Տիրուկին հետ. Լոյսերուն լուռ ցաւերը.

Մեր ամէնօրեայ ճամբուն վրայ կան բազմահազար մանրամասնութիւններ, որոնց քովէն կ’անցնինք աննկատ․ մայթերուն քարերը, տուներուն պարիսպները, ազդանշանները, մայթերուն վրայ տեղադրուած ելեկտրական ձողերը, անոնց լոյսերը, խանութներուն եւ աշխատավայրերուն պաստառները, ցուցանակները, ելեկտրականութեան լարերը, ծառերն ու անոնց բունին վրայի ճերմակ ներկերը, մայթերուն վրայ երկարող կանաչապատ տարածքները… թերեւս այս տողերս կարդալէն ետք աննկատ չանցնիք, քննէք ու զննէք ամէն տեսակի մանրամասնութիւն եւ կրնայ ըլլալ անոնց մէջ ապրելու ազդանշան մը եւ կամ նշոյլ մըն ալ նկատէք։ Ո՜վ գիտէ, կարելի անոնք մեզի ըսելիք մը եւ կամ պատմելիք մը ունին, կրնայ ըլլալ անոնք ալ մեզի պէս անտեսանելի հոգի մ’անգամ ունին։

Այս բոլորը կը նշեմ, որովհետեւ անոնք անմիջական կապ ունին պատմելիքներուս հետ։ Անցեալ շաբթուընէ ի վեր, թորոնթոբնակներս, արտասովոր երեւոյթի մը ականատեսը եղանք․ օրեր շարունակ «Վիքթորիա փարք» պողոտային, ի մասնաւորի Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ կից ճամբուն վրայի ճանապարհի լոյսերէն մէկը անընդհատ կը վառէր ու կը մարէր։ Իրիկունը իր սեւ վարագոյրը կանուխէն սկսած էր փռել մեր քաղաքին վրայ, իսկ այդ երկարակեաց խաւարին մէջ արթուն մնալ փորձող պողոտային լոյսը, անընդհատ, իր քնաթաթախ աչքը կը թարթէր։

Ամէն օր, աշխատանքէս վերադարձիս, կամայ-ակամայ վեր կը նայէի ու՝ «այս լոյսը արդեօք մեզի ըսելի՞ք մը ունի, թերեւս ալ հոգեվարքի մէջ է, կամ ալ անհանգստութիւն մը ունի։ Կրնայ ըլլալ միս մինակ է եւ առանձնութենէ կը տառապի, արդեօք նշմարուիլ կ’ուզէ՞ ու՝ «ես հոս եմ», կ’ըսէ՞», կը մտածէի ու հազարումէկ բաներ կ’անցընէի միտքէս, ապա՝ քովիս ինքնաշարժներուն պատուհաններէն դուրս ցցուած գլուխները նկատելով՝ զարմացած կը ժպտէի ու կը բարձրաձայնէի՝ «Հապա՛, ամբողջ կեանքդ ուրիշները լուսաւոէ ու աննկատ մնայ։ Շա՛տ լաւ կ'ընես, երբ որ միւսներէն տարբեր ըլլաս, ահա՛, ճիշդ այդ պահուն կը նշմարուիս։ Շնորհակալ եմ, որ այսքան ժամանակ բոլորիս ճանապարհը լուսաւորեցիր։ Կ’երեւի յոգնեցար, կը հասկնամ, սակայն հաւատա՛, ձեռքէս բան չի՛ գար։ Ամէն պարագային, մի՛ մտահոգուիր, պատասխանատու մարդիկ շուտով կու գան ու կը բժշկեն քեզ»։

Մէկ շաբաթ ետք այդ լոյսին դրացին եւս սկսաւ վառիլ-մարիլ։ Արդեօք նախանձի՞ խնդիր մը կար հոն, կամ թէ ինքն ալ յոգնած էր ու մահամերձ վիճակ մը ունէր։ «Թարթող աչքերը մէկ էին՝ եղան երկու, մեր հացին իւղ քսուեցաւ…ո՞ւր են այս երեւոյթին լուծումը ապահովողները», կը կրկնէի ամէն երեկոյ ու կը փափաքէի այդ զոյգին փորի ցաւը հասկնալ, բայց ապարդիւն...լուռ ցաւեր կը տանէին երկուքը ու իրենց բժիշկին՝ ելեկտրականագործի նուրբ ձեռքերուն կարօտը քաշելով կը փորձէին իրենց ցաւը արտայայտել բոլորիս։

Կեանքը առեղծուած է։ Այս լոյսերուն նմանող մարդիկ ալ կան։ Անոնք ամէն օր մեր շուրջն են ու թերեւս այդ ճանապարհի լոյսին նման մեր ճամբան կը լուսաւորեն, սակայն անոնց ներկայութիւնը եւ կամ անոնց՝ մեզի հանդէպ տածած սէրն ու նուիրումը երբեք չենք նկատեր, իսկ անոնց լուռ ցաւերուն մասին գաղափար անգամ չունինք, քիչ մըն ալ աւելին՝ այդ լոյսը շատ զօրաւոր համարելով երբեմն կը նեղանանք ու մեր աչքերուն հետ մեր ականջն ու սիրտն ալ կը փակենք։ Երբեմն ուրիշ գոյնզգոյն լոյսեր անգամ կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը ու անոնց տարուելով կը մոռնանք մեր կեանքի ճանապարհը լուսաւորող արեւներուն ներկայութիւնը։ Երբեմն դուրսէն դիտող մը այդ ամէնը իսկոյն կը նկատէ ու աւելի փափքանկատ քայլերով կը մօտենայ այդ հարցին ու՝ «լոյսին» առաքելութեան եւ զոհողութեան տարողութիւնը տեսնելով՝ կ’ուզէ միջամտել, խօսք հասկցնել կամ բարձրաձայնել, սակայն ապարդիւն… չէ՞ որ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի։ Այո՛, ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, բայց ժամանակը իր աւերները չգործած ու այդ լոյսին հոգեվարքին ժամը չհասած՝ անոր արժէքը նկատելը, այդ լոյսով ջերմանալը, անոր լուսաւորած ճանապարհով քալելը ու շնորհակալ ըլլալն է կարեւորը։

Ահաւասի՛կ, պաշտօնիս բերումով՝ երաժշտանոցին մէջ եմ, տասներեք տարեկան գեղադէմ, աշխատասէր ու երաժշտական գործիքը կատարելապէս նուագող աղջիկը ոտք կը կոխէ ու կը պնդէ, թէ երաժշտութիւնը իր ճանապարհը չէ։ «Ընկերներս չեն նուագեր, ես ալ պիտի չնուագե՛մ», կ’ըլլայ անոր կտրուկ պատասխանը։ Արբունքի շրջանին մէջ ձեռքով-ոտքով խրուած աղջիկը «գոյնզգոյն խաբուսիկ լոյս»-երէն տարուած՝ հօրն ու մօրը խրատները ճամբի եզրի աղբակոյտին նետած, սրտին աչքերն ու ականջները գոցած՝ մէկ նախադասութիւն կը կրկնէ՝ «ո՛չ երաժշտութեան»-ը։ Լուսամիտ հայրն ու մայրը համոզելու հազար ու մէկ միջոցի կը դիմեն ու կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս ժամանակին իրենք յաճախ ուզած են երաժշտութեան հետեւիլ, սակայն չունեւորութեան պատճառով չեն կրցած իրենց փափաքը իրագործել։

Ես, որպէս պատասխանատու, աղջիկը քովս կ’առնեմ ու մանկավարժական այլեւայլ ձեւերով կը փորձեմ արբունքի շրջանին դառնոտ ճիրաններէն փրկել այդ անմեղ որսը, սակայն ապարդիւն։ Անդին վաթսունհինգ տարեկան կին մը, կիթառը ուսին դասի ժամէն տասը վայրկեան առաջ կը հասնի ու՝ սպասման սրահին մէջ նստելով՝ կիթառը ուսէն վար կը դնէ եւ՝ «Ա՜խ, այս կիթառը շալկելը ծանր բեռ մըն է իմ տարիքիս կնոջ մը համար, բայց ան ինծի համար երաժշտական կախարդական աշխարհի դռներուն բանալին է, որուն շնորհիւ նոր զգացումներ կը յայտնաբերեմ, հոգիս կը խաղաղի եւ սիրտս ուրախութեամբ կը խայտայ։ Է՜հ, երանի՜ մանկութեանս զիս խրատող մը ըլլար ու երաժշտութեան քաղցրութեան մասին հետս խօսէր», կ’ըսէ ներկաներուն։ Ապա՝ կիթառը ուսին՝ անդին կանգնած կամակոր աղջկան խօսքը ուղղելով՝ «Աղջի՛կս, շատ բախտաւոր ես, որ ծնողքդ քեզ կը քաջալերեն երաժտութիւն սորվելու, ի՜նչ լաւ է, որ այս տարիքէդ սկսած ես կիթառ նուագել։ Երաժշտութիւնը հոգիդ կ’ազնուացնէ, մտքիդ հորիզոնները կ’ընդարձակէ ու կեանքդ կը լուսաւորէ...այդ լոյսին հետեւէ՛, որ ինծի պէս խաւարին մէջ թափառելով ուշի չմնաս։ Դժբախտաբար, ես որբ եղած եմ, ու այս ոսկեայ առիթը չեմ ունեցած։ Ծնողքիդ յարգը գիտցի՛ր ու անոնց խրատները մի՛շտ ականջիդ օղ ըրէ՛», կը խրատէ ան ու դասասենեակ կ’ուղղուի։

Աղջկան ծնողքին ու իմ աչքերուս խոնաւութիւնը զգալի կը դառնայ։ «Աստուա՛ծ խօսեցուց» արտայայտութիւնը եւ լուռ արտասանուած ձայները կը լսուին երաժշտանոցին պատերէն, անդին մտածկոտ աղջկան հայեացքին մէջ ոգեւորիչ լոյսի ճաճանչ մը կը նշմարենք բոլորս։ Է՜հ, մարդ մարդու՝ սատանայ, մարդ մարդու՝ քահանայ։

Չմոռցած ըսեմ, որ այսօր գործիս ուշացայ։ Ինչո՞ւ...որովհետեւ «վարպետ բժիշկները» պողոտան գոցած էին ու այդ լոյսերուն «ցաւը կը տանէին»։ ֍

***

Այս սիւնակը տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի հոկտ. 2024 թիւին մէջ:

լուսանկարը Ֆիլիփ Մրոզի. Արեւելեան Պլուր փողոց, Թորոնթօ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Bridging histories: Alan Whitehorn on genocide, identity, and the ongoing Armenian struggle

Next
Next

Letters to the editor (oct. 2024 issue)