Տիրուկին հետ. Հին վարքագիծ…

-Ահա՛, մերինները դարձեալ եկան,- բացագանչեցի կատակելով, երբ մանկապարտէզի դասարաններուն առաստաղի օդափոխիչներէն կենդանիներու ոտնաձայներ լսուեցան։

-Ինչպէ՛ս որ եկան, անանկ ալ նոյն տանիքէն ետ կ’երթան,- պատասխանեց ուսուցչուhիներէն մէկը։

-Արդեօք այս կափարիչներէն մէկը եթէ բանանք, ներս կու գա՞ն անոնք եւ կամ մեր գիրկը կ’իյնա՞ն,- կէս կատակ, կէս իրաւ հարցուց ուսուցչուհիին օգնականը։

-Ի՞նչը պիտի իյնայ, ուրկէ՞...մի՛ վախցնէք, արդէն քիչ մնաց լեղիս պիտի պայթի,- վախցած աւելցուց նոր ուսուցչուհին։

-Մի՛ մտահոգուիր, ջեռուցումը միանալուն պէս իրենց գլխուն ճարին կը նային անոնք, - անոր վախցած աչքերուն նայելով՝ ըսի ես պաղարիւնութեամբ։

-Եկո՛ւր, խոհանոցի օդափոխիչին ականջ տո՛ւր, հոն են բուն վախնալիք ձայները,- վրայ հասաւ փոխտնօրէնուհին կատակելով։

Բոլորս կը ծիծաղէինք, իսկ նոր ուսուցչուհին ափ ի բերան մեզ կը դիտէր, կը դողար, դէպի վեր, աջ ու ձախ կը նայէր ու՝ մեր պաղարիւն կեցուածքը նկատելով, կը զարմանար։ Քանի մը վայրկեան չանցած ու իր իրարանցած վիճակը չբարդացած, մեզմէ մէկը բացատրեց, թէ վախնալու կարիք չկայ, սկիւռներն են եկողները։

Սկիւռները, ջերմաստիճանի նուազումը զգալով, միշտ ապաստան կը փորձէին գտնել այդ խողովակներուն մէջ, սակայն երկար բարակ որոնումներէ ու անյաջող փորձերէ ետք դուրս կը վազէին անոնք ու բոլոր միւս սկիւռներուն նման հսկայ ծառերուն բարձրագոյն ճիւղերուն միջեւ կը հիւսէին իրենց բոյները։

Նշանաւոր են Թորոնթոյի սկիւռները։ Ոմանք պարզապէս սեւուլիկ են, ոմանք ալ դեղնորակ՝ ճի՛շդ նորաոճ ներկուած խարտեաշ մազերու գոյները ունին անոնք, իսկ անոնց պոչին գոյները բնական երանգներու ալիքներով կը շողշողան։ Ամէն տեղ են անոնք ու ամենուրեք։ Ուտելիք փնտռելու եւ կամ զիրար հալածելու խաղին տարուած կը վազվզեն՝ երկար ու թոմպուլիկ, ալիքաձեւ շարժումներով ծածանող պոչիկները իրենց ետեւէն քաշելով եւ կամ զանոնք գիտին քսելով։ Գտնուած ուտելիքը ծամծմելու ու կրծոտելու ժամանակ կանգ կ'առնեն չարուկները ու դէպի վեր ոլորած կիսալուսինի կերպարանքով պոչիկները անշարժ պահելով՝ զգուշութեամբ, աջ ու ձախ նայելով, երկու ձեռքով ամուր բռնած կաղինը կը կրծոտեն ու կը հիացնեն զիրենք դիտողները։

Յաճախ մարդոցմէ կը սոսկան անոնք ու կը փախչին, սակայն անցեալները ընկերուհիներէս մէկը կը պատմէր, թէ ինչպէս իրենց տան պատերուն մէջ բոյն շինած ու մեծ ընտանիք կազմած էին սկիւռները։ Անոնք նոյնիսկ փորձանք դառնալով՝ պատերուն մէջ տեղադրուած ելեկտրական լարերը կը կրծէին։ Ուրիշ ընկերուհի մը կը պատմէր, թէ ինչպէս իրենց պարտիզագնացութեան ընթացքին սկիւռները անընդհատ մօտենալով սեղանի ուտելիքներուն՝ ընտանի կենդանիի նման սնուիլ կամեցած էին ու աւելին՝ վախցուցած էին ապահով մթնոլորտի մէջ նստող ընտանիքի անդամներն ու անոնց փոքրիկները։ Քիչ ետք, իրենց մօտ նստող ընտանիքէն տեղեկացած էին, որ այս պարտէզի այցելուներէն ոմանք կը կերակրեն սկիւռները, եւ որուն հետեւանքով նոր վարքագիծ ձեռք բերած սկիւռները մարդոց ուտելիքը գողնալու ջանքեր կ’ընէին... ահաւասիկ առեղծուածը, որ լուծուած էր:

Տարիներ առաջ Պօպ Ռոս անունով շատ նշանաւոր գեղանկարիչ մը կար, որ հեռատեսիլի հաղորդումներուն միջոցաւ գծագրութեան դասեր կու տար ակնդիրներուն։ Աղօտ կը յիշեմ, թէ քանի մը անգամ անոր ընտանի սկիւռիկն ալ հետը նկարահանուած էր, երբ Պօպը իր ձեռքով կերակրած էր իր «ընտանի բարեկամը»։

Ես ալ մանկութեանս սկիւռները շատ սիրած եմ ու սկիւռ տեսնելու կարօտով ապրած եմ մինչեւ Թորոնթօ գալս։ Թերեւս նախակրթարանի հայերէնի «Շողական» գիրքերէն մէկուն մէջ կար սկիւռիկի մը նկարը եւ կամ պատմութեան գիրքերուս մէկուն հերոսն է՞ր ան, ճշգրտօրէն չեմ յիշեր, բայց գիտեմ որ յատուկ սէր մը ունեցած եմ այս փոքրիկ սկիւռներուն հանդէպ։

Մօտաւորապէս հինգ ու կէս տարի առաջ, փետրուար ամսուն վերջն էր, երբ հասանք Թորոնթօ։ Ձիւներուն վրայ ցատկռտող սկիւռներուն խաղերը տեսնելով այնքան հրճուեցայ, որ ցուրտը մոռցած՝ երկար ժամանակ դիտեցի անոնց չարութիւնները։ Թերեւս ալ իրենց ուտելիք փնտռելու փորձերը ես չարաճճիութիւն կարծած էի ու՝ իրենց այդ եռուզեռը նկարահանելով, Հայաստանի մէջ գտնուող երկամեայ թոռնիկիս ցոյց տուած էի։

Թոռնուհիս՝ Ալեքսանտրաս ալ մեծմամային նման սկիւռները շատ կը սիրէ, իսկ ես՝ իր սիրոյն համար ամէն անգամ կը մօտենամ իմ սեւուլիկ «ընկերներուս» եւ՝ զանոնք նկարահանմանս աստղերը դարձնելով, կ’ուղարկեմ ու կ’ուրախացնեմ թոռնուհիս։

Հիմա աշուն է ու սկիւռները ձմռան բուքէն պաշտպանուելու նպատակով ապաստան կը փնտռեն։ Հիմա ալ այդ վազվզուքին մէջ են ինկած խեղճերը։ Այնքան տարուած են իրենց աշխատանքով ու ապահով վայր մը գտնելու ճիգով, որ սուրացող ինքնաշարժներն անգամ նկատի չեն առներ։ Չես գիտեր, թէ ուրկէ՞ կը յայտնուին ու չորս կողմդ կը դառնան անոնք, եւ փոխան մարդոցմէ վախնալու՝ դուն ես, որ կը վախնաս զիրենք կոխկռտելէ եւ կամ կենդանասպան ըլլալէ։

Տաքուկ տանս մէջ նստած, հայկական սուրճի բոյրով յորդող բաժակէն վեր բարձրացող մուխերուն մէջէն կը դիտեմ պարտէզին մէջ վազվզող ու ելեկտրականութեան լարերուն վրայէն լարախաղացի վարպետութեամբ զիրար հալածող սկիւռները։ Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ միլիոնաւոր ծառերով ու անծայրածիր անտառներով պատած է այս հսկայ երկիրը, ուր միլիառաւոր սկիւռներ կրնան իրենց «դղեակները» ամենայն հանգստութեամբ եւ ապահովութեամբ հիւսել ծառերու գագաթներուն։ Միեւնոյն ժամանակ կը մտածեմ հոս ապաստանած մարդոց մասին, որոնք աշխարհի չորս կողմերէն հասած՝ ցուրտ, սակայն ապահովութեամբ ջերմացող երկրի մը մէջ իրենց տուները կառուցած են ու այս երկիրը ՏՈՒՆ անուանած…այս մտածումներով տարուած, կամայ ակամայ միտքս կ’երթայ հոն՝ մեր էրկիրը՝ Մեծ Հայք ու Փոքր Հայք, ուր երկար դարեր, փարթամ հարստութիւններով ճոխ պատմութիւն ունեցած ենք։ Մոգական լեռներով պատուած, հսկայ անդաստաններով, խիտ անտառներով, արեւահամ պտուղներով լի ծառերով, ոսկի դաշտերով, կանչապատ բերրի հողերով, քաղցրահամ ջուրերու գետերով, աղի ջուրերու ծովերով ու կապուտակ լիճերով սուրբ Էրկիր անուանուած ենք Արարատի էրկիրը, որուն մեծամասնութիւնը՝ անցեալէն մինչեւ այսօր անարդարութեամբ իւրացուց է անողորմ թշնամին։ Իր կողոպտելու վարքագիծը օրըստօրէ զարգացնելով կամ մեր տան պատերուն մէջ անօրինութեամբ իր թունաւոր բոյնը շինելով, անցեալէն այսօր, իր արիւնոտ սուրը խրեց ու տակաւին կը փորձէ խրել մեր կոկորդը, իսկ մեզմէ ոմանք փոխան երկաթեայ շերեփի՝ թուղթէ շերեփը բռնած, հարիսայի մեր բաժինը վերցնել կը կամենան։ Անդին մեր եղբայրները, տակաւին անտուն մնացած, կը թափառին իրենց մայր հողին կարօտը զգալով, ու իրենց տուն դառնալու թուղթէ շերեփները կը թրջուին եւ օրըստօրէ փոշի կը դառնան։

Մոռցայ ըսելու, որ արեւին տակ պտըտող ու կաղին փնտռող անուշիկ սկիւռներէն զատ, փողոցի մեծ աղբամաններուն մէջ, աղբի աւելցուկները փնտռող առնէտավարի սկիւռներ ալ կան: Անոնք՝ աղբ մը թափելուդ ժամանակ յանկարծակի ցատկով լեղապատառ կ’ընեն քեզ, կը խածնեն եւ կամ դէմքդ կը ճանկռտեն, ապա՝ փախուստի ճամբան կը բռնեն։ Սակայն աղբամանին կափարիչը գոցելուդ, կամ հոնկէ հեռանալուդ պէս՝ իրենց նախընտրած սիրելի վայրը՝ աղբամանը, կը դառնան ու գարշելի հոտերու եւ մութ անկիւններու մէջ կը գտնեն իրենց հանգիստն ու նախընտրած հաճոյքը... որքա՜ն շատ են անոնք ու անկաշկանդ...է՜հ, հասկցողաց շատ բարեւ... ֎

***

Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի նոյ. 2024 թիւին մէջ:


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Reflections on Ara Baliozian: The case for supporting English-language Armenian writers

Next
Next

Օնթարիոյի Հայ ոսկերիչներու միութեան բարեսիրական կալա ընթրիքը՝ Հայ կեդրոնէն ներս