24 ապրիլ 2025. Ոգեկոչում եւ բողոքի ցոյց՝ յանուն արդարութեան

Թորոնթոհայութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը կ’ոգեկոչէ ու արդարութիւն կը պահանջէ



Ոգեկոչում եւ բողոքի ցոյց՝ յանուն արդարութեան

Հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Հայ կեդրոնի տարածքը կը խայտառ հայութեամբ. հանրակառքերու տարափ մը կար ամենուրեք։ Ժողովուրդը կը փութար, որպէսզի մասնակից ըլլայ Ապրիլեան ձեռնարկին եւ ցոյց-քայլարշաւին, որոնք տեղի պիտի ունենային քաղաքի կեդրոնին մէջ։

Առաւօտեան ժամը 11-ին սկիզբ առաւ ձեռնարկը, Թորոնթոյի քաղաքապետարանին դիմաց, ներկայութեամբ՝ երեսփոխաններու, քաղաքական թեկնածուներու, հասարակական գործիչներու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

Օրուան հանդիսավարը՝ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Քաթիա Տէր Յովակիմեան, ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեր նահատակներուն, այնուհետեւ ընթերցեց բացման խօսքը: «1915 թուականին բնաջնջումի թիրախ հանդիսացած էին մէկուկէս միլիոն հայեր։ Այսօր մենք կը յիշենք այս բոլորը ոչ միայն ցաւով ու վիշտով, այլեւ նպատակաուղղուածութեամբ, որովհետեւ անարդարութիւնը տակաւին կը շարունակուի հայուն հանդէպ, բայց այս անգամ Արցախի մէջ,- ըսաւ ան,- Արցախի 2020 պատերազմին ընթացքին արցախահայութիւնը դարձեալ բնաջնջումի եզրին հասաւ, հարիւր-հազարէ աւելի հայեր լքեցին իրենց պապենական հողերը, իսկ գերիներ, որոնք մինչ այսօր կը գտնուին Ազրպէյճանի ժանիքներուն տակ, անարդարօրէն ահ ու սարսափի ենթարկուեցան ու տակաւին կ’ենթարկուին։ Կատարուածները միջազգային իրաւունքներու խախտումներ են, որոնք ուշադրութեան եւ պոռթկումի արժանի են»։ Ան խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ պատմութիւն ժխտելը կամ մերժելը պարզապէս անցեալը մոռնալ չէ, այլ անարդարութեան թոյլտուութիւն։

Բեմ բարձրացաւ Օնթարիոյի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյւիտ Ուորնըր, որ իր ելոյթին մէջ յստակօրէն ներկայացուց 1915-ին տեղի ունեցած պատմական իրողութիւնը եւ շեշտը դրաւ իր աջակցութեան՝ Հայաստանին, Արցախի ժողովուրդին ու թորոնթոհայ համայնքին:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճին Եիփը, որ արտասանէ Ազատական կուսակցութեան (Liberal Party of Canada) առաջնորդ եւ Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ուղերձը, մասնակցութեամբ՝ Տան վալի հիւսիսի պատգամաւոր Մակի Չիի։ Ապա, օրուան հանդիսավարը ընթերցեց Պահպանողական կուսակցութեան (Conservative Party of Canada) առաջնորդ Փիեռ Փոլիէվրի ուղերձը։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Գանատայի Նոր ժողովրդավարական կուսակցութեան (New Democratic Party of Canda – NDP) ղեկավար Ճասմիթ Սինկի ուղերձը։ Գանատայի խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները իրենց ուղերձներուն մէջ զօրավիգ էին գանատահայութեան։

Հերթաբար խօսք առին՝ Օնթարիոյի խորհրդարանի պատգամաւորներ Արիս Պապիկեան, (Սքարպորօ-Էյճինքորթ), Ճոնաթան Ցաօ (Տոն վելի հիւսիս) ու Ատիլ Շամճի (Տոն վելի արեւելք) եւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանականներ՝ Պրետ Պրետֆորտն (Պիչըզ-Արեւելեան Եորք) ու Ճոշ Մեթլոուն (Թորոնթօ-Սեյնթ Փօլ), որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին թորոնթոհայ համայնքին, Հայ դատին եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ու Արցախ վերադարձին:

Յայտագրի առաջին բաժինը հոգեւոր հովիւներուն աղօթքով հասաւ իր աւարտին, որմէ ետք սկիզբ առաւ քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան, ուր հանդիսավար Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան հակիրճ անդրադարձ մը ունեցաւ Ցեղասպանութեան մասին: Ապա անգլերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց Արիանէ Ղազարեան, որ իր խօսքը թուրք հիւպատոսին ուղղելով ըսաւ. «Այսօր հոս հաւաքուած ենք յիշատակելու 110-ամեակը Ապրիլեան եղեռնի՝ որ գործադրուեցաւ ձեր ձեռքով: Դուք եւ Էրտողանը չէք կրնար պատմութիւն մը ջնջել։ 1915 թուականէն առաջ, Արեւմտահայաստանի մէջ կ’ապրէին աւելի քան երկու միլիոն հայեր, սակայն դուք արմատախիլ ըրիք ամբողջ ազգ մը։ Տարիներու ընթացքին հայը ապրեցաւ, բազմացաւ եւ պահպանեց իր ինքնութիւնը»։

Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Մենք` թորոնթոհայերս, այդ որբացեալ սերունդին զաւակները, պահանջներ ունինք ձեզմէ. ա. Ընդունիլ եւ յայատարարել 1915 թուին կատարուած ոճրագործութիւնը, բ. Խոնարհիլ եւ ներողամտութիւն խնդրել հայերէն, գ. Պատասխանատու ըլլալ եւ փոխհատուցում տալ 1915-ին կատարուած իրողութեան, դ. Պատմական իրողութիւն մը կայ, զոր կարելի չէ բնաջնջել, քանի այդ մէկը կ’ապրի մեր մտքերուն, հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ, ե. Վերադարձնել այն բոլոր իրաւունքները, զորս խլեցիք մեզմէ եւ փորձեցիք ծածկել, զ. Անմիջապէս զինադադար յայտարարել եւ ձեր արիւնաթաթախ մատները հեռացնել Արցախէն եւ արցախահայութենէն»:

Յայտագրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Էլիզապէթ Գանտահարեան՝ ասմունքելով Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը։

Հայր Գարեգին ծվ. Շխրտմեանի պահպանիչով ու տէրունական աղօթքով փակուեցաւ ձեռնարկը: ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ: Ապրիլեան ոգեկոչումներու թղթակցութիւնները հերթականօրէն պիտի հրատարակենք առցանց յառաջիկայ օրերուն:

Քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան (լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի)

Previous
Previous

Վազք` յանուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ միասնականութեան

Next
Next

Թորոնթոհայութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը կ’ոգեկոչէ ու արդարութիւն կը պահանջէ