Mind Matters դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ

Երբ ֆիզիքական ու հոգեմտային առողջութիւնը զուգահեռ կ’ընթանան՝ կ’առաջնորդեն առողջ եւ գիտակից հոգեմտաւոր ապրելաձեւի, որ կը նպաստէ անհատին եւ միջավայրին միջեւ զգաստութիւն, գիտակցութիւն եւ հասկացողութիւն ստեղծելուն։ Սոյն մեկնակէտէն առաջնորդուելով, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան (ACMAO) Միացեալ դաստիարակչական յանձնախումբը կիրակի, 23 մարտին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30-ին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս կազմակերպեց՝ «Հոգեմտային առողջութիւն՝ Mind Matters» խորագիրով ուշագրաւ հանրային դասախօսութիւն մը, որուն դասախօսն էր տոքթ. Միրա Միթրի։

Օրուան հանդիսավար Սարին Փօլատեան Միացեալ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ դիտել տուաւ, որ ՀՕՄ-ը եւ ACMAO-ը նմանօրինակ ձեռնարկներով մշտապէս կը ձգտին բարձրացնել մեր համայնքին իրազեկումը՝ ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր առողջութեան կարեւորութեան մասին։ Հանդիսավարը շնորհակալութիւն ու երախտապարտութիւն յայտնեց տոքթ. Միթրիին, որ սիրայօժար ընդունեց իրենց հրաւէրը։

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի։ Ան մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս դասախօսութիւնը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն, որոնք մօտ երեք ամիսէ ի վեր միասին համագործակցեցան կազմակերպելու այս ձեռնարկը։ Ընկհ․ Անին շատ կարեւոր նկատեց այս դասախօսութեան նիւթը. «Հոգեմտային առողջութիւն ունենալը կամ հոգեմտային առողջութիւն կորսնցնելը մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան մեր բոլորին առօրեայ կենաքին վրայ։ Եթէ դուք առողջ էք, վստահ եմ որ ձեր ընտանիքի անդամներէն, բարեկամներէն կամ գործակիցներէն մէկը առողջ չէ եւ պէտք պիտի ունենայ սորվելու այս կարեւոր նիւթին մասին», ըսաւ ան:

Հոթոյեան-Ժոլի նաեւ ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմութիւնը, մասնաւորապէս «Ռուբինա» մասնաճիւղի պատմութիւնը եւ բարեսիրական օժանդակութեան աշխատանքները, որոնց հասոյթներէն մաս մը կը յատկացուի հայրենիքին, հայ կամ օտար բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան բոլոր ծրագիրներուն։

Շահեկան այս դասախօսութեան միտումով, երկու միութիւնները՝ ՀՕՄ-ն ու ACMAO-ն, իրարու կամրջող՝ ատամնաբուժ տոքթ. Անի Հասըրճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ երախտապարտութեամբ նշեց իր՝ ՀՕՄ-ի շարքերուն մասնակցելու առաքինի տասնչորս տարիներուն, ինչպէս նաեւ ACMAO-ի վարչական կազմի անդամակցութեան մասին։ Ան մատնանշեց երկու միութիւններուն համագործակցութեան արգասիքը հանդիսացող՝ «Հոգեմտային առողջութիւն» դասախօսութիւնը, որուն թեմային շուրջ ծաւալուելիք քննարկումը պիտի նպաստէ մեր համայնքին մէջ աւելի խոր գիտակցութեան ձեւաւորման եւ հոգեմտաւոր առողջութեան մասին բաց ու օգտակար երկխօսութեան։
Անի Հասըրճեան ներկայացուց տոքթ. Միրա Միթրին, որ 2020 թուականին, Թորոնթոյի համալսարանէն ստացած է «Հանրային առողջութեան» մագիստրոսի կոչում եւ արժանացած է Վիլֆրետ Հ. Մակքինըն Փալմըրի ակադեմիական մրցանակի՝ ակադեմիական գերազանցութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ ներկայիս կը հանդիսանայ «Մաունթ Սայնայ» առողջապահական բաժնի որակի բարելաւման ղեկավարը։

Միթրին համապարփակ ձեւով եւ կարեւոր ու այժմէական թեմաներ արծարծելով, ներկայացուց դասախօսութեան նիւթը, որ կ’ըդգրկէր հոգեմտային առողջութեան հիմնական հարցերը, ներառեալ ինքնախնամքի կարեւորութիւնը, հոգեկան առողջութեան խնդիրներու նշանները, ախտանիշներն ու գործօնները, եւ անոնց զօրակցող միջավայր մը ստեղծելու ուղիները՝ հոգեբանական եւ մտային լաւ ապրելակերպի միտումով։ Ան նաեւ յիշեց՝ բուժման եւ բժշկութեան մէջ ինքնասպասարկման եւ անհատական միջոցներով հանգստութիւն ապահովելու կէտերն ու օգնութիւն խնդրելու համար դիմելու ձեւերը, վայրերն ու կեդրոնները։ Բժիշկը նշեց, թէ կենսաբանական, հոգեբանական եւ ընկերային գործօններու բարդ փոխազդեցութիւնն է, որ կը յանգեցնէ հոգեկան առողջութիւնը վտանգող ախտանիշներուն։

Դասախօսութեան ընթացքին պաստառներու վրայ ցուցադրուած բացատրողական նկարները կը նպաստէին նիւթը աւելի հեզասահ ընկալելու։ Այդ նկարներէն մին ուղեցոյց մըն էր, որ հրատարակուած է Ամերիկեան հոգեբուժական կազմակերպութեան կողմէ եւ անիկա կը թուարկէ հոգեբուժական կամ հոգեկան առողջութեան բոլոր պայմանները եւ անոնց ախտորոշման չափանիշները: Դասախօսը նշեց ընկճումի խանգարումներու տեսակները, որոնցմէ են՝ անհանգստութեան խանգարումները, երկբեւեռ խանգարումները (bipolar disorder), հոգեխոցը (trauma), յետհոգեխոցային խանգարումները (post-traumatic stress disorder, PTSD) եւ այլն: Ան յիշեց, թէ իւրաքանչիւր տարի գանատացիներուն քսան տոկոսը հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ կ’ունենայ, իսկ քառասուն տարեկանի պարագային աճը աւելի է՝ մօտաւորապէս յիսուն տոկոս:

Տոքթ. Միթրին անդրադարձաւ COVID-19 համավարակի ընկերական տագնապային խանգարում ստեղծելուն մասին, մանաւանդ 2020 թուականին, երբ մեկուսացած էինք որոշ ժամանակով, ուստի երիտասարդներուն մօտ հոգեկան խանգարումներու աճը գրեթէ քսանհինգ տոկոս էր, համեմատած 2019 թուականի ցուցանիշին, որ մօտաւորապէս քսան տոկոս էր։ Առանձնութեան մասին խօսելով, ան քանի մը կէտեր կարեւորեց, որոնցմէ մէկը անհատին՝ այլ անձերով շրջապատուած ըլլալու հանգամանքին կարեւորութիւնն էր։ Ան շեշտեց, որ մինակութիւնը վաղաժամ մահացութիւն պատճառող համաճարակ մը դարձած է այս օրերուն։ Նշած կէտերէն մէկն ալ քունի պարագան էր, ան խորհուրդ տուաւ պահպանել քունի ամէնօրեայ կարգը, ինչպէս նաեւ զգուշացուց քնանալէ առաջ ծանր կերակուր ուտելէ, ծանր ֆիզիքական վարժութիւններ ընելէ, եւ խրատեց ոգելիցէն կամ քաֆէինէն խուսափիլ, քնանալու ժամանակ բջիջային հեռախօսը եւ iPad-ը անջատել ու հեռու պահել:

Տոքթ․ Միթրին շատ կարեւոր համարեց մարզանքը եւ քալելը, սննդակարգն ու սննդանիւթը, ինչպէս օրինակ՝ B12 կենսանիւթը, մագնէսը (magnesium), երկաթը (iron) եւ այլն, որովհետեւ անոնք քիմիական այն սուրհանդակներն են, որոնք կրնան ազդել ջիղերու հաղորդիչներու արտադրութեան վրայ եւ հաղորդագրութիւններ կը փոխանցեն ուղեղի բջիջներուն միջեւ, ուստի անոնց խախտումը կրնայ ազդել մարդու հոգեկան առողջութեան վրայ: Վերամշակուած սնունդի վնասներուն մասին խօսելով՝ յիշեց, որ ընկճուածութեան ախտանիշներու մակարդակը կը տարուբերի անոնց պատճառով, ինչպէս նաեւ վահանաձեւ գեղձի աշխատանքը հետապնդելն ալ շատ կարեւոր է այս պարագային։

Շատ ուշագրաւ էր այն բաժինը, երբ բժշկուհին խօսեցաւ մեզի՝ հայերուս վերաբերող հաւաքական հոգեմտային առողջութեան մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մասին եւ նշեց հետեւեալ հետազօտութիւնները․ Հայերը կ’ապրին ընկճուածութեամբ (depression), անհանգստութեամբ եւ PTSD-ով (Սարգսեան, 2016) եւ ցեղասպանութեան պատճառով ունին միջսերնդային մշակութային հոգեխոց (Մանկասարեան, 2016 եւ Համազասպեան, 2018):

Իրազեկութեան բացակայութեան, անվստահութեան եւ ֆինանսական խոչընդոտներու պատճառով, մենք՝ հայերս, կրնանք աւելի նուազ հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներու լուծման տարբերակներ փնտռել, որովհետեւ «ամօթ է» մտածումով կամ ուրիշներուն նեղութիւն չտալու միտումով կամ չծանրաբեռնելու մտածումով կ’ապրինք։ Իսկ սթրէսի հետեւանքով հայերուս մօտ յառաջացած է ֆիզիքական ախտանիշներ, ինչպէս՝ գլխացաւ, ստամոքսի ցաւ եւ այլն։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ հայ երիտասարդ նոր սերունդը աւելի բաց է խօսելու հոգեկան առողջութեան մասին, քան հին սերունդը։
Ճանաչողական վարքագծային բուժման մասին խօսելով՝ յայտնեց, թէ ան շատ տարածուած տեսակ է։ Յիշեց, որ անիկա կարճաժամկէտ կ’ըլլայ, իսկ անոր նպատակը՝ անձի մը անօգուտ մտքերէն եւ վարքագիծէն հեռու մնալու եւ կամ ազատուելու միջոց մըն է։

Հոգեկան վատառողջութեան եւ դժուար պարագաներու ժամանակ օգնութիւն խնդրելու միջոցներն ու կապերը յիշեց ան, ապա դեղորայքներու եւ անոնց՝ ջղային հաղորդիչներու վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին խօսելով՝ յիշեցուց, որ սովորաբար բուժումը կը տեւէ վեցէն տասներկու ամիս եւ կամ աւելի:

Դասախօսութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն՝ զրոյցի եւ հարց-պատասխանի միջոցով օգտուիլ բժիշկին խորհուրդներէն։ Ներկաներէն շատեր առիթը ունեցան զիրենք հետաքրքրող հարցերը արծարծել մասնագէտին հետ։
Օգտաշատ գիտելիքներով յագեցած դասախօսութեան աւարտին, ACMAO-ի տնօրէն տոքթ․ Սիրիլ Թահդաճեան փակման խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու անդրադարձաւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան աւելի քան երեսունհինգ տարիներու պատմութեան, աշխատանքներուն եւ մատուցած օժանդակութիւններուն։ Ան աւելցնելովըսաւ․ «Այսօր միասին անդրադարձանք հոգեկան առողջութեան կարեւորութեան մասին։ Հոգեկան առողջութիւնը մեր բարեկեցութեան անբաժան մասն է, որ կ՚ազդէ մեր մտածելակերպին եւ զգացումներուն վրայ։ Յիշենք, որ հոգեկան առողջութիւնը ո՛չ միայն անհատական, այլեւ հաւաքական կարեւորութիւն ունի մեր շրջապատին մէջ»։

Դասախօսական այս յաջող ձեռնարկի աւարտին, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ ACMAO-ի միացեալ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, որպէս երախտագիտութիւն, ծաղկեփունջ մը ու իմաստալից նուէր մը՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան հրատարակութիւնը հանդիսացող, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքը, յանձնուեցաւ տոքթ. Միրա Միթրիին՝ ձեռամբ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի եւ տոքթ․ Թահդաճեանի։

Հայ կեդրոնի սրահին վերջանամասին՝ զարդարուն ու համադամ ուտեստներով ճոխ հիւրասիրութիւններու եւ քաղցրեղէններու տեսականին համտեսող ու բերան քաղցրացնող թորոնթոհայ ներկաները՝ հոգեմտային առողջութեան հետ կապուած նոր ու այժմէական գիտելիքներով զինուած, գոհունակ վերադարձան իրենց տուները։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ:

լուսանկաը՝ «Նոր Հայ Հորիզոն»-ի տեսանիւթէն

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Բաժնուած կղզին». անկեղծ վկայութիւններ Կիպրոսի (հայկական) սիրտէն

Next
Next

ՀՕՄ-ի վարժարանի Թելեթոնը հանգանակեց 602 582 տոլար