայնքի հարուստ մշակութային եւ պատմական ազդեցութիւնը Պրենթֆըրտի վրայ
28 սեպտեմբեր 2024-ին, աւելի քան երկու հարիւր ներկաներ հաւաքուեցան «Գաղթականներու յիշողութիւնը՝ Պրենթֆըրտի հայ համայնքին մասին» երկօրեայ ծրագիրի բացման հանդիսութեան:
Ձեռնարկը, որ արդիւնքն էր Պրենթ պատմական ընկերակցութեան (ՊՊԸ), «Լորիէ» համալսարանի Պրենթֆըրտի մասնաճիւղի, Գանատայի արդիւնաբերական ժառանգութեան կեդրոնի եւ Պրենթ թատերական արուեստանոցներու համագործակցութեան, կը տօնէ Պրենթֆըրտի գաղթական համայնքներու ներդրումն ու ժառանգութիւնը: Տարեկան ծրագիրը, որ սկսած է 2019-ին, նախապէս նուիրուած եղած էէ հրէական, իտալական, չինական եւ ուքրանական համայնքներուն:
Այս տարի ուշադրութեան կեդրոնը դարձաւ հայկական համայնքը ձեռնարկներու շաբաթավերջով մը՝ ցուցադրելով անոր հարուստ մշակութային եւ պատմական ազդեցութիւնը Պրենթֆըրտի վրայ:
Շաբաթ օրուան ձեռնարկները սկսան «Զիս չմոռնա՛ս» ցուցահանդէսի ժապաւէնի հատման արարողութիւնով՝ Պրենթ թանգարանի եւ արխիւներու կեդրոնին մէջ: Պատրաստուած «Լորիէ» համալսարանի Պրենթֆըրտի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօս դոկտ. Քրիսթինա Հանի կողմէ, ցուցահանդէսը կը վաւերագրէ Պրենթֆըրտի հայ համայնքի տոկունութիւնն ու քաղաքին մէջ ունեցած մշակութային ներդրումները՝ ներառելով թերթերու յօդուածներու նմուշներ, հնութիւններ եւ ցուցադրութիւններ՝ Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ համայնքային կեանքը ներկայացնող։ Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր համայնքի ճամբորդութեան համապարփակ պատկեր մը:
«Թորոնթոյի հայ համայնքէն բազմաթիւ անդամներ ներկայ գտնուեցան, որ իսկապէս ուրախալի էր: Ընտանիքներ եկած էին ցուցահանդէսը դիտելու եւ քալելու պտոյտին մասնակցելու: Սիրտս ուրախացաւ տեսնելով, որ բոլորը ամբողջ օրը միասին անցուցին», ըսաւ դոկտ. Հան:
ՊՊԸ-ի կամաւոր Պրայըն Մուր պատմական շրջայց մը կազմակերպեց Պրենթֆըրտի կեդրոնին մէջ, ուր ներկաներուն ցոյց տուաւ այն վայրերը, ուր ժամանակին հայերը կը բնակէին: Անոնք, գործի բերումով, հիմնականին մէջ հաստատուած էին գործարաններու շրջակայքը:
Շաբաթ օր նաեւ տեղի ունեցաւ «Դուն, ես ու հայը» թատերախաղի երկու ներկայացումներ՝ «Լորիէ»-ի ակադեմական կեդրոնի «Սթիվըն Քան» թատերասրահին մէջ: Ան բեմադրուած էր Փիթր Միւրի կողմէ (Պրենթ թատերական արուեստանոց) ու կը պատմէ գանատացիացած կնոջ մը պատմութիւնը, որ կը բացայայտէ իր հայկական արմատները ուրուականային առաջնորդի մը օգնութեամբ: Ներշնչուած Պրենթֆըրտի բնակիչի մը տեղական պատմութենէն, որ որդեգրած էր հայ որբեր, ներկայացումը կը հետազօտէ ինքնութեան եւ ընտանիքի թեմաները:
Թէեւ տակաւին զարգացման մէջ, ներկայացումը ստացաւ ջերմ ընդունելութիւն. ըստ կազմակերպիչներուն, կը ծրագրուի մօտ ապագային զայն ներկայացնել Թորոնթոյի հայ կեդրոնին մէջ: «Հրաշալի է տեսնել պատմութեան տարածումը եւ արձագանգը ուրիշներու մօտ», ըսաւ Մուր:
Շաբաթ օրուան տօնակատարութիւնները շարունակուեցան հայկական ինքնասպասարկման ընթրիքով մը, որմէ ետք տեղի ունեցան դասախօսութիւն մը եւ համայնքի անդամներու հետ հարցուպատասխանի քննարկում: Երեկոն աւարտեցաւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբի եւ «Գուսան» երգչախումբի ելոյթներով, որոնք հմայեցին հանդիսատեսները՝ աւանդական երաժշտութիւնով ու պարով:
Դոկտ. Հան նշեց հայ ընտանիքներու կիսած անձնական պատմութիւնները լսելու արտօնութիւնը: «Անոնք կը վստահին ինծի իրենց պատմութիւնները կեանքի բերելու համար, եւ ատիկա իսկական գանձ մըն է», ըսաւ ան: Մուր արձագանգեց անոր զգացումներուն՝ ընդգծելով հայ համայնքի տոկունութիւնը: «Տեսնել թէ ինչպէս անոնք ողբերգութիւնը յաղթանակի վերածեցին եւ այսպիսի ուժեղ համայնք կառուցեցին՝ ներշնչող է»:
«Զիս չմոռնա՛ս» ցուցահանդէսը մինչեւ հոկտեմբերի վերջը բաց մնաց Պրենթ թանգարանի եւ արխիւներու կեդրոնին մէջ՝ այցելուներուն առիթ տալով աւելի խորութեամբ ուսումնասիրելու Պրենթֆըրտի հայ համայնքին պատմութիւնը: ֎