Արարատը տուն կու գայ

Երբեք չէի պատկերացներ, որ մեղեդի մը կրնար աչքերէս այդքան արցունքներ քամել. բայց ահա կու գային՝ անակնկալ եւ առատ:

Կը կարծէի, թէ բոլորը պիտի ընդունէի հիացումով, թերեւս նոյնիսկ կարօտով, բայց երբ տուտուկին առաջին հնչիւնները լեցուցին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահը, խորտակուեցայ. անսպասելիօրէն՝ կոկորդիս եւ կուրծքիս միջեւ տեղ մը։ Արցունքները եկան ու չդադրեցան։

Մեղեդին «Կռունկ»-ն էր, ու ես այլեւս Երեւան չէի։

Թորոնթօ վերադարձած էի։

Տասնչորս տարեկան էի կրկին։ Եորքվիլի «Քամպըրլընտ» թատերասրահին մէջ նստած էի լաւ ընկերոջս՝ Տարօնին հետ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը դիտէինք մեր հայրենակից-մայրենակից Էկոյեանի «Արարատ»-ը։

Նոյն տուտուկին ձայնը, ֆիլմը բացող երաժշտութեան առաջին եղանակները զիս վերադարձուցին այդ իրական-անիրական, անմոռանալի պահը, երբ երկար սպասուած ստեղծագործութեան վերնագիրը՝ «Արարատ»-ը, նախ հայերէնով (ու միայն, ապա անգլերէնով) երեւցաւ պաստառին վրայ, Թորոնթոյի սրտին մէջ: Պաստառին վրայի հայերէնը կարդալով՝ ուղղակի ապշած էինք:

2002-ի նոյեմբերն էր. Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռ պաշտօնապէս չէր ճանչցուած Գանատայի խորհրդարանին կամ կառավարութեան կողմէ, ու հոն էինք՝ ֆիլմի լայն ներկայացման առաջնախաղին. երկու պատանիներ, որոնք կը դիտէին գանատական ֆիլմ մը (հաւանաբար ոչ ալ իրենց տարիքին յարմար ֆիլմ մը) մեր ժողովուրդի պատմութեան, մեր ցաւին, մեր ինքնութեան մասին:

Ու աւելի քան երկու տասնամեակ ետք, «Արարատ»-ը վերադարձաւ ինծի՝ ոչ թէ պաստառին վրայ, այլ երաժշտութեան միջոցով՝ երեւանեան բեմին վրայ։

***

Մայքըլ Տանայի «Արարատ» ֆիլմի մրցանակակիր երաժշտութեան հիման վրայ գրուած սուիթի հայաստանեան առաջնախաղը՝ կատարուած Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ, Երեւանի մէջ կայացած Փենտերեցքիի անուան ժամանակակից երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի փակման հանդիսութեան առանցքն էր։ Մաեստրօ Սերգէյ Սմբատեանի վարպետ ղեկավարութեամբ՝ համերգի ընթացքին նաեւ ներկայացուեցան վրացի երաժշտահան Կիեա Քանչելիի խորհրդաւոր «Ստիքս» ստեղծագործութիւնը, որ կատարուեցաւ հիւր գանատացի վիոլահար Սարա ՄաքԷլրավիի մասնակցութեամբ, եւ լեհ Քշիշթոֆ Փենտերեցքիի «Երեք կտոր հին ոճով»-ը։

Այն փաստը, որ հիւր գանատացի մը կար բեմին վրայ, որ կը մասնակցէր Քանչելիի գործի ներկայացման, ողջունելի անակնկալ մըն էր։ Խօսք չկայ. գանատացին հիանալի էր եւ վրացիին գործը՝ գեղեցիկ։

Բայց միայն «Արարատ»-ի մեղեդիներն էին, որոնք արցունքներուն ճամբայ տուին:

***

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Ֆիլմի բացումէն անմիջապէս ետք, տասնչորս տարեկան հասակիս, «Արարատ»-ի երաժշտութեան խտասալիկը փոխ առած էի Թորոնթոյի հանրային գրադարանէն։ Պատճէնահանած էի եւ արձանագրած մեր ընտանեկան համակարգիչին մէջ (ինչը, որ ապօրինի էր եւ որուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ՝ մօտ քսաներեք տարի ետք)։ Անդադար կը լսէի զայն ու թերեւս այդ պատճառով Երեւանի համերգասրահին մէջ նստած, բոլորը ետ եկաւ յորդելով:

Էկոյեանի ֆիլմին երաժշտութիւնը (soundtrack) հիմնուած է հայկական աւանդական երեք հիմնական եղանակներու«Կռունկ»-ի, «Երազ»-ի եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ»-ի) վրայ: Ու քսաներկու վայրկեանի մէջ խտացած անոր բեմական տարբերակին (սուիթ) ծանօթ մեղեդիները լսելով՝ աչքիս առջեւ բացուեցան ֆիմին հզօր տեսարանները՝ Վանի ապստամբութիւնը, կոտրուած ու հոգեխոցուած Արշիլ Կորքիի արուեստական պոռթկումը, Ամերիկեան առաքելութեան ապաստարանին մէջի խուճապը, լուսանկարիչ Լեւոնին վիշտի եւ զայրոյթի հետեւանքով վրէժխնդրութեան արարքը՝ իր որդիին բռնաբարութենէն եւ սպանութենէն ետք։ Սուիթի իւրաքանչիւր շարժումը պատկերներու եւ յոյզերու հեղեղ մը կը բերէր։

Համերգը սկսաւ տուտուկով՝ «Կռունկ»-ով, կարօտի եւ աքսորի ժողովրդական երգ մը, որ դարձած է սփիւռքահայութեան հիմներգներէն մին։ Անոր սկզբնաղբիւրը դարեր առաջ գրուած քնարական ողբ մըն է, եւ սակայն, Տաննայի ձեռքերուն մէջ, ան դարձած էր շարժանկարային ու ընդարձակ։ Երաժշտութիւնը յուշեր արթնցուց Եորքվիլի սրահի մէջ, այդ առաջին ցուցադրութենէն:

«Երազ»-ը, որ հիմնուած է Սմբատ Շահազիզի խօսքերուն վրայ եւ մշակուած Կոմիտասի կողմէ, կը պատկերէ մօր հետ կարճատեւ, երեւակայական վերամիաւորում մը։ Իր բնական վիճակին մէջ, մեղեդին մեղմ է, տխուր․ օրօրոցային երգ մը աշխարհէ մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի։ Սակայն Տաննայի հնչանուագումը զայն կը վերածէ հզօր, սարսռեցնող պոռթկումի մը։ Տաննան զայն կը դարձնէ հաւաքական ողբ մը՝ խորունկ ու կատաղի։ Այս վերամշակումի ներկայացումը կ՚արձագանգէր բազմաթիւ մակարդակներու վրայ. ան մօ՞ր կարօտի երգ է, թէ մայր հայրենիքի: Կամ հաւանաբար երկուքին մասին է։ Արդեօք կարեւո՞ր է զանազանել, երբ կարօտը նոյնքան խորունկ է…

Ապա «Ո՞ւր ես մայր իմ»-ը. միջնադարեան շարական մը, որ սովորաբար կը կատարուի Աւագ հինգշաբթի օրը, խաւարման արարողութեան ընթացքին։ Պզտիկուց հիացումով կը լսէի, երբ թորոնթոհայ սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան կ՚երգէր զայն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մթութեան մէջ։ Տարիներ ետք, անոր ձայնը զարդարեց Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը, կապելով այդ ծիսական ողբերգը ցեղասպանութեան սրտաբեկութեան։ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի կատարումին ընթացքին զգացի այդ կտորին ծանրութիւնը: Աչքիս դիմաց տեսայ «Ճորճթաունի տղաքը»՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ գանատացի դարձած որբերը, որոնք դար մը առաջ ծննդավայր երկիրս բերուեցան։ Անգամ մը եւս յիշեցի այն երեխաներուն մասին, որոնք երբեք իրենց մայրերը չտեսան։

Եւ այդ երկու կտորներուն՝ «Երազ»-ին եւ «Ո՞ւր ես մայր իմ»-ին միջեւ տեղ մը, պահ մը անձնասէր զգացի, երբ սկսայ խորհիլ սեփական մօրս մասին. ոչ թէ որովհետեւ ան չկայ, այլ որովհետեւ հազարաւոր քիլոմեթրները կը բաժնեն մեզ. կարօտ կայ, հեռաւորութիւն կայ։ Եւ այսպիսի երաժշտութիւնը՝ կարօտի, ներկայութեան եւ բացակայութեան մասին՝ կը ստիպէ զգալ բոլորը միաժամանակ։

Յիշեցի, թէ ինչպէս ֆիլմին բացումէն քանի մը ամիս ետք, մեր տան հեռատեսիլին վրայ, ուղիղ եթերով «Ճինի» մրցանակաբաշխութիւնը կը դիտէի ընտանիքիս հետ միասին. մեր տունէն քանի մը քիլոմեթր հարաւ, Թորոնթոյի կեդրոնին մէջ, «Արարատ»-ը մէկ-մէկ կ’արժանարար բազմաթիւ «Ճինի»-ներու՝ գանատական «Օսկար»-ներու։ Կարծես թէ մեր «Super Bowl»-ն էր, մեր «Մոնտիալ»-ը. հեռատեսիլին շուրջ հաւաքուած՝ ցնծութեամբ կը գոռայինք ու կը ծափահարէինք իւրաքանչիւր մրցանակի յայտարարութենէն ետք։ Կը յիշեմ, թէ հայրս որքա՜ն յուզուեցաւ, երբ Արսինէն ընդունեց մրցանակներէն ամենէն կարեւորը՝ «Տարուան լաւագոյն ֆիլմ»-ը (արեւմտա)հայերէնով։ Մեզի համար պարզապէս մրցանակի արժանացում մը չէր, այլ տեսանելի ըլլալու մասին էր, լսելի ըլլալու մասին: Մեր լեզուն գանատայի մեծ բեմերու վրայ կը լսուէր ու կը սփրուէր միլիոններու հեռատեսիլներուն վրայ։

Եւ թերեւս այդ պատճառով այս երաժշտութիւնը վրաս այդքան ազդեց: Որովհետեւ ան կու գար ֆիլմէ մը, որ այնքան նշանակութիւն ունէր եւ տակաւին ունի գանատահայերուս համար։ Ֆիլմ մը, որ համարձակեցաւ պատմել անպատմելին ու ներկայացնել ժողովուրդի մը ցաւն ու ինքնութեան բարդութիւնը։ Ֆիլմ մը, որ չձեւացուց, թէ դիւրին պատասխաններ ունէր, բայց պնդեց դժուար հարցումներ տալ՝ արուեստի, ճշմարտութեան եւ անոր մասին, թէ ինչ կ՚որոշենք յիշել մեր անցեալէն՝ ժխտողականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ:

Յիշեցի այդ նոյեմբերեան երեկոն, «Քամպըրլընտ» թատերասրահին մէջ: Եւ սակայն, այս անգամ բան մը տարբեր էր։

Այս «Արարատ»-ը վերջապէս տուն վերադարձած էր:
Ֆիլմը ծնունդ առած է Գանատայի մէջ, յղացուած հանճարեղ ու իր ժողովուրդի անցեալով տանջուած գանատահայ բեմադրիչի մը կողմէ, երաժշտութիւնը յօրինուած աշխարհահռչակ գանատացի (ոչ հայ) երաժիշտի մը կողմէ, մրցանակակիր դարձած գանատական ֆիլմարուեստի բարձրագոյն հաստատութեան մը կողմէ։ Բայց այս կատարումը, անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ, նոր կեանք տուաւ անոր։

Աւելին էր քան համերգ մը. հաշուեյարդար մըն էր, վերամիաւորում մը, վերադարձ մը։

«Արարատ»-ը միշտ ալ մեզի պատկանած է (գոնէ մեր սրտերուն մէջ). ոչ միայն սրբազան լեռն ու անոր անուանակից ֆիլմը, այլ նաեւ այն յուշերը, ցաւերն ու երազը, որոնք լեռն ու ֆիլմը կը խորհրդանշեն:

***

Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի նոր դժուարութիւններու, աւելի քան երբեք պէտք է պինդ կառչինք մեր արմատներուն, մեր պատմութեան էջերուն, մեր ցաւերուն, մեր վաղուան յոյսերուն ու այդ բոլորը մարմնաւորող մեր հարազատ արուեստին:

Պատահական չէ, որ նման պահերուն արուեստն է որ կը դառնայ մեր ամենէն կենդանի կապը մեր անցեալին հետ։ Թերեւս որովհետեւ երաժշտութիւնը կ՚արտայայտէ այն՝ ինչ որ խօսքերը չեն կրնար ըսել։ Թերեւս որովհետեւ մեղեդին կը մնայ մեր մէջ, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ շուրջը կը փոխուի։ Թերեւս որովհետեւ ֆիլմի պատկերները անջնջելիօրէն կը դրոշմուին մեր միտքերուն մէջ: Թերեւս որովհետեւ շարժապատկերը մեզի կը թոյլատրէ տեսնել, զգալ եւ ապրիլ անցեալը՝ ներկայի աչքերով։

Քանի որ երբեմն, երբ բնաւ չենք սպասեր, խաւարին մէջ յանկարծ տուտուկի մը ձայնը կը լսուի, ու մենք անգամ մը եւս կը զգանք, որ ոչինչ իսկապէս կորսուած է։

Ան պարզապէս իր ճամբան կը գտնէ դէպի տուն։ ֎

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ:

(պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ)

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Previous
Previous

ՀՕՄ-ի վարժարանի Թելեթոնը հանգանակեց 602 582 տոլար

Next
Next

24 ապրիլ 2025. Միջյարանուանական ոգեկոչում