Վազք` յանուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ միասնականութեան

Հայոց ցեղասպանութենէն աւելի քան դար մը ետք, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական արշաւը ոչ թէ կը յամենայ, այլ տարբեր տեսակի գործողութիւններով կը շարունակուի եւ աւելի թափ կ’առնէ։ Այս տարի Գանատայի ոգեկոչման Օթաուայի հիմնական ձեռնարկին փոխարէն՝ տեղային մակարդակի վրայ, տեղի ունեցան քաղաքական, եկեղեցական, ժողովրդական, միութենական ձեռնարկներ, որոնք նպատակ ունէին ապակեդրոնացնել աւանդական ոգեկոչումը եւ խրախուսել աւելի մեծ ներգրաւուածութեամբ գաղութային գործողութիւնները:

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման բազմաթիւ ձեռնարկներէն էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի կազմակերպած «110 քիլոմեթր 110 տարուան համար» կարգախօսով վազք-մարաթոնը։

«Կարեւոր է պատմել աշխարհին Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին եւ պահանջատիրական ջահը փոխանցել երիտասարդ սերունդին», «Թորոնթոհայ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի ատենապետ Քրիստ Քէթէնճեան։

110-ամեակին առիթով երիտասարդներուն ցանկութիւնն էր բովանդակալից նախաձեռնութեամբ մը յիշել եւ յիշեցնել հայ ժողովուրդի անցեալը, միաժամանակ միաւորել համայնքը՝ մէկ նպատակի շուրջ։

Վազքի գաղափարը եկաւ «Սիմոն Զաւարեան» միութեան աջակիցներէն՝ համայնքի նուիրեալ վազորդներ Սամ Մանուկեանէն եւ Ալպերթ Աճէմեանէն։ «Մենք (միութեան անդամները-Ս․) համաձայնեցանք սոյն գաղափարին հետ եւ անմիջապէս անցանք գործի», նշեց ատենապետը։ Կազմակերպող յանձնախումբի անդամները ամիսներէ ի վեր լծուած էին կազմակերպչական եւ նախապատրաստական աշխատանքներու։ Փետրուարէն սկսեալ ամէն կիրակի սեղան զետեղուած էր Ս․ Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցոյ մուտքին` վազքին համար նուիրատուութիւններ հաւաքելու նպատակով: Հովանաւորներ գտնելու նպատակով միութիւնը դիմած էր նաեւ Թորոնթոյի տեղական ձեռնարկութիւններուն՝ խրախուսելով անոնց ներգրաւուածութիւնը սոյն նախաձեռնութեան։ Անոնք նաեւ առցանց հարթակներու վրայ եւ թռուցիկներով կը ծանուցէին սպասուող վազքին եւ անոր նպատակին մասին։

Վազք-մարաթոնը իրականացաւ երկու օր տեւողութեամբ, 26-27 ապրիլին։ Վազորդներ Ալպերթ Աճէմեան, Սամ Մանուկեան եւ խումբ մը ԳԵՄ-ական ընկերներ 26 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6-ին սկսան վազքին։ Առաջին հայացքէն դժուար եւ անյաղթահարելի թուացող վազքին համար կարեւորը մասնակցութիւնն էր․ անկախ անկէ, թէ ամբողջ ճանապարհը կ’անցնիս, տասը կամ հինգ քիլոմեթր կը կտրես, կամ կը քաջալերես մասնակիցները, կարեւորը համայնքային ներկայութիւնն էր: «Մեզի համար այս վազքը միայն հեռաւորութեան մասին չէ, այլ համայնքը միաւորելու մասին է, ինչպէս միշտ կ’ընենք Ապրիլ 24-ին», դիտել տուաւ «Սիմոն Զաւարեան» միութեան ատենապետը:

Վազքի ամբողջ տեւողութեան, ԳԵՄ-ական ընկերները կը քաջալերէին զիրար, կը խանդավառէին վազորդները եւ իւրաքանչիւր տասը քիլոմեթրէն ետք նոր խումբ մը կը ստանձնէր վազքի պարտաւորութիւնը։ Վազքը շարունակուեցաւ ամբողջ գիշերը, նոյնիսկ ցուրտ օդը չկասեցուց անոնց ընթացքը։ Առաւօտեան ժամը 9-ին, Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ, ուր հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ, ազդարարուեցաւ վերջին տասը քիլոմեթրին մեկնարկը։ Նախ կարդացուեցաւ «Սիմոն Զաւարեան» միութեան պատգամը՝ օրուան խորհուրդին եւ նպատակին մասին, այնուհետեւ մօտ երկու հարիւր յիսուն մասնակիցներով մեկնարկեց վազքի վերջին հանգրուանը։ Մասնակիցներէն մաս մը վազելով, մաս մըն ալ վերջին հինգ քիլոմեթրը քալելով ամբողջացուցին իրենց առաքելութիւնը, ժամը 11։30-ին դարձեալ վերադառնալով Հայ կեդրոն, ուր անոնց համար տեղի ունեցաւ ճաշ-հիւրասիրութիւն մը։
«Սիմոն Զաւարեան» միութեան ատենապետը նշեց, որ կազմակերպուած վազք-մարաթոնը հասաւ իր նպատակին եւ համախմբեց թորոնթոհայութիւնը, ի մասնաւորի երիտասարդութիւնը, որ ձեռք ձեռքի տուած՝ իւրայատուկ ձեւով յիշեց եւ յիշեցուց Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
110-ամեակին նուիրուած վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը փաստեց մարտահրաւէրները յաղթահարելու, ճանաչում եւ արդարութիւն պահանջելու կենսունակ համայնքին անկոտրում կամքը։

Նախաձեռնութիւնը նաեւ դրամահաւաք էր, որուն հասոյթին մէկ մասը պիտի օժանդակէ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Յոյսի օճախներ» ծրագրին, որ Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ արցախցի տեղահանուած ընտանիքներուն տուներ կը կառուցէ: «Այս տուները պարզապէս շինութիւններ չեն, անոնք պէտք է ըլլան կեանքի նոր սկիզբ, ապահով ապաստարան եւ համայնք վերակառուցելու վայր», հաստատեց ընկ․ Քրիստը։ Ան համեմատականով մը յիշեցուց, թէ՝ ինչպէս իրենցմէ իւրաքանչիւրը իր երկրորդ տունը գտաւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարկին տակ, յոյսով է, որ տուն ստացող ամէն մէկ արցախցի այդ համայնքին մէջ կ’ունենայ պատկանելիութեան նոյն ապրումը։

Հայ ժողովուրդը ամէն տարի կը համախմբուի՝ յիշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը, միաժամանակ նորոգելու պահանջատիրական ուխտը՝ յանուն մեր իրաւունքներու վերատիրացման։ Հակառակ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութեան, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներուն, Հայաստանի եւ սփիւռքեան մեր գաղութներուն մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկները կու գան անգամ մը եւս հաստատելու, որ մեր պայքարը անկասելի է եւ մեր նորահաս սերունդները պիտի չընկրկին եւ հաստատակամօրէն պիտի շարունակեն արդարութեան հասնելու իրենց վազքը։ ֎

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ:

լուսանկարը՝ ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

24 ապրիլ 2025. Միջյարանուանական ոգեկոչում

Next
Next

24 ապրիլ 2025. Ոգեկոչում եւ բողոքի ցոյց՝ յանուն արդարութեան