Լոյսով՝ լոյսին. զրոյց՝ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հետ

լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի

«Թորոնթոհայ»- Համազգայինի անդամ էք երկար ատենէ ի վեր. ի՞նչն է որ ձեզ կապեց։

Թամար Տօնապետեան Գուզուեան- Համազգայինը մանկութենէս ի վեր կեանքիս ուղեկիցը եղած է։ Պէյրութի մէջ անդամակցած եմ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), Ս. Նշան եկեղեցւոյ կրտսերաց դպրաց դասին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) «Բ. Սիւնի» պատանեկան միութեան: Բոլորը սիրելի են ինծի համար, սակայն Համազգայինը մէջս շարժած է բան մը աւելի, որ ապագային պիտի ծլարձակուէր։ Պէյրութի մէջ հասակ առած ատենս Համազգայինի համալիրը, ուր կը գործէին «Ն. Փալանճեան» ճեմարանը, Հայագիտական հիմնարկը, «Վ. Սէթեան» տպարանը, գրախանութն ու «Վասպուրական» սրահը, քալելով հինգ վայրկեան էր մեր տունէն։ Ծնողքս առիթ չէին փախցներ մեզ տանելու Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկներուն։ Փոքր տարիքէս սիրած եմ գիրքերու շուրջ ըլլալ. թատրոնի ներկայացումներու, պարախումբի երգչախումբի, ասմունքի երեկոներու ներկայ ըլլալ։

Հայրս այդ տարիներուն թէ՛ «Ազդակ»-ի, թէ՛ Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան մէջ կ՚աշխատէր: Թերթը, գիրքը մասունքի պէս բաներ էին մեր տան մէջ, ու են՝ մինչ օրս։ Մայրս ալ Հալէպի մէջ Համազգայինի վարչական անդամ եղած էր, երգչախումբերու մէջ երգած էր։ Ուրեմն՝ մշակութասէր ծնողքի հոգածութեան ներքեւ հասակ առինք։ Տան մէջ մեր շուրջ բոլորը գիրք էր. գիրքերուն մեծ մասին վրայ ալ «Հ» գիրն էր։ Եկեղեցին, դպրոցները (ներառեալ՝ «Ս. Խանամիրեան» ազգային քոլեճը, ուր յաճախած ենք ես ու քոյրս), Համազգայինը մեր շրջակայքն էին։ Մուշեղ Իշխանը միայն գիրքի մէջ չէր, դուրսն էր, թաղերուն մէջ կենդանութիւն էր։ Հիմա որ կը մտաբերեմ՝ այս միջավայրին մէջ ծնունդ եւ հասակ առնելը մեծ առաւելութիւն էր, թէեւ այո՛, պատերազմ էր այդ տարիներուն. հրթիռ, ռմբակոծում, առեւանգութիւն, տունքանդ... կը խօսիմ եօթանասունականներու, ութսունականներու Լիբանանի մասին։ Այս բոլորին վրայ կ’աւելցնեմ հայ լեզուին եւ գիրին հանդէպ սէրս եւ այն հաւատքը որ մէջս աճեցաւ Համազգայինի հանդէպ։ Երբ ստիպուեցանք հեռանալ Լիբանանէն, պատանի էի։ Բնականաբար հոս եւս Համազգայինը պիտի դառնար երկրորդ տունս եւ դպրոցս։ Եւ այսօր, երախտապարտ կը զգամ «Գլաձոր» մասնաճիւղին, որ բաց գիրկով ընդունեց ու իր հովանիին տակ առաւ զիս, պատանի տարիքէս։


«Թորոնթոհայ»- Համազգայինէն ներս ստանձնած էք զանազան դերեր, բայց գրական գործունէութիւնը կը մնայ ձեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը: Ինչո՞ւ։

Տօնապետեան Գուզուեան- Հետաքրքրութիւններս շատ են։ Բոլոր դերերը, որոնք վստահուած են ինծի, սիրով ստանձնած եմ։ Բոլորն ալ կը կարեւորեմ, ըլլան ատոնք վարչական, յանձնախմբային, կազմակերպական թէ ղեկավարման դերեր։ Համազգայինի բազմաշերտ գործունէութեան մէջ, սկսեալ թատրոնէն, բոլոր մարզերը զիս կը հետաքրքրեն։ Բայց հայ լեզուն եւ գրականութիւնը տարբեր ազդեցութիւն ունեցած են վրաս։ Այնքան մը որ մագիստրոսի երկրորդ վկայականս հայագիտութեան մէջ է ։ Փոքրուց սիրած եմ հրատարակութիւնը, թերթը, ընթերցումը, գիրը, ասմունքը։ Վազած եմ Համազգայինի «Վ. Սէթեան» տպարանի աստիճաններէն վար, որ տեսնեմ թէ ինչպէս հօրս ու հօրեղբօրս արագընթաց մատներու զարկէն կապարը վար կը սահէր՝ իրենց դիմաց ցցուած մեքենաներէն, ի վերջոյ շարուելու, տպուելու ու վերածուելու «Բագին»-ի, կամ «Զարթօնք»-ի, կամ «Մնաս բարով մանկութիւն»-ի... ։ Սիրած եմ բանալ էջերը՝ նորութիւններ յայտնաբերելու․ ինչի՞ մասին գրած են, ի՞նչ գրած են, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ... ի՞նչ բառեր օգտագործած են։ Բազմահատոր Մալխասեանց բառարանն ալ, որ ինծի եւ քրոջս նուիրած էր ընտանիքի բարեկամ եւ ծանօթ մտաւորական Սիմոն Սիմոնեանը, մահճակալիս քովն էր միշտ, Պէյրութի մեր տան մէջ։ Գիրը կեանքի կոչելը սիրած եմ։ Մանաւանդ երբ ստեղծագործական գրականութիւն է, որ պէտք է հասկնալ, ըմբռնել, որպէսզի արժէքը կարենաս գնահատել, այլապէս շարուած բառեր են, որոնք թերեւս բան մը չըսեն կարդացողին կամ լսողին։ Կայ նաեւ մէջս այդ ձայնը, որ անընդհատ կը յուշէ լեզուի, գիրի վտանգին մասին։ Նորութիւն չէ անշուշտ։ Բայց վտանգ հնչեցնելէն բան դուրս չի գար, եթէ պիտի սպասենք որ վերէն փրկութիւնը հասնի։ Հետաքրքրութիւն արթնցնել եւ յստակ նպատակով ու իրագործելի ընթացք ապահովել. այս է որ կը փորձէ ընել Համազգայինը։


«Թորոնթոհայ»-«Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը զանազան ծրագիրներ ունի. կրնա՞ք նշել այդ ծրագիրները։

Տօնապետեան Գուզուեան- Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը իր հիմնադրութենէն՝ 1969-էն ի վեր Թորոնթոյի մէջ ծաւալած է բեղուն եւ բազմաշերտ գործունէութիւն , որուն մաս կը կազմեն գրական բնոյթի ձեռնարկները, որոնք յիշատակելի ըլլալէ անդին՝ ուսանելի ձեռնարկներ եղած են։ Այսօր, Գրական յանձնախումբի ծիրէն ներս մնայուն ծրագիրներ են Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը, Փոքրերու պատմութեան ժամն ու ձեռային աշխատանքը, տարեկան Արտասանական մրցոյթն ու Զարգացման մրցոյթը։ Ասոնցմէ անդին, յոբելենական հանդիսութիւնները եւ սիրերգութեան երեկոները մեծ ընդունելութիւն գտած են։ Այս բոլորը կը միտին ստեղծելու միջավայր մը, ուր լեզուն կենդանի մնայ ու ծաղկի, ուր հայերէնը մտնէ մեր առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ, ուր փոքրը, պատանին կամ երիտասարդը չվախնայ հայերէնով արտայայտուելու թէ՛ բանաւոր, թէ՛ գրաւոր, ուր կեանքի կոչուի հայ գրողը, ուր զարգանայ մշակութային գիտելիքներու պաշարը, ուր գրել ուզողը սկսի գրիչ շարժել։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը կը գիտակցի անշուշտ, որ հոսանքին դէմ է իր գործը։ Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է ընդգծել, որ Թորոնթոյի հայ համայնքին համար բախտաւորութիւն է ունենալ Հայ կեդրոններու համալիր, ուր գոյութիւն ունի դպրոց, անվերջ բանող գրադարան՝ Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը, «Համազգային» թատերասրահը, ուր հայ աշակերտը կամ երիտասարդը կամ մշակութասէր մարդը հնարաւորութիւն ունի իր հետաքրքրութիւնները զարգացնելու։


«Թորոնթոհայ»- Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը իր տեսակին մէջ եզակի երեւոյթ կը համարուի։ Ի՞նչ ձեւով կ'ընթանան հաւաքները, ո՞վ կ’առաջնորդէ, որո՞նք են մասնակցողները եւ ի վերջոյ ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը։

Տօնապետեան Գուզուեան- Սկսիմ նպատակէն, որ շատ պարզ է. միջավայր ստեղծել` յաճախակի հաւաքներու ընդմէջէն հայ երիտասարդը մօտեցնելու հայ գրականութեան ու այսպիսով լեզուի գործածութիւնը զարգացնել։ Երբ փետրուար 2012-ին, Գրական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ծայր առաւ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը, ընդամէնը չորս երիտասարդներ կային մեր շուրջը։ Տարիներու ընթացքին հետաքրքրութիւնը աւելցաւ, մօտեցանք այլ գրասէրներու, կարգ մը պարագաներու իրենք մօտեցան մեզի, եկան նաեւ այլ երիտասարդներ, որոնք մէկ երկու անգամ մասնակցեցան, բայց մնայուն կորիզ մը սկսաւ ժամանակի ընթացքին կազմուիլ։ Եկան նորերը ու տակաւին պիտի գան ուրիշներ։ Շատ հարազատ ու մտերիմ միջավայր է. ցարդ ունեցած ենք եօթանասունի մօտ հաւաքներ. ամսական հերթականութեամբ սկսանք, սակայն համաճարակէն ետք ու մինչ օրս երկու ամիսը մէկ հաւաք կ’ունենանք։ Կարեւորը այն է որ խմբակին հետ կապը կը շարունակուի տարուան ընթացքին եւ շարունակուեցաւ նոյնիսկ համաճարակի օրերուն, երբ տեսանիւթերու վրայ աշխատեցանք, քանի որ անձամբ քով-քովի գալը հնարաւոր չէր այդ օրերուն։

Ծրագիրը ես կ’առաջնորդեմ։ Նիւթը մօտեցումը, պարունակութիւնը խմբակի անդամներուն հետ խօսելով կ’եզրակացնենք։ Ապա միասին կ’աշխատինք իւրաքանչիւր կտորի վրայ, կը քննարկենք, կը փորձենք մտնել գրողին աշխարհէն ներս, ծանօթանալ կենսագրութեան, ժամանակաշրջանին, ապա նայիլ ստեղծագործութիւններուն։ Փորձերու, քննարկումներու միջոցով կը փորձենք հասցնել տեղ մը, ուր ներկայացնող երիտասարդը հանգիստ զգայ այդ բանաստեղծութիւնը ասմունքելու կամ արձակը մեկնաբանելու ժամանակ։ Հաւաքները սովորաբար Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը տեղի կ՚ունենան։ Գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեան մէջ, երիտասարդ մասնակիցները իրենց փորձերուն արդիւնքն է որ կը ներկայացնեն։


«Թորոնթոհայ»- Ցարդ ի՞նչ նիւթեր ներկայացուած են. կարելի՞ է նշել մի քանին:

Տօնապետեան Գուզուեան- Տարուան սկիզբը երբ Գրական յանձնախումբը իր ծրագիրը կը կազմէ, հոն հաւաքի նիւթերուն մասին ալ կը խօսինք, սակայն, վերջնական նիւթերը մեր երիտասարդ անդամներուն հետ կ’որոշենք։ Երբեմն մէկ գրողի կամ գրողի մը մէկ գործին վրայ կեդրոնացած կ’ըլլան հաւաքները, երբեմն ալ ընդհանուր նիւթի մը շուրջ: իբրեւ օրինակ՝ հայ կին գրողները տարիներու ընդմէջէն, հայ քնարերգութիւնը, դիւցազներգութիւնը, սէրը գրականութեան ընդմէջէն, թարգմանութիւնը գրականութեան մէջ, նահատակ գրողներ եւ այլն։ Խմբակին առաջին հաւաքը Տէրեանի մասին էր, առաւելաբար իր սիրային ստեղծագործութիւններէն ներկայացումներ էին. Թումանեան, Վարուժան, Դուրեան, Եսայեան, Սիպիլ, Սահեան, Շիրազ, Սարաֆեան, Զարիֆեան, Լեռ Կամսար, Դաւթեան, Զահրատ, Խրախունի, Նարդունի, Ն. Պէշիկթաշլեան, օրինակներ են: Խմբակի անդամները Գէյմպրիճի Տաթեւ մասնաճիւղի հրաւէրով քանի մը անգամ Գէյմպրիճի մէջ եւս հանդէս եկած են։


«Թորոնթոհայ»- Գրասէրներու խմբակի յաջորդ ներկայացումը 30 նոյեմբերին է՝ «Համազգային» թատերասրահին մէջ. ի՞նչ կարելի է ակնկալել «Լոյսը» խորագիրը կրող այս երեկոյթէն։

Տօնապետեան Գուզուեան- Այո, «Լոյսը» գրասէրներու հաւաքներու սեղմ պարունակէն դէպի աւելի լայն բեմ պիտի փոխադրէ մեզ։ Գրական յանձնախումբը մտադիր է տարին մէկ անգամ աւելի լայն տարողութեամբ կազմակերպել ներկայացում մը՝ Գրասէրներու խմբակի անդամներուն մասնակցութեամբ, աւելի լայն բեմ տրամադրելով այս երիտասարդներուն, որոնց նուիրուածութիւնը այս ծրագրին ողջունելի է։ Անոնց մէկ մասը Թորոնթօ ծնած է, մէկ մասը Հալէպ կամ Պէյրութ, արդէն երկար ատենէ ի վեր կը բնակին Թորոնթօ, մեծ թափով ու սիրով կը մասնակցին։ Խմբակէն Ռիթա Խաչոյեան, որ նաեւ Գրական յանձնախումբի մէջ վարչութեան ներկայացուցիչն է, կ՚ըսէ՝ «Հայերէնս պիտի նահանջէր, առանց Գրասէրներու խմբակի հաւաքներուն»։ Լոռի Պէրպէրեան կ՚ըսէ՝ «Գրասէրներու խմբակի հաւաքներուն միջոցաւ կեանքի դասեր կը քաղեմ հայութեան ամենէն իմաստուն միտքերէն»:

«Լոյսը» (30 նոյեմբեր 2025) Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) եւ Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) կեանքին ու գրական գործերուն մասին գեղարուեստական համադրում մըն է։ Երեկոյին ընդմէջէն պիտի ներկայացուին զոյգ բանաստեղծներուն ներաշխարհը ցոլացնող բանաստեղծական գոհարներ։ Գրասէրներու խմբակէն տասը երիտասարդ պիտի մասնակցի ասմունքներով, ընթերցումներով։ Նաեւ պիտի ունենանք երգի, նուագի եւ պարի բաժիններ։ Մէկ խօսքով՝ հոգեպարար երեկոյի մը կը պատրաստուինք (ծանուցումը՝ մեկնաբանութիւններուն մէջ):


«Թորոնթոհայ»- Անդրադառնալով Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան, միութիւնը զանազան կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ ունի. ինչպէ՞ս կը կարեւորէք այս ծրագիրները սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ։

Տօնապետեան Գուզուեան- Համազգայինը կը գործէ աշխարհի տարածքին՝ տասնինը շրջաններու մէջ, որոնցմէ է Գանատան իր չորս մասնաճիւղերով։ Իւրաքանչիւր շրջան ունի իր ծրագիրները։ Իսկ Կեդրոնական վարչութեան շարունակական ծրագիրներուն մաս կը կազմեն կրթական օճախները՝ «Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան ճեմարան»-ը, Սիտնիի Գոլստըն ճեմարանը, որ Աւստրալիոյ շրջանին մաս կը կազմէ, Մարսիլիոյ ճեմարանը եւ Իսի լէ Մուլինոյի (Փարիզի կից արուարձան) Թարգմանչաց-Համազգային վարժարանը: Այսօր հայկական կրթական օճախները վերելքի ճամբուն վրայ պահելը ինքնին մեծ մարտահրաւէր է յայտնի պատճառներով։ Բայց հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ փայլուն արդիւնքներ կ’արձանագրեն բոլորը։ Կրթական ծրագիրներուն մէջ է նաեւ հայերէնի ուսուցիչներու եւ տնօրէններու պատրաստութեան ծրագիրը, որ Համազգայինը կ՚առաջնորդէ՝ Երեւանի պետական համալսարանի եւ Հայկազեան համալսարանի գործակցութեամբ։

Համազգայինը կը տանի բեղուն հրատարակչական աշխատանք, որուն ծիրէն ներս է դասագիրքերու հրատարակութեան ծրագիրը։ «Բագին» եռամսեայ հանդէս, pakine.net կայք եւ «Բագին» մատենաշար, որոնց պտուղները կը վայելէ ընթերցող հասարակութիւնը։ Փոքրերու «Լալան ու Արան» խաղերու, պուպրիկներու ծրագիրը, Մտամարզ ծրագիրը, որ լաւ առիթ կ՚ընծայէ ընտանիքներուն միասին զարգացնելու իրենց գիտելիքներու պաշարը։ Պատանիներու ուղղուած «Փեթակ» ճամբարը տեղի կ’ունենայ Փենսըլվենիոյ մէջ ամէն ամառ, երկու շաբաթներու ընթացքին, իսկ երիտասարդներու ուղղուած երեսնամեայ ուսանողական հաւաքը (Ֆորում) Հայաստանի մէջ, առաւել՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արթլինքս եւ Եւրոպայի Եութլինքս եռօրեայ ծրագիրները, որոնց մասին կարելի է շատ երկար խօսիլ։ Անգլիախօս երիտասարդութեան ուղղուած է h-pem հարթակը, ուր լոյս կը տեսնեն զանազան հետաքրքրաշարժ նիւթեր։ Կան այլ ծրագիրներ ալ , որոնց նախօրօք անդրադարձած ենք ու ապագային աւելին կարելի է յայտնել։ Որոշ ծրագիրներու իրականացման մէջ դեր ունին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, նաեւ նուիրատուներ եւ բարերարներ, որոնք կը գործեն Համազգայինի հետ՝ հաւատալով հայկական մշակոյթը սփիւռքի տարածքին ապրեցնելու կարեւորութեան։ Կարելի է այցելել Համազգայինի կայքէջը կամ հետեւիլ ընկերային ցանցերու վրայ Համազգայինի համատարած գործունէութեան։ Մեր շնորհակալութիւնը կ՚երթայ բոլորին, ամենէն դոյզն ներդրումը ունեցողէն ամենէն մեծ աշխատանք տանողին, կամաւորին ու գեղարուեստի ղեկավարին, իւրաքանչիւր անդամի ու բարերարի։ ֎


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյ. 2025 (#219) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

When faith comes home: A personal reflection

Next
Next

Bayrakdarian set for a Toronto homecoming with ‘Ancestral songs, prayers, and lullabies’ at Koerner Hall