Թորոնթոհայութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը կ’ոգեկոչէ ու արդարութիւն կը պահանջէ
23 ապրիլ 2025. Մոմ եւ խունկ` ի յիշատակ նահատակներուն
Չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Մարքամի «Յիշատակի պուրակ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի երիտասարդական միութեան Armenian Youth Federation of Canada (AYF Canada)(ՀՅԴ-ԳԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» AYF Canada "Simon Zavarian" Chapter մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մոմավառութեան եւ ծաղկեմատոյցի ձեռնարկը։
Ոգեկոչումը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Օրուան համդիսավարներ Բալիկ Ասդուր եւ Ժանօ Տոնոյեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը ապրիլեան նահատակներուն, որմէ ետք Ասդուր` անգլերէնով, իսկ Ժանօ Տոնոյեան` հայերէնով ընթերցեցին բացման խօսքը։ Անոնք բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձան Օսմանեան կառավարութեան կատարած ոճրագործութեան: Շեշտեցին՝ թէ «Ցեղասպանութենէն առ այսօր մեր պայքարը կը շարունակուի, մենք պահանջատէր ենք մեր բռնագրաւած հողերուն եւ արդար հատուցումը կը պահանջենք Թուրքիոյ կառավարութենէն։ 2004-ին գանատական կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուրեմն մենք, որպէս երիտասարդներ պիտի շարունակենք քալել մեր նախնիներուն ճամբէն եւ պիտի մերժենք ամէն տեսակ ուրացում, որ մոռացութեան կ'ենթարկէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը»:
Ձեռնարկի ընթացքին, յատկանշական էր ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի (A.R.S. Armenian Private School) ԺԲ․ կարգի աշակերտներուն կատարած խմբային ասմունքը` «Ցասում»-ը, որուն հեղիկնակն է վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան։ Ներկաները ազդեցիկ եւ յուզումնախառն ապրումներ ունեցան, երբ պատանիներու հնչեղութեամբ երգուեցաւ «Տուն իմ հայրենի» երգը։ ԳԵՄ-ական ընկերներու պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութիւնը եւս բարձր գնահատականի արժանացաւ հանդիսատեսին կողմէ։ Սոյն տեսերիզը յոյս կը ներշնչէր ժողովուրդին եւ ուխտ մը կը պատգամէր, ներկայացնելով, որ հայ նորահաս սերունդի զաւակները կ'ուխտեն ի գին ամէն բանի, բարձր պահել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, որպէսզի յաջորդող սերունդները հպարտանքով գործածեն զանոնք:
Հանդիսութիւնը կը վայլէր ներկայութիւնը Մարքամի փոխքաղաքապետ Մայքըլ Չանի, որ բարոյական եւ արժանավայել խօսքերով գնահատեց հայութեան վարկը Գանատայի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ այլ քաղաքական դէմքեր եւ պատգամաւորներ։
Հանդիսութեան աւարտին իւրաքանչիւր հանդիսատես իր ձեռքին ունեցած վարդերը զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց, որ նախօրօք պատրաստուած էր ԳԵՄ-ական երիտասարդներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ յիշատակի նկար մը նկարահանուեցաւ անմոռուկ մանրակերտին մօտ, որ պատրաստած էին Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Թորոնթոյի (Homenetmen Toronto) սկաուտ քոյրերն ու եղբայրները։
Սուրբ Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ (St. Mary Armenian Apostolic Church) հոգեւոր տեսուչ հայր Գարեգին ծվ. Շխրտմեան պահպանիչով եւ տէրունական աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ: Ապրիլեան ոգեկոչումներու թղթակցութիւնները հերթականօրէն պիտի հրատարակենք առցանց յառաջիկայ օրերուն: