ՀՕՄ-ի վարժարանի Թելեթոնը հանգանակեց 602 582 տոլար
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան Թելեթոնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ հանգանակելով 602 586 տոլար, գերազանցելով սահմանուած կէս միլիոն տոլարի թիրախը: Այս տպաւորիչ արդիւնքը կը վկայէ թորոնթոհայ գաղութին հաւատարմութեան մասին՝ իր դպրոցին հանդէպ:
«Երախտագիտական մեր ջերմ զգացումները կը փոխանցենք մեր յաջողութեան հիմքը հանդիսացող բոլոր նուիրատուներուն: Ձեր առատաձեռնութիւնը պատկառանք ներշնչեց», հաղորդագրութիւնով մը յայտնեց Թելեթոնի յանձնախումբը։
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1979-ին՝ Թորոնթոհայ գաղութի ազգասէր նուիրեալներու ջանքերով: 46 տարիներու ընթացքին վարժարանը դարձած է գաղութի կրթական սիւներէն մէկը՝ ներկայիս ունենալով աւելի քան 660 աշակերտ եւ եօթանասունէ աւելի ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմ:
Երէկուան փոքրիկ դպրոցը այսօր կը բաղկանայ «Ռուբինա» մանկամսուրէն, «Պապայեան» մանկապարտէզէն, «Գոլոլեան» նախակրթարանէն եւ «Լափոյան» երկրորդական բաժիններէն: Վարժարանը արդէն կը պատրաստուի ընդլայնման նոր ծրագիրներու՝ հասարակութեան աճող պահանջարկին համապատասխան:
«Բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան, կամաւոր աշխատեցան եւ մասնակցեցան՝ շնորհակալութիւն վարժարանին եւ աշակերտներուն օգտին ձեր անվերապահ աջակցութեան համար», կը նշէ յանձնախումբը՝ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Հանգանակուած գումարը պիտի ուղղուի վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը փակելուն, ինչպէս նաեւ՝ ուսումնական նոր ծրագիրներու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ աշակերտներու կրթական փորձառութեան ընդլայնման:
Թելեթոնի տարեց-տարի աճող արդիւնքները կը վկայեն, որ շրջանաւարտները, ծնողները եւ համայն համայնքը կը շարունակեն իրենց հաւատքը ներդնել այս կրթական հաստատութեան հանդէպ: Առանձնայատուկ է այս տարուան աննախադէպ թիւը, որ ցոյց կու տայ գաղութին հաստատակամութիւնը՝ պահպանելու հայապահպանութեան այս կարեւոր օճախը:
Թելեթոնի յանձնախումբը այս տարի նաեւ կրցաւ ներգրաւել մեծ թիւով երիտասարդ շրջանաւարտներ, որոնք բազմապատկեցին նուիրատուներու շրջանակը:
Վարժարանը հիմնադիր սերունդի ոգիով կը շարունակէ իր երթը ու վճռական քայլերով կը մտնէ նոր ժամանակաշրջան մը՝ համոզուած, որ գաղութին շարունակական աջակցութեամբ պիտի կարենայ դիմագրաւել ապագայի մարտահրաւէրները: ֎
լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Թելեթոնի յանձնախումբը։