Օնթարիոյի Հայ ոսկերիչներու միութեան բարեսիրական կալա ընթրիքը՝ Հայ կեդրոնէն ներս
Oնթարիոյի հայ ոսկերիչներու միութեան (AJA Ontario) ձեռնարկած բարեսիրական կալա ընթրիքը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս, 5 hոկտեմբեր 2024-ին։ Խանդավառութիւնը անբացատրելի էր միութեան ատենապետ Վանիկ Ճէլիլեանի, փոխատենապետ Շանթ Բուրուդօկլուի, քարտուղար Աբէլ Քամկօզլուի, գանձապահ Հայկօ Տէրեանի, տնօրէններ՝ Սերժ Շամահեանի եւ Արէն Մարմարի, որոնք ամիսներ առաջ ամենայն մանրամասնութեամբ ծրագրած էին այս երեկոն։ Բարեսիրական երեկոյին ներկայ էին Գանատայի ոսկերիչներու միութեան ներկայացուցիչներ, Թորոնթոյի հանրածանօթ ոսկերիչներու մեծամասնութիւնը, արտերկրէն ու Մոնթրէալէն ժամանած յարգարժան հիւրեր։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան փոխատենապետ Շանթ Բուրուդօկլու։ Ողջունելով ներկաները՝ ան ըսաւ․ «Պատիւ է այսօր ողջունել ձեզ՝ տաղանդի, աւանդոյթներու եւ վարպետութիւնը խոհրդանշող այս յատուկ հաւաքոյթին առիթով, երբ մենք կը նշենք անժամկէտ եղող արուեստ մը՝ ոսկերչութիւնը, որ որպէս հայկական մշակոյթի մէկ մասնիկ արմատացած է պատմութեան մէջ, հարստացած է հայ սերունդներու ջանքերով եւ շարունակաբար կը զարգանայ իւրաքանչիւր նոր ստեղծագործութեան հետ։ Թող այս կալան ըլլայ կապի, ոգեշնչման եւ հիացմունքի գիշեր»:
Փոխատենապետը ողջունեց պատուոյ հիւրերը՝ De Beers ընկերութեան փոխնախագահ եւ համաշխարհային Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Իվետ Ներսէսեան-Ստեֆանոպուլոսը, Canadian Gem-ի նախագահ եւ Nishi Pearls-ի տիրոջ, Հայ ոսկերիչներու միութեան համահիմնադիր Փիեռ Աքքէլեանը եւ գանատական Jeweler Magazine-էն Օլիվիէ Ֆելիսիօն։ Ան բեմ հրաւիրեց Իվետ Ներսէսեան-Ստեֆանոպուլոսը իր սրտի խօսքը ուղղելու ներկաներուն։
Ամերիկայէն ժամանած հիւրը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ ըսաւ. «Oնթարիոյի հայ ոսկերիչների միութիւնը մեր ամենէն ուժեղ մասնաճիւղերից մէկն է, որ հսկայ նախագծերի վրայ շատ կազմակերպուած եւ կենդրոնացած է աշխատում։ Մենք, որպէս Հայ ոսկերիչների միութիւն փորձում ենք աշխարհի բոլոր հայ ոսկերիչներին համախմբել, որպէսզի դրանք աշխատակցեն իրար հետ. միեւնոյնն ենք անում Հայաստանի ոսկերիչների համար, որպէսզի միասին կարողանանք միջազգային շուկայ դուրս գալ։
«Ուրախ եմ յայտարարելու, որ մայիսի վերջում Ամերիկա` Լաս Վէկասի մէջ մեր բնագաւառի ամենամեծ ներկայացման՝ JCK Trade Service-ին, կ’ունենանք հայկական տաղաւար մը, բացի դրանից, մենք համագործակցում ենք Հայաստանի «Թումօ» կեդրոնի հետ, որ կարողանանք դրսի մասնագէտներին բերենք, ո՛չ միայն աշխատելու, այլեւ՝ սովորելու քարերի ու նիւթերի մասին, այն ինչը որ ներառւում է ոսկերչութեան մէջ։ Այսպիսով ծրագրեր ենք մշակում եւ «Թումօ» ակումբի միջոցաւ ներկայացնում ենք տեղի ոսկերիչներին…: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեր գերազանց աշխատանքի եւ նուաճումների համար»։
Միութեան անդամներու ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Իվետ Ներսեսեան-Ստեֆանոպուլոսին՝ առ ի գնահատանք իր տարած անխոնջ աշխատանքին, որուն շնորհիւ հայկական ոսկերչութիւնն ու ոսկերիչները աշխարհին ծանօթացնելու առիթը կ’ընծայուի։
Ժամանակը եկած էր յարգանքի տուրք մատուցելու Օնթարիոյի հայ ոսկերիչներու միութեան խորհուրդի անդամ Հայկo Տէրեանի վաղամեռիկ կնոջ՝ Նաթալի Տարկունեան-Տէրեանի անմահ յիշատակին։ Յուզիչ պահեր ապրեցան բոլոր ներկաները, երբ Շանթ Բուրուդօղլու յայտարարեց Նաթալի Տարկունեան-Տէրեանի յիշատակին նուիրուած մրցանակի (The Natalie Dargounian-Derian legacy award) հիմնադրման մասին։ Ան մրցանակակիրին անունը յայտարարեց ու ըսաւ. «Այս մրցանակը նախատեսուած է այն կանանց համար, որոնք կը վերացնեն արգելքները, կ’ոգեշնչեն ուրիշները եւ կը նպաստեն մեր արդիւնաբերութեան շարունակական աճին ու վերելքին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ անցեալին իրականացուց Նաթալին։ Մեզի համար պատիւ է այս անդրանիկ մրցանակը շնորհել Անոjշ Տէրեան-Վարդանեանին»: Յուզիչ պահ ապրող ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին ու ողջունեցին պարգեւատրեալը, որ արցունքոտ աչքերով ստացաւ մրցանակը եւ երդուեց՝ Նաթալիին յիշատակը վառ պահելով՝ քալել անոր հետքերով։
Բեմ հրաւիրուեցաւ միութեան տնօրէն Սերճ Շամահեան՝ ներկայացնելու երեկոյի պատուոյ հիւրը։ Տնօրէնը պատուոյ հիւրը ողջունելով՝ ներկայացուց անոր կենսագրականն ու հայ ոսկերչութեան ուղիին վրայ իր ձեռնարկած յաջողութեան ու գործունէութեան քայլերը։ Ան ըսաւ․ «Այս երեկոն տօն է, ժառանգութիւն եւ մեծութիւն: Մեր միջեւ կը գտնուի անձ մը, որուն տեսլականը եւ ազդեցութիւնը ձեւաւորած են ո՛չ միայն արդիւնաբերութիւն, այլեւ՝ մշակոյթ: Փիեռ Աքքէլեանը, գանատահայ առաջադէմ ձեռներէց է, որ համեստ ընտանեկան պիզնէսը վերածեց Canadian Gem-ի, որ այժմ Գանատայի մաշտապով մարգարիտներու ամենամեծ ներկայացուցիչն է: Որպէս Canadian Gem-ի եւ Nishi Pearls-ի նախագահ՝ Փիեռ ո՛չ միայն հետեւեցաւ անցեալի միտումներուն, այլեւ՝ ստեղծեց նորը, աւելին՝ անոր ղեկավարութիւնը յանգեցուց ոսկերչական իրերու հարկի վերացման պատմական յեղափոխութեան եւ յաջողութեան։
Փիեռ համահիմնադիրն է «Հայ ոսկերիչներու միութեան» եւ «Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամ»-ին։ Ան կոտրեց բոլոր պատնէշները եւ ոլորտը հասցուց աւելի բարձր մակարդակի՝ ըլլալով առաջին հայը, որ ղեկավարած է «Գանատական ոսկերիչներու միութիւն»-ը, անոր ազդեցութիւնը կը շարունակէ ոգեշնչել ամբողջ աշխարհի նոր սերունդները: Բացի անոր բազմաթիւ ձեռքբերումներուն, Փիեռ նուիրուած աջակից է AJA Օնթարիոյի եւ անոր նուիրուածութիւնը ակնյայտ է հայկական համայնքի հզօրացման ի խնդիր: Ան ուղիներ հարթող ու ոգեշնչող ոյժ է»: Այս խօսքերը յիշելէ ետք՝ «Մենք այստեղ չէինք ըլլար առանց ձեզի» գոչելով բեմ հրաւիրեց եւ ջերմօրէն ողջունեց Մոնթրէալէն ժամանած պատուոյ հիւրը։
Հպարտանալու առիթ տուող պահը հասած էր ու՝ դիմաւորող ներկաներուն խանդավառ ծափողջիւններուն ընկերակցութեամբ՝ բեմ բարձրացող հիւրը, որպէս տեսիլք ունեցող գանատահայ ձեռներէց, պատմեց հայկական ոսկերչութեան ժառանգութեան, զարգացման եւ գերազանցութեան մասին։ Ոշագրաւ էր անոր հետեւեալ արտայայտութիւնը` «Հայաստանի զարդեղէնները, այնպէս՝ ինչպէս Զուիցերիոյ ժամացոյցները»։
Հայկական ցեղասպանութիւնը վերապրածներու թոռ Փիեռ Աքքէլեան փոխակերպած է համեստ ընտանեկան արհեստը գանատական գոհարներու եւ ազգային հեղինակութիւն վայելող ընկերութեան։ Իր ղեկավարութեան օրով, Գանատայի մարգարիտներու շուկան համաշխարհային համբաւ վաստակած է՝ իր գերազանցութեան շնորհիւ: Ան, որպէս ցեղասպանութեան իրազէկման ջատագով, սերտօրէն կը համագործակցի «Զօրեան» հիմնարկին հետ, որպէսզի պատմութիւնը երբեք չմոռցուի:
«Իմ հայկական ինքնութիւնս յաջողութեանս շարժիչ ոյժն է», յայտարարեց ան ու ծափողջիւններու տարափին ներքոյ ստացաւ Oնթարիոյի հայ ոսկերիչներու միութեան անդամներուն ձեռամբ նուիրուած պարգեւ-յուշանուէրը՝ առ ի գնահատանք ոսկերչութեան, գոհարեղէնի եւ առեւտուրի՝ հայկական, տեղական եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ տեւական յաջողութեան եւ ազդեցութեան համար։
Ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց միութեան ատենապետ Վանիկ Ճէլիլեան, շնորհաւորեց պարգեւատրեալները ու կալային նպատակը նշելով ըսաւ․ «Մեր համայնքը խորապէս կը գնահատէ գեղեցկութիւնը, արուեստը եւ իւրաքանչիւր զարդի միջոցով պատմուած պատմութիւնները: Այս երեկոյ մենք համախմբուած ենք յարգելու դարերու այդ նուաճումը եւ հայ ոսկերիչներու իւրօրինակ անգնահատելի տաղանդը, որոնք կ’արտացոլան ոսկերչութեան արհեստին ու արուեստին միջոցավ՝ ո՛չ միայն Օնթարիոյի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մաշտապով»:
Միութեան ատենապետը նշեց թէ այդ օրուան բարեսիրական կալայէն գոյացած հասոյթէն մաս մը պիտի յատկացուի Արցախեան պատերազմի մասնակից հաշմանդամ մարտիկներուն, պատերազմի պատճառով ծնողակորոյս որբերուն եւ տուժած արցախահայութեան։ Ան յիշեց Հայ ոսկերիչներու միութեան անցած երկար եւ յաջող ճանապարհը ու հիացմունքով անդրադարձաւ հայ ոսկերչութեան կազմակերպուած եւ կեդրոնացած բծախնդիր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ անթիւ ու անհամար յաջողութիւններուն, որոնց արդիւնքով անոնք կարելիութիւն կ’ունենան իրենց լուման օգտագործելու բարեսիրական նպատակներու։
Ճէլիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուոյ հիւրերուն ու ներկաներուն եւ բարի վայելում մաղթելով բեմ հրաւիրեց նուագախումբը։ Անզուգական երգիչ Արարատի երգած ճոխ երգերուն եւ նուագախումբին նուգակցութեամբ հաճելի մթնոլորտի մէջ ընթացող ընթրիքը շարունակուեցաւ ուրախ եւ Ճոխ տրամադրութեամբ։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի նոյ. 2024 թիւին մէջ: