24 ապրիլ 2025. Միջյարանուանական ոգեկոչում


Հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին սկիզբ առաւ Միջյարանուանական մարմինի կազմակերպած սուրբ եւ անմահ պատարագը, Ս․ Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ, նուիրուած Ցեղասպանութեան 110-ամեակին։

Պատարագին ներկայ էին՝ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան, տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, փոխառաջնորդ տէր Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեան, հովիւի օգնական, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութեան Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւի օգնական տէր Հայարի քհն. Թանաշեան, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայկ քհն. Շահինեան, Հայ աւետարանական համայքի հովիւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան, Ս. Աստուածածին եկեղցւոյ հոգաբարձական կազմը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասը, վարչական ներկայացուցիչներ եւ հաւատաւոր ժողովուրդն հայոց։

Օրուան պատարագը մատուցեց տէր Հայարի քհն. Թանաշեան։ Հաւատացեալ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ պատարագին եւ մասնակից դարձաւ աղօթքին։

Օրուան հանդիսավար տէր Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեան անդրադարձաւ թուրքի կատարած ոճիրին եւ անմարդկային արարքին ու անընդունելի համարեց Եղեռնի իրողութեան ուռացումը։ Քահանայ հայրը ծանր շեշտ դրաւ ապագային մեզ հալածող թշնամիին, որն է անտարբերութիւնը, Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ դաւաճանութիւնը։ Ան իր խօսքը փակեց շեշտելով. «Մենք պիտի չլռենք, այլ հաւատարիմ պիտի մնանք մեր դատին եւ պահանջատէր՝ մեր իրաւունքներուն»։

Տէր հօր հրաւէրով գաւիթ բարձրացաւ Միջյարանուանական մարմինի ատենապետ, ազգային գործիչ, բանախօս Յակոբ Ճանպազեան։

Ճանպազեան ողջունեց ներկաները եւ բաժին առ բաժին ներկայացուց օրուան հրամայականը։ Ան նախ անդրադարձաւ Թուրքիոյ անմարդկային վայրագութեան՝ ի դէմս հայ ժողովուրդին, որմէ ետք ներկայացուց հայ ժողովուրդի զարթօքը՝ ըսելով. «Հակառակ Թուրքիոյ պետութեան ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, Հայ դատի քարոզչական աշխատանքները սկսան ծլարձակուիլ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ, եւ տարուած հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ աշխարհի երեսունվեց մեծ եւ փոքր պետութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան եւ ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը»։

Ճանպազեան նկատել տուաւ, որ ՀՀ վարչապետը մոռացութեան կ'ուզէ ենթարկել Ցեղասպանութեան հարցը՝ յագեցնելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նպատակները։ Ան շեշտելով` ըսաւ. «Ո՛չ Ցեղասպանութիւնը եւ ո՛չ ալ հողային պահանջատիրութիւնը ենթակայ են զիջումներու»։

Բանախօսը անդրադարձաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, ըսելով․ «Բոլորս ականատես եղանք՝ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստօրէն կրկնող ներկայ բարբարոս ազերի իշխանութեան ծրագրած ցեղասպանութեան՝ արցախահայութեան դարաւոր իր բնօրրանէն բռնի ու զանգուածային տեղահանումին, եւ այս բոլորը ի տես քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհին, որ նենգաբար լուռ մնաց՝ յագուրդ տալով մեր դարաւոր թշնամիներու անհատնում ու դաւադիր ախորժակներուն»: Ան պատգամեց, որ հայ ժողովուրդը պատիժի ենթարկէ ջարդարարները եւ պահանջատէր ըլլայ կորսուած իրաւունքներուն, որպէսզի աշխարհը լռութեամբ չանցնի այս ոճրագործութեան իրողութենէն։

Ճանպազեան միասնութեան կոչ ուղղելով, ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, այս օրերուն ոտքի պէտք է կանգնի ողջ հայութիւնը Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի, վեր բարձրացնէ Հայաստանի ու Արցախ հայաշխարհի եռագոյն դրօշները՝ որպէս բողոքի նշան, նախ՝ Հայաստանի վարչակարգի անտարբերութեան, ապա մեր դարաւոր թշնամի՝ ազերի բարբարոս ղեկավարներուն դէմ ու վճռակամութեամբ եւ վճռորոշ յանդգնութեամբ պահանջելու Պաքուի բանտերուն մէջ անարդարօրէն գերեվարուած հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ գերիներու ազատ արձակումը»։ Ճանպազեան յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց կեանքի եւ գործի օրինակով ազգային նկարագիր եւ ծառայելու եւ նուիրաբերելու անկոտրում կամք ներշնչեցին մեզի։ Ան շեշտեց, ըսելով. «Ազգովին կը հաւատանք եւ համոզուած ենք, որ մեր պետականութիւը կը դառնայ առաւել ուժեղ եւ մեր հայրենիքը կ’ունենայ աստիճանաւոր վերելք՝ վերագտնելով արցախեան երբեմնի յաղթանակի դափնեպսակը: Ուստի արդարօրէն կ’ակնկալենք, որ Հայաստանն ու անոր գալիք ղեկավարները ըլլան հայ մարդուն իր հայրենիքին մէջ ամբողջապէս ազատ եւ ապահով ապրելու երաշխաւորները, դառնան շինարար հայուն կռուանը, վերածուին աշխարհացրիւ հայութեան ներուժը համատեղող պատուանդանը՝ պահելով «Հզօր հայրենիք, անկախ Հայաստան» կարգախօսը որպէս սրբազան սկզբունք»։

Բանախօսը ներկաներուն դիտել տուաւ, որ սրընթաց աշխարհի երբեմն խելացնոր հեւքին մէջ արժանաւորապէս դիրքաւորուելու համար, գիտական լոյսին տակ պէտք է կանգ առնենք ու կարենանք՝ մեր ազգային առաքինութիւններն ու տաղանդները լաւապէս համադրելով՝ ձեւակերպենք համազգային աշխարհահայեացք, համահայկական եւ համահայաստանեան տեսլական։ Միայն այն ատեն է, որ կարելի պիտի ըլլայ դարերէն եկող մեր հայ ինքնութիւնը միասնական ճիգերով դրոշմել նաեւ դէպի հզօր ապագայ գացող մեր զաւակներու գիտակցութեան ու հոգիին մէջ:

Ճանպազեան իր խօսքը աւարտեց միասնականութեան կոչով եւ յարգանքի գիտակցութեամբ՝ Եղեռնի նահատակներուն եւ Արցախի հերոսածին հերոսներուն անմեռ յիշատակին։

Աւարտին, հոգեւորականերու, աարկաւագաց, դպրաց դասի նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդի ներկայութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւնը Հայ կեդրոնի տարածքին գտնուող յուշարձանին շուրջ։ Ներկաները իրենց մեխակները զետեղելով՝ մասնակից դարձան «կարգ բարեխօսութեան»։

Տեղին է նշել, որ ԳԵՄ-ական ընկերներու օգնութեամբ՝ ներկայացուեցաւ արկղ մը, որուն մէջ կար 1915 թուականէն աճիւններու սրբադասուած մասունքներ, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով գծագրուած սրբապատկերի մը կրկնօրինակը։

Հոգեւոր հայերու տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ ոգեկոչման ձեռնարկը։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ:

Միջյարանուանական մարմինը կազմակերպած էր սուրբ եւ անմահ պատարագ նուիրուած Ցեղասպանութեան 110-ամեակին (լուսանկարը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ)

Previous
Previous

Արարատը տուն կու գայ

Next
Next

Վազք` յանուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ միասնականութեան