Պատմական երեկոյ, իշխանական նուիրատութիւն եւ նոր կեդրոնի անուանակոչութիւն. Թորոնթոհայութիւնը օժտուեցաւ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնով

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» — Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցը, եկեղեցին ու համայնքային կեդրոնները եղած են ու կը շարունակեն մնալ գաղութի մը գոյատեւման, ինքնահաստատման եւ ծաղկումի կարեւորագոյն կռուանները։ Հայկական կեանքը կարելի չէ պատկերացնել եւ կամ երաշխաւորուած համարել առանց հայ հաստատութիւններու գոյութեան եւ անոնց զարգացման։

Ուրախութիւն է արձանագրել, որ թորոնթոհայութիւնը համարձակ եւ հպարտալի նախաձեռնութեամբ մը տէր դարձաւ կրթական-մշակութային նոր կեդրոնի մը. շուրջ քառասուն հազար քառակուսի ոտնաչափ մակերեսով եռայարկ կառոյց, որ նախապէս եղած է քոլէճ եւ որպէս այդպիսին ունի ժամանակակից կրթական միջավայր ապահովելու գրեթէ ամէն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները։

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան իր խօսքը կ’ուղղէ (լուսանկարը՝ White Photo-ի)

Մարտահրաւէրը աւելի քան երբեք հրամայական կը դարձնէր նման ծրագրի մը իրագործումը, երբ համայնքի թուական զգալի աճին բերումով կարիքը կար աւելի մեծ տարածքի՝ երիտասարդական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու համար: Եւ պատի'ւ համայնքի օրուան ղեկավարութեան, որ գիտակից յանձնառութեամբ եւ ապագայատեսիլ հեռատեսութեամբ ձեռնարկեց եւ յաջողցուց նման յանդուգն գործ մը։ Հպարտալի իրագործում, որ պիտի բաւարարէ համայնքի ե՛ւ կրթական կարիքները, ե՛ւ պիտի ապահովէ համայնքին կենսունակ հաւաքական-մշակութային գոյերթը։ Յաջողութիւն մը, որ ի յառաջագունէ խոստումնալից է։

Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան (լուսանկարը՝ White Photo-ի)

Այդ իմաստով, շաբաթ, 4 յուլիս 2026-ին, 211 Consumers Road հասցէին վրայ գտնուող նոր կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանգանակային երեկոն լաւագոյն ապացոյցն է, եւ պիտի մնայ յիշարժան` կեդրոնը անուանակոչելու «Նարեկ կրթական եւ մշակութային կեդրոն»-ով, Հասըրճեան ընտանիքի կողմէ համայնքի պատմութեան մէջ իշխանական մեծագոյն նուիրատութեամբ (հինգ միլիոն գանատական տոլար) եւ գալիք մեծ ծրագիրներու յայտնութեամբ` ինչպիսին են՝ 211 Consumers Road-ի շէնքը անհրաժեշտ յարմարութիւններով օժտելն ու Hallcrown Place 50 հասցէի վրայ գտնուող Երիտասարդական կեդրոնը ընդլայնելը, հաստատաքայլ ընթացքով իրագործելը։

Նոր ձեռք բերուած կառոյցէն ներս դրամահաւաքի երեկոյին ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող պատկառելի թիւով թորոնթոհայեր։

Հանգանակային երեկոյին պաշտօնական բաժինը սկիզբ առաւ Հանգանակային արշաւի յանձնախումբի (ACC Beyond) ատենապետ եւ օրուան հանդիսավար Ռազմիկ Թիթիզեանի ողջոյնի խօսքով, որ վեր առաւ լայն մտածելու, մեծ ծրագիրներ իրագործելու համար մարտահրաւէրներէն չվախնալու, հեռապատկեր ունենալու կարեւորութիւնը եւ ներկաներուն յայտնեց, թէ՝ «նախանցեալ տարի երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման ծրագիրը այսօր փոխարինուած է նոր կեդրոնի գնման աշխատանքով»։

Հանգանակային արշաւի յանձնախումբի (ACC Beyond) ատենապետ եւ օրուան հանդիսավար Ռազմիկ Թիթիզեան (լուսանկարը՝ White Photo-ի)

Երեկոյի պաշտօնական բաժնի վերջաւորութեան կրկին անգամ խօսք առնելով, ան զեկուցեց յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն մասին, բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ մասնակից դարձան ծրագիրի յաջողութեան։ Երախտագիտութեամբ յայտարարեց մեծագումար նուիրատուութիւն կատարողներուն անունները, յայտնեց որ կատարուած են խոստումներ եւս, իսկ հանգանակութեան ընթացքը կը մնայ շարունակելի։ Ան իր խօսքը փակեց՝ ըսելով. «Անհերքելի իրականութիւն է, թէ երբ մեր համայնքը կը միանայ մէկ ընդհանուր տեսլականի շուրջ, կարելի կ’ըլլայ իրականացնել մեծ գործեր եւ մեծ նախաձեռնութիւններ»։

Բացման խօսքով հանդէս եկող, Հայ կեդրոնի նախագահ, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ շէնքին ձեռքբերումը գաղութի նիւթական ներդրումով իրականացած է, բայց շէնքէն աւելի կարեւորը, թէ այս իրագործումով գաղութը ցոյց կու տայ, որ հաւատացողն է իր ապագային, հաւատացողն է հայ կրթութեան, համայնքի կենսունակութեան եւ ամենէն կարեւորը, որ պատրաստ է շարունակելու նախորդ սերունդներուն այն գործը, որ կատարած են դպրոց հիմնելով նորահաս սերունդներուն համար։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ համայնքի յառաջընթացը ապահովելու համար չեն վախցած մարտահրաւէրներէն, այլ ցուցաբերած են անհրաժեշտ հեռատեսութիւն ու խիզախութիւն գործը յաջողցնելու համար։ Սխրալի իրագործում մը, որ թորոնթահայութեան հզօրացման եւ անոր շարունակական զարգացման պիտի նպաստէ։ «Կու գան պահեր, երբ համայնքներ պէտք է ունենան հեռատեսութիւն եւ քաջութիւն որոշ վտանգներ ընդունելու, որովհետեւ երբեմն վտանգի չդիմելը աւելի մեծ վտանգ է, քան այն անորոշութիւնը, որ կրնայ զսպել համայնքի մը յառաջընթացը», նկատել տուաւ ան:

Կրթական մարմինին անունով խօսք առած տոքթ. Կարնի Թաթիկեան (լուսանկարը՝ White Photo-ի)

Հասըրճեան հաստատեց, որ ներկայիս թորոնթոհայը շատ աւելի արժէքներ ունի պահպանելու, եւ շատ աւելի բան կորսնցնելու, քան քառասուն տարիներ առաջ։ «Հիմա հերթը մերն է կառուցելու, մեր հերթն է ներդրում կատարելու, յաջորդ սերունդին արժէքաւոր ժառանգութիւն ձգելու», ըսաւ ան։ Իսկ խօսքի աւարտին երախտագիտութիւնը յայտնեց կամաւորներուն, կազմակերպութիւններուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գիտելիքները, աշխատանքը եւ աջակցութիւնը տրամադրեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար։

Կրթականէն բացի, կառոյցը նախատեսուած է ըլլալու համայնքային, մշակութային-երիտասարդական կեդրոն, գաղութի հաւաքավայր, ուր միութիւնները պիտի կարենան համախմբուիլ, ուր աշխուժ մշակութային կեանքի կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին, համայնքային ձեռնարկներ կազակերպուին, եւ ուր երիտասարդութիւնը պիտի գտնէ իր ինքնութեան ու ժառանգութեան ծանօթանալու հարազատ միջավայր եւ յարմարաւէտ կարելիութիւններ։

Ապա Հասըրճեան մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այս շէնքը, որ պիտի ըլլայ կրթութեան, մշակոյթի եւ համայնքային կեանքի կեդրոնը, կ’անուանակոչուի «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն», ի պատիւ Գրիգոր Նարեկացիին, որովհետեւ արդէն հազար տարիէ աւելի է, որ «Նարեկ»-ը հայ ժողովուրդին համար կը խորհրդանշէ իմաստութիւն, գիտութիւն, հաւատք, ստեղծագործութիւն եւ մշակութային ժառանգութիւն։

«Անոր ժառանգութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ կրթութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պահպանուող արժէքներ չեն միայն. անոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, երբ համայնքները կը ներդնեն ապագային մէջ։ Կը հաւատանք, որ «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն» անունը կը մարմնաւորէ թէ՛ այս շէնքին առաքելութիւնը եւ թէ՛ մեր համայնքին ձգտումները», ըսաւ Հասըրճեան:

Կրթական մարմինին անունով խօսք առած տոքթ. Կարնի Թաթիկեան (ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 2008 տարեշրջանի շրջանաւարտ), հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան պատմութեան. 1979-ին, օրուան «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի որոշումով բացուած կրթօճախը սկսած է գործել ընդամէնը եօթանասունհինգ աշակերտներով` բողբոջէն երկրորդ դասարան։ Տարուէ տարի դասարաններու յաւելումով դարձած է երկրորդական վարժարան, որ առաջին շրջանաւարտները տուած է 2005-ին։ Իսկ 2026-2027 դպրոցական տարեշրջանին ցարդ արձանագրուած են եօթը հարիւր քսան աշակերտ։

Նոր կեդրոնը օժտուած պիտի ըլլայի մասնագիտական, ուսումնական արդիական յարմարութիւններով, պիտի ունենայ արուեստի, ռոբոտաշինութեան յարուկ աշխատանոցներ, ինչպէս նաեւ մուլտիմեդիայի յատուկ բաժին եւ մարզասրահ։

Հանգանակային երեկոյին յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն` ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկաները ծանօթացան կառոյցի բաժիներուն եւ յարմարութիւններուն։

Շէնքի սենեակներէն մին: (լուսանկարը՝ White Photo-ի)

Թորոնթոհայութիւնը անհամբեր կը սպասէ Նարեկ կեդրոնին պաշտօնական բացման, որ տեղի պիտի ունենայ 20 սեպտեմբեր 2026-ին։

Աւելցնենք, որ 7 յուլիս 2026-ին, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի շէնքին ձեռքբերման նպատակով, իբրեւ մասնաճիւղի անդամակցութեան հաւաքական կամքի եւ նուիրումին արտայայտութիւն, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին յանձնեց 500 000 տոլարի արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրոնը։ Այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը կը խորհրդանշէ մասնաճիւղին խոր հաւատքը ազգային կրթական, մշակութային եւ համայնքային արժէքներու պահպանման ու զարգացման գործին եւ կը վերահաստատէ ՀՕՄ-ի առաքելութեան անսակարկ նուիրուածութիւնը՝ ծառայելու հայ ժողովուրդի մնայուն ու համազգային շահերուն։ ֍

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի: (լուսանկարը՝ White Photo-ի)


Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ: Լուսանկարները՝ White Photo-ի. տրամադրած է ACC Beyond յանձնախումբը:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Next
Next

Ottawa names Julie Crowley as next Ambassador to Armenia