ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը մեծ շուքով նշեց «Կանանց միջազգային օր»-ը

Խոհեմութիւն, զգաստութիւն եւ ողջամտութիւն. այս յատկութիւնները՝ «Կանանց միջազգային օր»-ուան խորհրդանիշները դարձած՝ կը ներկայացնեն այսօրուան հեռատես, աշխատասէր ու զգօն հայ կինը։

Արդարեւ, «Կանանց միջազգային օր»-ուան առիթով, կայտառ հայ կինը բնութագրող այդ յատկութիւնները վարդերու վերածուած՝ մանուշակագոյնով, վարդագոյնով, կանաչով ու սպիտակով զարդարեցին ՀՕՄ-ի Թորոոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ «Հէյզըլթոն մանոր»-ի գեղեցիկ սրահին մէջ, 2 մարտ 2025-ին։

Գոյներու խորհուրդով ու վարդերով զարդարուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած հայուհիներուն հայաբոյր շունչով, իրագործած յաջողութիւններուն բուրմունքով զարդարուած էր՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 16-րդ տարեկան «Կանանց միջազգային օր»-ը։

Սրահի մուտքին երաժիշտ Վրէժ Ղազարեանի դաշնամուրային կատարումներով հիւրընկալուողները՝ վարդերով ու փուչիկերով զարդարուած համադրութեան առջեւ պատկերներ ունենալու եւ այդ անմոռանալի օրը անմահացնելու առիթը ունեցան։ Ըմպելիքներու հիւրասիրութեամբ, բերան քաղցրացնելով յառաջացան դէպի ներքնասրահ, ուր ցուցադրուած էին Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարան-գրատարածի գիրքերը, ՀՕՄ-ի տօնավաճառի՝ «Կրպակ» յանձնախումբի այբուբենով զարդարուն պայուսակները, Թորոնթոյի կարգ մը գործարար հայուհիներու աշխատանքները , ինչպէս նաեւ հայկական համադամ ուտեստներ։ Գեղեցիկ համադրութեամբ ու ծաղկեփունջերով զարդարուած սեղաններուն վրայ տեղադրուած էին յանձնախումբի անդամներուն ջանքերով պատրաստուած գրքոյկը, որ կը բովանդակէր յայտագիրը, բանախօսներուն կենսագրականները, հայ գործարարներու աշխատանքներու յայտարարութիւնները, նուիրատուներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն անունները։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան օրուան հանդիսավարներ Նուշիկ Փափազեան Մելքոնեանն (հայերէն) ու Հուրիկ Եղիազարեանը (անգլերէն), որոնք ներկայացուցին այդ օրուան իմաստն ու յայտագիրը։ Անոնք ըսին, որ «Կանանց միջազգային օր»-ը ծագում առած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1908-ին, երբ մեծ թիւով կիներ ցոյցեր կը կազմակերպեն փետրուարի վերջին կիրակին եւ կը պահանջեն կիներու քաղաքական եւ տնտեսական իրաւունքները։ «Հայ կիներու իրաւունքներու պահապանն ու ջահակիրը եղած է`վեհ առաքելութեամբ օժտուած Հայ օգնութեան միութիւնը, որ հիմնուած է 1910 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորքի մէջ՝ «Հայ կարմիր խաչ» անուան տակ, որպէս ոչ կառավարական կազմակերպութիւն։ Միութիւնը անդամ է նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան», նշեցին անոնք։

Ձեռնարկը ներկայութիւնը կը վայելէր ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու, «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, բանախօսներ Մարի Գույումճեանի եւ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի, թորոնթոհայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Աթօմ Էկոյեանի, նախանցեալ տարուան բանախօս Սիլվա Պասմաճեանի, ՀՕՄ-ականներու եւ թորոնթոհայ գաղութի զաւակներու:

Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներէն ետք, բացման խօսքերը կատարեցին «Կանանց միջազգային օր»-ուան յանձնախումբի ատենապետ Լիզա Շիշոյեան եւ փոխատենապետ Ռուբինա Քէօշկէրեան Քէշիշեան:

Լիզա Շիշոյեան բարի գալուստի խօսքէն ետք խօսեցաւ հայ կնոջ դերի կարեւորութեան մասին, ըսելով՝« Հայ կնոջ դերը, շնորհիւ իր անձնազոհութեան եւ նուիրուածութեան, մեր ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան եւ յատկապէս վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, եղած է հիմնական՝ իր ընտանեկան օճախին պահպանման, մեր ազգային ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու, աւանդութիւններու գոյատեւման ու անոնց յառաջիկայ սերունդներու փոխանցման գործընթացին մէջ»։

Ատենապետը յիշեցուց, թէ այս օրը կը զուգադիպի Բուն բարեկենդանին, որ ուրախութեան, առատութեան եւ բարի կենդանութեան տօն է։ Ապա, ան անդրադարձաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․-ին կողմէ՝ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակելու առիթին, որովհետեւ Հայ օգնութեան միութիւնը մեր աւանդութիւններու գուրգուրոտ պահապանը կը հանդիսանայ։

Յանձնախումբի փոխատենապետ Ռուբինա Քէօշկէրեան Քէշիշեան շնորհաւորեց ներկաները Կանանց տօնին առիթով եւ անդրադարձաւ այս տարուան՝ Accelerate Action լոզունգին, ապա՝ ձեռնարկին վեհ նպատակը մատնանշելով յիշեց, թէ օրուան հասոյթէն որոշ բաժին մը պիտի յատկացուի Հայաստանի՝ ՀՕՄ-ի «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին եւ Թորոնթոյի՝ Women’s Brain Health Initiative հաստատութեան։

Բեմ հրաւիրուեցաւ բեմադրիչ Աթօմ Էկոյեան, որ ներկայացուց օրուան աշխարհահռչակ զոյգ բանախօսները՝ երգահան եւ վաւերագրական շարժապատկերներու մասնագէտ Մարի Գույումճեանն ու լրագրող-լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանը։ Էկոյեան բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքները, որոնք ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ համայն աշխարհին կը ներկայացնեն մարդկութեան հոգեվիճակը, կը բարձրաձայնեն հայուն տառապանքը եւ երաժշտութեամբ ու լուսանկարներով խոշորացոյցի տակ կը դնեն, անցեալէն այսօր երկարող, հայու դժբախտութիւնն ու մղձաւանջը։

Ծափողջիւններու ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացաւ՝ Հայոց մեծ եղեռնէն վերապրած ծնողներէ սերած բանախօս Մարի Գույումճեան, որ իր կեանքի եւ արուեստի պատմութիւնն ու փորձառութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ներկայացուց իր մասնագիտական աշխատանքային ծիրը, որ կը տարածուի համերգային ներկայացումներէն մինչեւ տեսալսողական դաշտ եւ շարժանկարներու երաժշտութիւն։ 2024-ին «Փիւլիցըր» մրցանակի եզրափակիչին հասած եւ զանազան կազմակերպութիւններէ հրաւէր ստացող բանախօսը պատկերներ եւ տեսերիզներ ցուցադրելով շեշտեց երաժշտութեան՝ կեանքեր փոխելու կարողութեան մասին։ Ան մատնանշեց խօսքի ազատութեան եւ արուեստին՝ զգացումներու արտայայտիչ ազդակը եւ ընկերային ու քաղաքական հակամարտութիւններու մէջ, տառապող մարդոց ձայնը դառնալով, համակրանք յառաջացնող ուժը ըլլալուն իրողութիւնը։

Օրուան երկրորդ բանախօսը, ամերիկահայ լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեան, պաստառին վրայ իրարայաջորդ կերպով ցուցադրուող նկարներուն ընկերակցութեամբ, նեկայացուց զինք հռչակաւոր դարձուցած «Yes, We Can: Barack Obama's History-Making Presidential Campaign» գիրքը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նախընտրական արշաւին առիթով հարտարակուած է։ Ապա, ան ցուցադրեց իր ՝ «There is Only the Earth» վաւերագրական հաւաքածոն, որ քսան տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութներու կեանքին մասին է։ Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը, լուսանկարները պաստառին վրայ ցուցադրելով, ներկայացուց Արցախի եւ Անկոլայի մէջ տարած իր աշխատանքը։

Թիւֆէնքճեանի հետաքրքրական պատմելաոճն ու ցուցադրած լուսանկարները ներկաները տարին դէպի Մայր Հայաստան, Արցախ եւ աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած հայ համայնքներ։ Չափազանց հետաքրքրական էր զոյգ բանախօսներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի ճգնաժամը իբրեւ թեմա առնող «Անտունի» աշխատութեան մասին զրուցելու պահը։ Երկու արուեստագէտներուն՝ զուգադիպութեան մը արդիւնքով ծանօթացումը մտերմութեան վերածուած է եւ՝ նորանոր աշխատանքներու եւ յաջողութիւններու ծիլերով կանաչած։

Բանախօսութիւններու աւարտին, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի բանախօսներուն յանձնեց յուշանուէրներ, որոնք նուիրուած էին Երեւանի Mottif վաճառատունէն, ինչպէս նաեւ Կերտա Նիւպախերի՝ «Portraits of Canadian Women Who Inspire» գիրքերը, որոնք նուիրուած էին իր կողմէ:

Համադամ ճաշն ու Բարեկենդանի առթիւ հրամցուած քաղցրեղէնները ճաշակելէ ետք, կարգը հասած էր վիճակահանութեան կտրոնները առնելուն ու թիւով հարիւր նուէրներու ճոխութեամբ ուրախանալուն։

Յայտագիրի երկրորդ բաժինի ընթացքին նուէրը (door prize) յայտարարուեցաւ եւ օրուան բախտաւորին նուիրուեցաւ արուեստագէտ Նունէ Աղբալեանի գծանկարը։

Բեմ հրաւիրուեցաւ նորաձեւութեան մասնագէտ Սթեֆանի Մահսերէճեան Յակոբեանը եւ պաստառին վրայ ներկայացուց այս տարուան զգեստներու, պայուսակներու ու զարդեղէններու նորաձեւութիւնները եւ գոյները։ Յանձնախումբի անդամներէն ոմանք բեմ բարձրացան եւ Սթեֆանիի համադրութեամբ նորաձեւ զգեստներ ու պայուսակներ ցուցադրեցին։ Շատ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծող ցուցադրութեան ուշադրութեամբ հետեւեցան ներկաները։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի փոխատենապետ Սիլվի Օհանեանի ձեռամբ՝ Սթեֆանի Մահսերէճեան Յակոբեանի նուիրուեցաւ օրուան բանախօս Սքաութ Թիւֆէնքճեանի մակագրած գիրքը, իսկ յանձնախումբին ատենապետը ծաղկեփունջով գնահատեց անոր մասնագիտական ճաշակը։

Հրաժեշտի պահը հասած էր։ Հանդիսավարները ներկայացուցին ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի ժրաջան անդամները եւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անունով՝ շնորհակալութիւն յայտնեցին օրուան բանախօսներուն, մասնակից հիւրերուն, կամաւորներուն, նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զանազան այլ միջոցներով բարոյական եւ նիւթական ներդրումով օժանդակեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։

Հանդիսավարները, յառաջիկայ տարուան «Կանանց օր»-ուան տօնակատարութեան թուականը 8 մարտ 2026 յայտարարելով, «Բարի Կանանց միջազգային օր» մաղթելով, հրաժեշտ տուին ներկաներուն։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2025 (#212) թիւին մէջ:

լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Ո՞ւր ես, մայր իմ, քաղցր եւ անուշ»

Next
Next

Դէպի հող. հայկական վարժարաններու Հայաստան այցելութիւններուն տեւական ազդեցութիւնը