Վարդանանց տօնակատարութիւնը վերահաստատեց հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին, արժէքներուն եւ ինքնութեան
Հաւատքը ժառանգութիւն մըն է, որ պէտք է պահել ո՛չ միայն յիշողութեամբ, այլեւ կեանքով։ Երբ աղօթքը կը միաւորէ, երգը կը բարձրացնէ եւ խօսքը կը ներշնչէ՝ ժողովուրդը կը վերագտնէ իր արմատներն ու իր առաքելութիւնը, եւ Վարդանանց ոգին կը շարունակէ առաջնորդել մեզ՝ հաւատքի մէջ հաստատ, հայրենիքի հանդէպ հաւատարիմ եւ ապագայի հանդէպ յոյսով լեցուն տեսլականով ապրելու։
Այս մէկնակնակէտէն առաջնորդուած՝ Թորոնթոյի միջյարանուանական մարմինի կազմակերպութեամբ, սուրբ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի համախմբուած մասնակցութեամբ, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ոգեշունչ մթնոլորտի մէջ եւ հանդիսաւոր շուքով նշուեցաւ Վարդանանցը՝ նուիրուած հազար երեսունվեց սրբացած վկաներուն։
Այս հանդիսութիւնը ո՛չ միայն յիշատակ էր Աւարայրի քաջամարտիկներուն, այլեւ կենդանի վկայութիւն՝ հաւատքի աննկունութեան եւ հայրենասիրութեան անշիջանելի կրակին, որ դարերու խորքէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ լուսաւորել հայ ժողովուրդի հոգին։
լուսանկարը՝ Արմենակ Մարգարեանի
Բացման խօսքը արտասանեց տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան՝ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչը։ Ան իր պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ Վարդանանց ոգին անցեալի յուշ մը չէ միայն, այլ ներկայութեան մէջ ապրող կոչ՝ հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի ճշմարտութեան եւ ազգային ինքնութեան։
Սրտաբուխ աղօթքը առ Աստուած բարձրացաւ՝ հայցելով անոր բազմողորմ գութը բոլոր հաւատացեալներուն համար։ Այնուհետեւ հնչեց Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»-ը, որ համախմբեց ներկաները իբրեւ մէկ մարմին եւ մէկ հոգի։
Ընթերցումներով հանդէս եկան հոգեւոր հայրերը։ Տէր Հայարի քհն․ Թանաշեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ, ընթերցեց հատուած մը Ղեւոնդ Երէցի ճառէն, որմէ ետք վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, ներկայացուց հատուած մը զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի ճառէն։ Անոնք անդրադարձան սուրբ Ղեւոնդ Երէցի եւ Վարդան Մամիկոնեանի կերպարներուն, որոնց նահատակութիւնը դարձաւ հաւատքի եւ հայրենիքի անմահ դրօշ։
Հոգեւոր խորութեամբ շարունակուեցան աստուածաշնչական ընթերցումները եւ հոգեւոր պատգամները։ Տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան ընթերցեց Պօղոս առաքեալի նամակը եփեսացիներուն՝ «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» (6։10-20), ուր հաւատացեալը կը հրաւիրուի զինուելու ոչ թէ մարմնաւոր զէնքով, այլ՝ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ եւ Աստուծոյ խօսքով։
Տէր Հայկ քհն․ Շահինեան Սաղմոսներու գիրքէն ներկայացուց Սաղմոս 43, 1-5-ը։ Ան իր աղերսով եւ վստահութեամբ յիշեցուց, թէ Աստուած է մեր ապաւէնը նեղութեան մէջ։
Տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի կողմէն ընթերցուեցաւ Տիմոթէոսին ուղղուած երկրորդ նամակէն հատուած մը՝ «Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ զինուորը» (2։1-13), որ հաւատքի պայքարը կը ներկայացնէ, իբրեւ հոգեւոր քաջագործութիւն։
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը շքեղ եւ ներշնչող էր։ Արամ սրկ. Շահպազեանի մեներգած «Հիմի՞ էլ լռենք» երգը՝ Ռափայէլ Պատկանեանի խօսքերով եւ Մակար Եկմալեանի երաժշտութեամբ, հրաւէր մըն էր զգաստութեան եւ խիզախութեան։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ Անուշ Գալստեանի հմուտ խմբավարութեամբ եւ Մանօ սրկ. Ճէնանեանի դաշնամուրային նուագակցութեան ներքոյ, կատարեց հոգեպարար եւ հայրենասիրական ստեղծագործութիւններ՝ Ռ․ Պատկանեանի եւ Մ․ Եկմալեանի «Լռեց, ամպերը եկան»-ը։ Այնուհետեւ Կոմիտաս վարդապետի մշակմամբ, ս. Ներսէս Շնորհալիի աղօթական քերթուածը՝ «Նորահրաշ պսակաւոր»-ը, որ սրբազան նրբութեամբ ողողեց դահլիճը, ապա՝ «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» երգը, որ հայրենաշունչ մեղեդիներով ու բառերով վերակենդանացուց Աւարայրի դաշտի ոգին։
Բանաստեղծական համադրումով հանդէս եկաւ Սարին Փօլատեան-Աբիկեան եւ իր ոգեշունչ ասմունքը հանդիսութեան հաղորդեց զգացական խորք եւ գեղարուեստական ամբողջականութիւն։ Երէցկին Մարինէ Շահինեանի նուրբ ձայնով եւ գեղեցիկ մատուցմամբ երգուած՝ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մակար Եկմալեանի՝ «Պլպուլն Աւարայրի»-ն հայրենասիրական ջերմ շունչով պատեց ներկաներուն հոգիները։
Օրուան բանախօս Արա Տէր Յարութիւնեան (փոխտնօրէն Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շբթ. վարժարանի) իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Վարդանանց պատգամը կը շարունակէ կրթել նոր սերունդները՝ հաւատքի եւ ինքնութեան գիտակցութեամբ։ Ան յատկապէս ընդգծեց դպրոցին եւ ընտանիքին դերը՝ այդ սրբազան ժառանգութիւնը փոխանցելու գործին մէջ։
Արա Տէր Յարութիւնեանի բանախօսութիւնը խորաթափանց եւ հոգեպարար խորհրդածութիւն մըն էր Վարդանանց պայքարի էութեան շուրջ։ Բանախօսը Վարդանանց դէպքերը դիտեց ոչ այնքան քաղաքական կամ ռազմական դիտանկիւնէ, որքան՝ հոգեւոր կշիռով ու փրկագործական հեռանկարով։
Անդրադառնալով 451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտին՝ ան յայտնեց, թէ ճակատամարտի արդիւնքը չէ, որ սահմանեց յաղթանակը, այլ հաւատքը չուրանալու անխախտ ուխտը։ «Մեծագոյն յաղթանակը այն է, երբ մարդը կը յաջողի նախ ինքն իրեն յաղթել», ըսաւ բանախօսը՝ այս միտքը դարձնելով իր պատգամին առանցքը։ Ըստ անոր, Վարդանանցը մեր պատմութեան մէջ ոչ թէ պարզապէս բարոյական յաղթանակի խորհրդանիշ է, այլ՝ դարերու ընթացքին ազգային գոյատեւման եւ հոգեւոր ինքնութեան ապահովութեան հիմնաքարը։
Բանախօսը ներկաները մղեց ինքնաքննութեան՝ հարցադրելով. «Արդեօք այսօր Աւարայրի նահատակներուն ոգեշնչող հոգին կ’ապրի՞ մեր մէջ»։ Ան զգուշացուց, թէ քրիստոնէութիւնը չի սահմանափակուիր ծիսական արարողութիւններով կամ արտաքին դրսեւորումներով, այլ կոչ է՝ ապրելու Աստուծոյ խօսքով, մարմնաւորելու սիրոյ եւ հնազանդութեան պատուէրները առօրեայ կեանքի մէջ։
Յատկապէս շեշտուեցաւ եղբայրասիրութեան գերագոյն պատուէրը՝ մէջբերելով Քրիստոսի խօսքը. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։ Այս պատգամով բանախօսը վերահաստատեց, թէ Վարդանանց ոգին պատմութեան էջերուն մէջ ամփոփուած անցեալ մը չէ, այլ մշտական ընտրութիւն մը՝ մնալու հաւատարիմ մեր հաւատքին, մեր արժէքներուն եւ մեր կոչումին։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հաւաքական աղօթքով։ Բոլոր ներկաները միաբան խնդրեցին, որ սուրբերու պսակիչ Քրիստոս պահէ եւ պահպանէ Իր ժողովուրդը, ներէ մեղքերը եւ արժանի ընէ փառաւորելու զԻնք՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։
Փակման խօսքը կատարեց տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան, որ յիշատակեց Վարդանանց սուրբ նահատակները, որոնք իրենց արեամբ կնքեցին հաւատքի եւ հայրենիքի ուխտը։
Տէրունական աղօթքով եւ հաւատացեալներուն հաւաքական երգեցողութեամբ աւարտին հասաւ հանդիութիւնը։
Ներկաները հրաւիրուեցան «Վ. եւ Յ. Յովնանեան» սրահ՝ միասին ըմբոշխնելու Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ճոխ հիւրասիրութիւնը։
Այդ օրը, Թորոնթոյի մէջ, Վարդանանց տօնակատարութիւնը դարձաւ ոգեւորիչ վկայութիւն հայ ժողովուրդի հաւատքին ու ինքնութեան անքակտելիութեան, իսկ Աւարայրի դաշտին վրայ թափուած արիւնը դարձաւ լոյսի սերմ, որ դարեր շարունակ պիտի ծաղկի հայ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ։ ֎
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2026 (#223) թիւին մէջ: (լուսանկարը՝ Արմենակ Մարգարեանի)