«Ո՞ւր ես, մայր իմ, քաղցր եւ անուշ»

(4 ապրիլ 2015. բնագիրը՝ անգլ.)

Թէեւ պատանեկութեանս մէկ կարեւոր մասը եկեղեցւոյ խորանին վրայ անցուցած եմ, տարիներու ընթացքին եկեղեցական արարողութիւններուն ներկայութիւնս խղճալի սակաւութեան հասած է՝ սահմանափակուելով կարճ այցելութիւններով (այսինքն` մոմ մը վառելով) տաղաւար տօներուն (Սուրբ զատիկ եւ Սուրբ ծնունդ եւ այլն) կամ հարսնիքներու, մկրտութիւններու եւ (դժբախտաբար) յուղարկաւորութիւններու մասնակցելով:

Սակայն կայ մէկ արարողութիւն, որուն շարունակած եմ մասնակցիլ, այն է Աւագ հինգշաբթիի Խաւարման կարգը։ Վերջին քանի մը տարիներուն աւանդութիւն, չգրուած օրէնք դարձած է մտերիմ ընկերներու փոքր խումբով Խաւարման գիշերը Ս. Աստուածածին եկեղեցի երթալը։ Նոյնիսկ ինքնաբերաբար ամէն տարի կը յայտնուինք եկեղեցւոյ վերնատան նոյն անկիւնը։ Մեզմէ ոչ ոք կանոնաւոր եկեղեցի յաճախող է, ուստի չեմ կրնար բացատրել թէ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս այս սովորութիւնը մերը դարձաւ։

Աւագ հինգշաբթին արարողութիւններու ամբողջօրեայ շարան մըն է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Ես սովորաբար կը հասնիմ արարողութեան վերջին բաժինին՝ Խաւարմանը, երբ հսկումը կը պահուի ի յիշատակ Յիսուսի վերջին անքուն գիշերուան։

Ըստ Աւետարանին, նախքան ձերբակալուիլը, Յիսուս կ’աղօթէր Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ եւ մենութեան մէջ կը տանէր իր մօտալուտ մահուան տառապանքը։ Ասիկա յիշելու համար, Խաւարման ընթացքին կ’ընթերցուին Աւետարանի հատուածներ, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի մատնութիւնը, բանտարկութիւնը, չարչարանքը, դատաստանը, դատապարտութիւնը եւ խաչելութիւնը։ Տասներկու մոմեր՝ տասնմէկ ճերմակ եւ մէկ սեւ, որ կը խորհրդանշէ Յուդան, զոյգ առ զոյգ կը մարին։

Եւ ապա եկեղեցին խաւարի մէջ կը մխրճուի։

Յաջորդող շարականը Հայ եկեղեցւոյ այն քիչ երգերէն է, որ կը կատարուի առանց ընկերակցութեան՝ միայնակ երգիչով, առանց երգեհոնի։ Անով Յիսուս կը կանչէ իր մօրը` խաչելութեան տանջանքները կրելու պահուն։

«Ո՞ւր ես, մայր իմ, քաղցր եւ անուշ. Սէր ծնողիդ զիս այրէ.
Լցան աչք իմ դառն արտասւօք, Ոչ ոք ունիմ, որ սրբէ.
Ազդ արարէք մօրն իմոյ, Որ գայ կարօտն իւր առնէ.
Գուցէ երբեք յետոյ եկեալ Եւ զիս մեռեալ գտանէ...»։

«Ո՞ւր ես, մայր իմ» շարականը միայն տարին մէկ անգամ կ՚երգուի, միշտ Աւագ հինգշաբթի գիշերը, միշտ խաւարին մէջ։

Մեր խումբը այս տարի ալ հաւաքուեցաւ մեր սովորական տեղը։ Փաստօրէն, բազմազբաղ դարձած ենք, որովհետեւ բոլորս ալ ուշացումով, հազիւ շարականին հասանք։ Երբ մութին մէջ նստած լսեցինք երգը, որ կը թնդար ամբողջ եկեղեցիին մէջ, միտքերս ինքնաբերաբար ետ թռան դէպի դար մը առաջ։

Մտածեցի բոլոր այն հայ մանուկներուն մասին, որոնք իրենց մայրերը կը կանչէին, երբ իրենց ընտանիքներէն բաժնուեցան եւ դէմ յանդիման կեցան անըմբռնելի սարսափներու։

Մտածեցի բոլոր անոնց մասին, որոնք որբացան եւ իրենց ողջ կեանքի ընթացքին իրենց սիրելի մայրերուն կարօտը քաշեցին։

Մտածեցի «Ճորճթաունի տղոց» մասին...

Շարականին երգեցողութենէն ետք, քահանան իր քարոզին մէջ յիշեց, թէ մեզմէ ոչ ոք հոս պիտի ըլլար, եթէ Յիսուս Գեթսէմանիի մէջ չըլլար, եթէ ան չձերբակալուէր, չխաչուէր եւ վերջապէս յարութիւն չառնէր։

Ու մտածեցի, որ ճիշտ այդպէս՝ մեզմէ եւ ոչ մէկը հոս պիտի գտնուէր, եթէ չըլլային անոնք, որոնք փրկուեցան ու վերապրեցան, որոնք կեանք մը ապրեցան իրենց «քաղցր եւ անուշ» մայրերուն երբեք չտեսնելու գիտակցութեամբ։

23 ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին, Հայ առաքելական եկեղեցին պիտի սրբադասէ Մեծ եղեռնի մէկ եւ կէս միլիոն զոհերը։ Աւելի քան հինգ հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ եկեղեցին նոր սուրբեր պիտի հռչակէ։

Այդ գիշեր, այդ մթութեան մէջ, այդ մանուկները, «Ճորճթաունի տղաք»-ը, որոնք ողջ մնացին եւ կեանք մը ապրեցան` գիտնալով, որ իրենց մայրերը երբեք պիտի չտեսնեն, իմ սուրբերս դարձան։

Խաւարման մթութեան մէջ, որ կը ներկայացնէ մեր հաւաքական սուգը Յիսուսի խաչելութեան, Ցեղասպանութիւնը վերապրած այդ որբերը լոյսս դարձան։

***

Այս յօդուածը նուիրուած է «Ճորճթաունի տղայ»՝ Գուրգէն Մակարեանի յիշատակին։

1923-27 թուականներուն Օնթարիոյի Ճորճթաուն գիւղաքաղաք բերուեցան Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հարիւր տասը որբեր, որոնք յետագային ճանչցուեցան որպէս «Ճորճթաունի տղաք»-ը: Այս ծրագիրը՝ «Գանատայի ազնուական փորձ»-ը, կը նկատուի Գանատայի առաջին մարդասիրական միջազգային գործունէութիւնը:

Յօդուածին անգլերէն բնագիրը լոյս տեսած է ԱՄՆ-ի The Armenian Weekly շաբաթաթերթին մէջ, 4 ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ:

Նկարը՝ հատուած թորոնթոհայ Քամի Աբրահամեանի «Ճորճթաուն 100» (2023) գործէն (յատուկ՝ «Թորոնթոհայ»-ի համար)

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Previous
Previous

Սուրբ խաչի ճամբով

Next
Next

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը մեծ շուքով նշեց «Կանանց միջազգային օր»-ը