Սուրբ խաչի ճամբով

Կեանքի լոյս, Յիսուս, լուսեղէն խորան,
Աստուծոյ որդի, փրկիչ մարդկութեան,
Մահապարտներու խաչովը դաժան
Մահը գրկեցիր կամքով անսասան։

Քու խաչելութեամբ խաչը փայտեղէն
Պաշտելի դարձաւ Աստուծոյ կամքով,
Մարդիկ մարդացան խաչիդ հմայքով՝
Լուսաւորուելով ջահով հոգեղէն։

Քու խաչելութեամբ խաչը օրհնաբեր
Փառքդ հիւսելու նշխար մը դարձաւ,
Ծնար, ապրեցար եւ կեանքդ եղաւ
Մարդկութեան մեղքի քաւութեան նուէր։

Քու խաչելութեամբ, Յիսուս մարդասէր,
Սրբացած խաչը դարձաւ կենարար,
Խաչիդ պարծանքը դարձաւ յուշարար
Քու աստուածային խօսքերուդ անմեռ։

Քու խաչելութեամբ, լուսատու Յիսուս,
Մարդկութեան կեանքը լուսաւորուեցաւ,
Հաւատքով խաչը սիրով օծուեցաւ,
Սրտերը պատեց ճառագայթող լոյս։

Փրկարար Յիսուս, սիրոյ բուրաստան,
Քու խաչելութեան տառապանքներով
Եւ խաչին վրայ թափած արիւնով
Սուրբ խաչը դարձաւ հաւատքի խորան:

Խաչի խորհուրդով եւ հաւատամքով
Մարդկային սիրտը սիրով ծովացաւ,
Սիրտէ-սիրտ կապը լոյսով զօրացաւ՝
Խաչէդ արձակուող ճառագայթներով։

Ազնիւ հայ ազգը դարերով անձայն,
Իր խաչը շալկած իր սուրբ հաւատքով,
Յիսուսի խաչին կառչած մնալով՝
Կը քալէ անվերջ Յիսուսի նման։

***
Թորոնթոհայ բանաստեղծ Գրիգոր Հոթոյեանի «Սուրբ խաչի ճամբով»-ը գրուած է մարտէն ապրիլ 2005-ին եւ հրատարակուած «Ոգեշունչ քերթուածներ եւ ձօներգութիւններ» (2017) հատորին մէջ:

Մանրանկարը՝ «Խաչելութիւնը» գործ՝ Ղուկասի. Կարպի, 1583

Գրիգոր Հոթոյեան

Գրող, բանաստեղծ, արմատներով Սասունցի. եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ ու տնօրէն ազգային ամէնօրեայ, ամառնային ու կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ` Սուրիա ու Գանատա:

https://krikorhotoyan.ca/
Previous
Previous

Քայլարշաւ եւ բողոքի ցոյց. թորոնթոհայութիւնը արդարութիւն պիտի պահանջէ

Next
Next

«Ո՞ւր ես, մայր իմ, քաղցր եւ անուշ»