Թորոնթոյի մէջ նշուեցաւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի ծառայական յոբելեանը
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Ուրբաթ, 17 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահէն ներս արժանավայել շուքով նշուեցան Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-րդ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-րդ, ինչպէս նաեւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդական մականին ստանձնման 10-րդ տարեդարձները։
Յոբելենական սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողմէ՝ Գանատայի Հայոց թեմի կրօնական եւ խառն ժողովներու նախաձեռնութեամբ եւ Վահէ եւ Հռիփ Թոգմաքճեաններու հովանաւորութեամբ։
Ըստ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հրապարակած հաղորդագրութեան, հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան թեմի հոգեւոր հայրերը, Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեան, Օնթարիոյ նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեան, քաղաքական դէմքերու ներկայացուցիչներ, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Սրբազան համերգը սկիզբ առաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասի Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ՝ խմբավարութեամբ Հիլտա Գանտահարեանի։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ դոկտ. Գրիգոր սրկ. Պէպէճեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, նշեց, թէ այս ձեռնարկը երախտագիտութեան արտայայտութիւն է առաջնորդ Սրբազան հօր նկատմամբ, որ իր տեսլականով եւ հայրական հոգատարութեամբ համախմբած ու զօրացուցած է համայնքը՝ նպաստելով թեմի հոգեւոր, ազգային եւ կրթական կեանքի զարգացման։
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ կրտսերաց դպրաց դասը՝ ներկայացնելով հոգեւոր երգեր եւ շարականներ։ Ապա ելոյթ ունեցաւ «Ազնաւորեան» դպրաց դասը՝ խմբավարութեամբ Անուշ Գալուստեանի, որ բարձր կատարողականութեամբ եւ բազմաձայնութեամբ մեկնաբանեց հինգ հոգեւոր երգեր։ Զոյգ երգչախումբերուն դաշնամուրով ընկերակցեցաւ Նարինէ Սեռերեան Մուրատեան։
Ուղերձով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի հովուական, կրթական, ազգային եւ եկեղեցաշինութեան վաստակը, անոր մշտական զօրակցութիւնը Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ վերջին տասը տարիներուն Գանատայի թեմէն ներս անոր ծաւալած առաջնորդական տեսլականը։ Տէր հայրը շնորհաւորեց յոբելեար Սրբազանը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արդիւնաւէտ տարիներ։
Շնորհաւորական խօսք արտասանեց նաեւ Օնթարիոյ նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեան, որ փոխանցեց Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտի ջերմ բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորական գիրը։
Հանդիսութեան երկրորդ բաժնի ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հնագոյն շարականներէն փունջ մը՝ մայէսթրօ Արմէն Ամիրխանեանի արդի գործիքաւորումներով։ Ութ շարականները մեկնաբանեցին Գարեգին ծվ. Շխրտմեան, Նշան քհն. Մանուկեան, Գէորգ սրկ. Գատէհճեան եւ երգիչ Էլի Պէրպէրեան։
Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ շնորհաւորական խօսք ըսաւ վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեան՝ բարձր գնահատելով Սրբազան հօր երկարամեայ ծառայութիւնն ու նուիրումը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին։
Ձեռնարկի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի կեանքի եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան հարուստ վաստակին։ Աւազանի անունով Յակոբ, ծնած է Պէյրութ (Լիբանան), 1965-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ, իսկ 1976-ին ընդունուած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը։ Հնգամեայ ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէն ետք ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ ընծայարանի եռամեայ Աստուածաբանական եւ հայագիտական դասընթացքը բոլորելէ ետք, 1984-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է՝ ձեռամբ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի՝ վերակոչուելով տ. Բաբգէն աբեղայ։
Այնուհետեւ պաշտօնավարած է դպրեվանքին մէջ իբրեւ ուսուցիչ եւ հսկիչ, ինչպէս նաեւ դասաւանդած է Թռչնոց բոյնի եւ Ազգային Թորգոմեան վարժարաններուն մէջ։ 1989-ին ներկայացնելով «Հայ հոգեւորականութեան կորուստը Մեծ եղեռնին» աւարտաճառը՝ ստացած է վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին։ 1986-1993 տարիներուն վարած է գաւազանակրութեան պաշտօնը եւ եղած անձնական քարտուղարը Գարեգին Բ. հայրապետին, միաժամանակ վարելով քահանայից դասընթացքի վարիչի պաշտօնը եւ եօթը տարի հայագիտական ու կրօնագիտական նիւթեր դասաւանդելով Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ։
1993-1996 տարիներուն եղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց առաջին հոգեւոր հովիւը (կեդրոն ունենալով Շարժան եւ հովուելով նաեւ Տուպայի ու Ապու Տապիի համայնքներուն)՝ միաժամանակ դասաւանդելով տեղւոյն միօրեայ վարժարաններէն ներս։ 1996-ին ստանձնած է Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) հոգեւոր խորհրդատուի պաշտօնը։
1996-2002 տարիներուն ծառայած է ԱՄՆ Արեւմտեան թեմէն ներս՝ իբրեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ եւ թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ։ 1998-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան՝ ձեռամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
2002-2004 թուականերուն ծառայած է Բերիոյ թեմէն ներս (Սուրիա)՝ իբրեւ Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ (կեդրոն՝ Գամիշլի)։ 2004-ի օգոստոսին ընտրուած է Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, իսկ 28 յունուար 2005-ին՝ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքին մէջ գումարուած թեմի 12-րդ պատգամաւորական ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ։
Յունիս 2006-ին Անիլիասի մայր տաճարին մէջ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է՝ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի։ 2014-ին Սպահանի մէջ նշուած են անոր քահանայութեան 30-ամեակն ու առաջնորդութեան 10-ամեակը, որոնց առթիւ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստացած է Արքութեան տիտղոս։ Տասներկու տարի շարունակ (2004-2016) վարած է Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան առաջնորդի պաշտօնը, որմէ ետք՝ 2016-ին ստանձնած է Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը։
Աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծվ. Շխրտմեան բեմ հրաւիրեց մասնակիցներն ու հոգաբարձութեան անդամները եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու հաւատացեալներուն անունով տ. Բաբգէն արք. Չարեանին նուիրեց ոսկեզօծ Առաջնորդական գաւազան մը։
Իր սրտի խօսքին մէջ Առաջնորդ սրբազան հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ նշելով, որ այս ամեակները ծառայական կեանքի հանգրուաններ են, արժեւորման եւ ուխտի վերանորոգման առիթներ, շարունակելու համար ծառայութիւնը նոյն հաւատքով ու յանձնառութեամբ՝ յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, ինքնութեան եւ գալիք սերունդներուն։
Յոբելենական հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան հօր պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ։
Սուրբ պատարագ եւ ընդունելութիւն՝ տ. Բաբգէն ս. արք. Չարեանի երեք յոբելեաններուն առիթով
Կիրակի, 19 յուլիս 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ տ. Բաբգէն ս. արք. Չարեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-րդ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներուն առիթով, Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։
Պատարագին ներկայ էին տ. Վիգէն վրդ. Տալգլըճեան, տ. Յակոբ վրդ. Եագուպեան, եկեղեցւոյ Հովիւ տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թէրզեանն ու վարչութեան անդամները, եկեղեցւոյ երեսփոխաններն ու հոգաբարձութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Սրբազան հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ Հայ կեդրոնի սրահ, ուր խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ ատենապետ Կարօ սրկ. Սարգիսեան։ Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ առաջնորդ սրբազան հօր երեք յոբելեանները պարզապէս թուականներ չեն, այլ վկայութիւններ են հաւատարիմ ծառայութեան, անսասան առաջնորդութեան եւ Քրիստոսի, Սուրբ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին հանդէպ անվերապահ նուիրումին։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Սրբազան հայրը իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին մարմնաւորած է ճշմարիտ հովուական առաջնորդութիւնը՝ խոնարհութեամբ, իմաստութեամբ եւ հայրական սիրով առաջնորդելով ու մխիթարելով հաւատացեալները եւ հաւատարիմ մնալով Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութեան։
«Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, «Պահպանիչ» աղօթքով Սրբազան հայրը օրհնեց ներկաները, որոնք այնուհետեւ մօտեցան՝ աջահամբոյր կատարելու եւ իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցելու յոբելեար Սրբազան հօր։ ֍
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ: Լուսանկարները տրամադրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին: