«Այս տարուան ձեռնարկով մենք պիտի յիշենք մեր հերոսները, պիտի զգանք անոնց ոգին եւ զայն փոխանցենք գալիք սերունդներուն»
Ազգ մը կ՚ապրի ոչ միայն իր ներկայի շունչով, այլ՝ իր յիշողութեան խորքերէն բխող լոյսով։ Կան ձեռնարկներ, որոնք պարզ հանդիսութիւններ չեն, այլ՝ ուխտ, վերանորոգում եւ հոգեւոր վերածնունդ։ «Տոհմիկ օր»-ուան նախաձեռնութիւնը այդ եզակի առիթներէն մէկն է, երբ սերունդներու ձայները կը միախառնուին, անցեալին յիշատակները կը վերակենդանանան եւ ներկան կը ստանայ իր ուղղութիւնը։ Այս տարուան ձեռնարկը, «Տոհմիկ օր»-ուան 32-րդը, իր ամբողջ խորքով, նուիրուած է հայու աննկուն ոգին մարմնաւորող հերոսներուն՝ անոնց, որոնց անունները ո՛չ միայն պատմութեան էջերուն մէջ են, այլ նաեւ մեր հաւաքական հոգիին մէջ։
Այս առիթով «Թորոնթոհայը» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Տոհմիկ օր»-ուանյանձնախումբի ատենապետ Սոնիա Գրաճեանին հետ, որպէսզի մեր ընթերցողներուն փոխանցէ տարուած անհամար աշխատանքներուն եռուզեռը։
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք տարիներէ ի վեր ձեր ներգրաւուածութիւնը «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբին մէջ ։
Սոնիա Գրաճեան- Երկար տարիներէ իվեր ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններն ու գործունէութիւնս դարձած են առօրեայիս անբաժան մասը։ Այս ուղին չեմ ընտրած որպէս պարզ զբաղում, այլ՝ որպէս կոչում։ Մեծ սիրով ու խոր նուիրումով կը կատարեմ այս աշխատանքը, որովհետեւ մեր ժառանգութիւնը, մշակոյթը եւ ազգապահպանութիւնը ինծի համար սրբազան առաքելութիւններ են։
ՏՄԿ- Այս տարուան թեման ինչո՞վ կը տարբերի նախորդ տարիներէն։
ՍԳ- Այս տարուան թեման ունի բացառիկ խորք եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Մինչեւ հիմա, մասնաւորաբար 2019-էն 2025, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Միջին Արեւելքի եւ Նեղոսի ափերուն ծաղկած հայկական գաղութներուն վրայ։ Սակայն այս տարի մեր հայեացքը կը դարձնենք դէպի այն լոյսերուն` մեր հայ ազգային հերոսներուն, որոնք երբեք չեն մարիր:
ՏՄԿ- Ի՞նչ կը խորհրդանշեն այդ հերոսները ձեզի համար։
ՍԳ- Պատմութիւն կերտած եւ պայքարով յաւերժացած մեր հերոսները մեր հողին շունչն են, մեր գոյութեան արդարացումը, մեր յաւերժութեան կենդանի վկայութիւնը։ Անոնք են, որոնք իրենց կեանքը դարձուցին սահման, իրենց արիւնը՝ դրօշ եւ իրենց պայքարը՝ ուղի։ Կան հերոսներ, որոնք սուրը ձեռքին կերտեցին պատմութիւն, կան ոմանք, որոնք խօսքով ու միտքով լուսաւորեցին մեր ճանապարհը, եւ կան որոնք լուռ զոհաբերութեամբ դարձան մեր գոյատեւման անսասան հիմքը։ Այս ձեռնարկով մենք ոչ միայն կը յիշենք զանոնք, այլ կը փորձենք վերապրեցնել անոնց ոգին, զգալ անոնց շունչը եւ զայն փոխանցել գալիք սերունդներուն։
ՏՄԿ- Այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ուան թեման ի՞նչ կ'ընդգրկէ իր մէջ։
ՍԳ- Այս տարուան թեման կը տարածուի մեր հնադարեան պատմութենէն մինչեւ մեր օրերը։ Ան կը ներառէ կին հերոսներու վեհ կերպարները, մշակութային եւ կրօնական հսկաները, ինչպէս նաեւ մեր ժամանակներու՝ մասնաւորաբար Արցախի պատերազմներու հերոսները։ Այս ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ հայու աննկուն կամքն ու անսպառ ստեղծագործ ոգին։
ՏՄԿ- Ե՞րբ պիտի կայանայ ձեռնարկը եւ ի՞նչ ձեւաչափով։
ՍԳ- «Տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 21 եւ 22 նոյեմբերին ։ Ծրագիրը կը կառուցուի երեք հիմնական առանցքներու շուրջ՝ աւանդական խրախճանք (dinner dance), յատուկ գիրքի հրատարակութիւն եւ մշակութային-դասախօսական ցերեկոյթ։
ՏՄԿ- Այս տարուան ձեռնարկին հիմնական պատգամը ո՞րն է։
ՍԳ- Այս ձեռնարկը յուշ չէ միայն, այլ՝ փոխանցում։ Մենք կը ձգտինք մեր հերոսներուն ոգին փոխանցել յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք չմոռնան, թէ ինչ գինով կերտուած է մեր գոյութիւնը։ Երբ հերոսը կը յիշուի, ան կը շարունակէ ապրիլ. եւ երբ անոր ոգին կը փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն, ազգը կը շարունակէ իր երթը՝ աւելի հզօր եւ աւելի գիտակից։
ՏՄԿ- Ինչպէ՞ս կը կազմակերպուին նախապատրաստական աշխատանքները, ի մասնաւորի այս ձեռնարկին բնորոշ գիրքին հրատարակութեան աշխատանքները։
ՍԳ- Աշխատանքները բաժնուած են տարբեր ենթայանձնախումբերու միջեւ, իւրաքանչիւրը իր յստակ առաքելութեամբ կը գործէ։ Այս համագործակցական աշխատանքները լաւագոյն գրաւականն են ամբողջական եւ բարձրորակ ձեռնարկ մը կազմակերպելու։
Գիրքը պիտի ըլլայ այս ձեռնարկին հոգին՝ թուղթի վրայ դրուած յիշողութիւն, արժեւորում եւ ժառանգութիւն։ Անոր պատրաստութիւնը կը պահանջէ ամիսներու նուիրուած աշխատանք։ Մեր նպատակն է ստեղծել բացառիկ հրատարակութիւն մը, որ արժանի կերպով կը ներկայացնէ մեր հերոսներուն մեծութիւնը։
ՏՄԿ- Նուիրատուներուն դերը ինչպէ՞ս կը գնահատէք։
ՍԳ- Մեր նուիրատուները մեր առաքելութեան անփոխարինելի սիւներն են։ Անոնց տարիներու նուիրումն ու հաւատարմութիւնը մեր ձեռնարկներու իրագործումը հնարաւոր կը դարձնեն։ Իրենց կենսական օժանդակութիւնը եւ աջակցութիւնը, մանաւանդ գիրքի հրատարակութեան, կը գնահատուի խորին երախտագիտութեամբ։
ՏՄԿ- Իսկ գեղարուեստական եւ հանդիսաւոր բաժինները ի՞նչ կը ներառեն։
ՍԳ- Երկու օրերուն ալ պիտի ունենանք գեղարուեստական հարուստ ծրագիր։ Երգ, խօսք եւ բեմադրութիւն պիտի միախառնուին՝ ստեղծելով մշակութային տպաւորիչ մթնոլորտ։ Այս տարի մեզի պիտի միանայ երգիչ Սեւակ Յարութիւնեանը, իր «Հայկազուններ» նուագախումբով՝ խանդավառելու ներկաները մինչեւ ուշ ժամեր։ Այլին Հերոսեանն ալ փունջ մը երգեր պիտի մատուցէ արուեստասէր ներկաներուն։
ՏՄԿ- Ի՞նչ ճաշատեսակներ կը նախատեսէք պատրաստել եւ հրամցնել։
ՍԳ- Մենք կը ձգտինք պահպանել տոհմիկ շունչը նաեւ ճաշատեսակներուն մէջ։ Ընտրուած ուտեստները կը կրեն մեր ազգային համերն ու աւանդոյթները՝ դարձնելով երեկոն ո՛չ միայն մշակութային, այլ նաեւ զգայական ամբողջական փորձառութիւն։
ՏՄԿ- Ի՞նչ ուղերձ ունիք հանրութեան։
ՍԳ- Մենք կը հրաւիրենք մեր գաղութի բոլոր անդամները՝ իրենց ընտանիքներով, ներկայ գտնուելու այս ձեռնարկին։ Թող այս առիթը դառնայ միասնութեան պահ, բոլորս մէկ սրտով ու մէկ հոգիով յարգենք մեր հերոսներուն անմար յիշատակը եւ վերանորոգենք մեր հաւաքական ուխտը։
Հերոսները չեն մահանար, երբ անոնց անունները եւ սխրագործութիւնը կը փառաբանուին սերունդէ սերունդ, երբ անոնց կեանքի պատմութիւնը կը վերածուի ուղեցոյցի, եւ երբ անոնց ոգին կը դառնայ ներշնչման աղբիւր։ «Տոհմիկ օր»-ուան այս նախաձեռնութիւնը պարզ յիշատակի ձեռնարկ մը պիտի չըլլայ, այլ՝ վերարժեւորման եւ վերապրումի առիթ մը։ Երբ մենք կը յիշենք, կը շարունակենք գոյատեւել, երբ կը յարգենք, կը զօրանանք եւ երբ կը փոխանցենք, կը յաւերժացնենք։ ֍
Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2026-ի (#225) թիւին մէջ: