Քայլարշաւ եւ բողոքի ցոյց. թորոնթոհայութիւնը արդարութիւն պիտի պահանջէ

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով Թորոնթոյի հայ կենդրոնը թորոնթոհայութեան կոչ կ’ուղղէ՝ խիտ շարքերով մասնակցելու 24 ապրիլին տեղի ունենալիք քայլարշաւին եւ ցոյցին։

Կոչ կ’ուղղուի համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ համերաշխօրէն մասնակցելու եւ իրենց բողոքի ձայները բարձրացնելու յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։

Թորոնթոյի քաղաքապետարանի «Նեյթըն Ֆիլիփս» հրապարակը (լուսանկարը՝ Տենիս Ամփլպիի)

Հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնօրէն կը նշուի քայլարշաւին ժամանակացոյցը։ Հինգշաբթի, 24 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11-11:45, տեղի պիտի ունենայ հաւաք՝ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին դիմաց ( 100 Queen St. West): Հաւաքէն ետք համայնքի զաւակները քայլարշաւով պիտի մեկնին թրքական հիւպատոսարան (10 Lower Spadina Avenue), ուր 1-էն 1:45-ին տեղի պիտի ունենայ բողոք-ցոյց մը։

Պիտի բարձրաձայնուի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ժխտման, մարդու իրաւունքներու խախտումներու արձանագրման եւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի յարձակման մեծապէս աջակցելու իրողութիւնները։ Ցոյցը պիտի պահանջէ ճանաչում, պատասխանատուութիւն եւ վերջ տալ տարածաշրջանի մէջ ցեղասպանական քաղաքականութեան: Բողոքի մասնակցողները ժամը 2-ին պիտի վերադառնան Հայ կեդրոն։

Մասնակիցներուն յատուկ փոխադրակառքեր պիտի տրամադրուին Հայ կեդրոնէն(ACC) - 45 Hallcrown Place, առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

Կրնաք արձանագրուիլ մեկնաբանութիւններու մէջի կապով:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Armenian Genocide commemoration at Queen’s Park unites Ontario leaders across the political spectrum

Next
Next

Սուրբ խաչի ճամբով