Խոնարհումս քեզի, թանկագի՛ն Վարդապետ. դամբանական՝ hայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի

«Հաշուեյարդար, ի՜նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց…
Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան…»:

Արհիապատիւ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեան, սրբազան հայրեր, գերյարգելի, հոգեշնորհ, արժանապատիւ եւ վերապատուելի հոգեւոր հովիւներ, վշտակից հարազատներ,

Այսօր համախմբուած ենք hոգելոյս՝ ժողովրդապետ, գերյարգելի hայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի վախճանման տխուր առիթով՝ իր իսկ ձեռակերտ այս սրբավայրին մէջ, ուր ան երկար տարիներ շարունակ եղաւ ոչ միայն հովիւ, այլ նաեւ հայր, ուսուցիչ եւ համայնքի հոգեւոր ճարտարապետ։

Այսօր աշխարհասփիւռ եւ հայրենիքի Հայ կաթողիկէ համայնքը ընդհանրապէս, իսկ մասնաւորաբար թորոնթոհայութիւնը եւ Գիրէջեան ընտանիքը կը կորսնցնեն քրիստոնէական հաւատքին անխախտ կառչած, Աստուծոյ անանձնական նուիրուած հաւատացեալ մը, քաղցրաբարոյ եւ օրինակելի հեզ հոգեւորական մը ու Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադիր եւ բազմամեայ հոգեւոր հովիւը։

Հայր Եղիա վարդապետը իր կեանքով մարմնաւորեց հաւատքը գործի մէջ։ Ան եկաւ որպէս սերմնացան եւ հեռացաւ որպէս բերքատու այգեպան։ Իր ձեռքերով շինեց ոչ միայն այս տաճարը, այլ նաեւ կենդանի համայնք մը՝ հաւատքի, սիրոյ եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած։

Վեց եւ աւելի տասնամեակներու իր քահանայական ծառայութիւնը շաղախուած էր խոնարհութեամբ, թափանցիկ սիրով եւ անխախտ ու անձնուրաց նուիրումով՝ մատուցուած առ Աստուած։

Թանկագի՛ն Վարդապետ, ձեր ամբողջ կեանքը եղաւ սոսկ պատարագ եւ կենդանի վկայութիւն մը Աստուծոյ փառքին՝ հայ ժողովուրդին լոյս ըլլալու առաքելութեամբ։

Ձեր ծառայութեան իւրաքանչիւր քայլը խնամքով հող մշակելու նման եղաւ, որպէսզի սերմանէիք հաւատք, յոյս ու սէր մեր մթագնած հոգիներուն մէջ, եւ խաչը ոչ թէ որպէս բեռ, այլ որպէս փրկութեան ու վերածնունդի աղբիւր ներկայացուցիք մեզի՝ ձեր ամբողջ հոգիով։ Իրարայաջորդ տարիներուն ընթացքին երբեք անձնական շահ չհետապնդելով՝ եղաք անանձնական՝ միայն Աստուծոյ կամքին ծառայելով, եւ դարձաք քրիստոսակեդրոն վեհագոյն օրինակ եւ ուղեցոյց բազմաթիւ տկար հոգիներու համար։

Խորին երախտագիտութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը բարձրաձայնենք նաեւ ձեր ամբողջանուէր հոգատարութիւնը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շինարարական եւ պայծառութեան ծրագրերուն հանդէպ, եւ մանաւանդ՝ ապագայի հեռանկարով ձեր առաքելութեան շարունակութիւնը, որ պատուով, վստահութեամբ ու հայրական խոհեմութեամբ դրոշմեցիք՝ պատրաստելով տէր Հայկը որպէս հոգեւոր հովիւ եւ շարունակութիւն ձեր անարատ ծառայական աւանդին։

Այո՛, դուք մեզի սորվեցուցիք տեսնել կեանքը իր բոլոր հանգրուաններով՝ դժուարին, բայց ծաղկազարդուած, որպէս անշեղ ճանապարհ մը, որ վերջապէս մարդ արարածը կը տանի դէպի Աստուծոյ հայրական գիրկը։

Ձեր խոնարհ ներկայութեամբ, խոհեմ խօսքով եւ հոգեւոր զօրութեամբ վեց տասնամեակներու ընթացքին դուք եղաք հոգեկան պայծառ մխիթարութիւն շատերու համար։ Հպարտութեամբ կը բարձրաձայնեմ, որ ձեր քրիստոսակեդրոն քարոզներն ու հովուական ծառայութիւնը, ձեր մտերիմ խրատներն ու թելադրանքները եղան հրաւէր դէպի եկեղեցի մեր հաւատքի ճամբուն վրայ։

Այսօր խոնարհաբար եւ ի խորոց սրտի մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեզի, թանկագի՛ն եւ առ յաւէտ ննջող սիրելի՛ Վարդապետ։

Այո, դուք եղաք համայնքի շինարար հոգեւոր հայրը, որ ձեր գուրգուրանքով եւ տեսիլքով հաւաքեցիք ցիրուցան հաւատացեալները եւ զանոնք միաւորեցիք մէկ սեղանի շուրջ՝ Քրիստոսի սուրբ պատարագով, եւ ձեր առաջնորդութեամբ եկեղեցին դարձաւ ոչ միայն աղօթքի տուն, այլ նաեւ հայապահպանման, կրթութեան եւ ազգապահպան ծառայութեան կենդանի կեդրոն։

Հոգելոյս եւ անգի՛ն Վարդապետ, ձեր հոգատար ներկայութիւնը յատկապէս զգալի էր մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու կեանքին մէջ։ Դուք եղաք անոնց ուսուցիչը, դաստիարակը եւ հոգատար հայրը։ Բազմաթիւ աշակերտներ ու պատանիներ ձեր քաջալերանքով գտան իրենց ճամբան հաւատքի, կրթութեան եւ քրիստոսակեդրոն ծառայութեան մէջ։

Որպէս կրթական օճախի հիմնադիր, մշակ եւ դաստիարակ, վարդապետը իր արդար լուման ներդրաւ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրութեան գանձարանին մէջ՝ ապահովելով պատուաբեր եւ արժանապատիւ պատուանդան մը հոգեւոր, գրական եւ կրթական անդաստաններու մէջ։

Անոր մահը մեծապէս կը յուզէ մեզ բոլորս, եւ յառաջիկային եւս խորապէս պիտի զգանք անոր բացակայութիւնը, մանաւանդ մեր սուրբ պատարագներուն եւ միջհամայնքային ձեռնարկներուն ընթացքին։

Սիրելի՛ եւ անգի՛ն Վարդապետ,

Այժմ յուզումնախառն սրտով բարի երթ կը մաղթեմ ձեզի դէպի անդենական եւ դէպի յաւերժութիւն։ Թող մեզ հիւրընկալող Գանատայի հողը,– որուն համար ձեր ամբողջ էութեամբ, նուիրումով աղօթք բարձրացուցիք առ Աստուած,– ձեզ գրկէ իր մէջ որպէս երախտագիտութեան եւ անանձնական նուիրումի յաւերժի յուշարձան։

Թող Աստուած յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ ձեզի, անգի՛ն եւ աննմա՛ն Աստուծոյ ծառայ, եւ թող սուրբ հրեշտակները առաջնորդեն ձեզ դէպի երանաւէտ արքայութիւն։

Այժմ, Միջյարանուանական մարմինի հոգեւոր հովիւներուն եւ թորոնթոհայութեան անունով՝ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ռաֆայէլ կաթողիկոս-պատրիաքին, Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ կաթողիկէ թեմին եւ անոր բարեխնամ թեմակալ առաջնորդ արհիապատիւ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեանին, թեմի հոգեւորականաց դասուն, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, յարգարժան հոգաբարձութեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի անգին հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ համայն թորոնթոհայութեան, որ իր ամբողջական եւ միասնական ներկայութեամբ այսօր համախմբուած է այս սուրբ վայրին մէջ՝ իր հոգեւոր հօր՝ գերյարգելի Եղիա ծվ․ Գիրէջեանին վերջին հրաժեշտը տալու։

Այսու անգամ մը եւս «ի քոյոց քեզ» կը կրկնեմ Աստուածաշունչի այս համարը Յովհաննէս առաքեալի թոյլտւութեամբ, ու կը վերագրեմ զայն ձեզի, թանկագի՛ն եղբայր. «Եւ մենք լսեցինք քեզ, ու մենք տեսանք ու վայելեցինք քաղցր խօսքերդ, մենք ականատես եղանք քու եկեղեցաշէն գործերուդ, եւ ահա այս է, որ կը վկայենք ու պիտի վկայենք քու մասիդ այսօր եւ միշտ»։

Խոնարհումս քեզի, թանկագի՛ն Վարդապետ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ ֎


31 յունուար 2026
Թորոնթօ


Այս դամբանականը արտասանուած է 31 յունուար 2026-ին` հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի յուղարկաւորութեան եւ քահանայաթաղի արարողութեան ընթացքին: Գրաւոր տարբերակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2026 (#223) թիւին մէջ, որ նուիրուած է հայր Եղիային պայծառ յիշատակին:

Յակոբ Ճանպազեան

Թորոնթոհայ քանդակագործ, գեղանկարիչ եւ ազգային գործիչ: Մուսա լեռցիներու զաւակ, ծնած է Այնճար հայաւանին մէջ: 1975 թուականին Գանատա հաստատուելէն ի վեր ան միշտ ներկայութիւն եղած թորոնթոհայ ազգային, հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ քաղաքական կեանքին մէջ։

Next
Next

Վարդանանց տօնակատարութիւնը վերահաստատեց հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին, արժէքներուն եւ ինքնութեան