«Արցա՛խ, մեր տուն» ծրագրին նպատակն է օգնել՝ մեր ազգակիցները լիարժէքօրէն ապրին եւ արարեն hայրենիքի մէջ․ տէր Գեղարդ ծվ․ Քիւսպէկեան

Օրհնութեամբ Գանատայի հայոց թեմի առաջներոդ Տ. Բաբգէն արք․ Չարեանի՝ Գանատայի հայոց թեմը նախաձեռնած է «Արցախ, մեր տուն» մարդասիրական ծրագիրը՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան բնակութիւն հաստատած հայորդիներու համար։

Այդ ծիրէն ներս` 12-էն 18 փետրուար 2024-ին, Գանատայէն Հայաստան ժամանեցին թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ տէր Գեղարդ ծվ․ Քիւսպէկեանը եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Տանիա Օհանեանը, որոնք կամաւորական խումբի պատասխանատուներուն` Նայիրի Մկրտիչեանի եւ Էդկար Համբարեանի հետ այցելեցին Հայաստանի վեց մարզեր։

Պատուիրակութիւնը՝ համագործակցաբար շարք մը հայաստանեան բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ եղաւ Էջմիածին, Մասիս, Վարդենիս, Գիւմրի, Վանաձոր քաղաքներ եւ Արագածոտն մարզի Մուղնի գիւղ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ բռնի տեղահանուած արցախցի փոքրիկներու եւ անոնց ծնողներուն հետ։ Տէր Գեղարդ ծվ․ Քիւսպէկեան ողջունեց ներկաները, գնահատեց անոնց ժպիտներն ու վերադարձի յոյսով ապրելու վճռակամութիւնը։

«Մենք հեռաւոր Գանատայէն եկած ենք ձեզի ըսելու, թէ՝ դուք առանձին չէք. գանատահայութիւնը միշտ կը մտածէ ձեր մասին, մեր մանուկներն ու պատանիները կ’աղօթեն Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար։ Այսօր, այդ աղօթքները գործի վերածած՝ եկած ենք այստեղ, ֆիզիքապէս ձեզի հետ ըլլալու եւ ձեր աչքերուն մէջ նայելով՝ ձեզմով զօրանալու ու ներշնչուելու։ Եկած ենք խորհրդանշական նուէրներով՝ մեր գործնական սէրը արտայայտելու ձեզի եւ ըսելու, թէ՝ որպէս արցախահայեր մեր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունիք», ըսաւ Հայր Գեղարդ Գիւմրիի մէջ հաւաքուած արցախցի փոքրիկներու հետ հանդիպման ժամանակ։

Ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ իմանալու նպատակով՝ «Թորոնթոհայ»-ի հարցումին ի պատասխան՝ Հայր Գեղարդ նշեց, որ նախքան այս ծրագիրը արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն օրեր ետք՝ 2 հոկտեմբեր 2023-ին ժամանած են Գորիս քաղաք, ուր ժամանակաւոր ապաստան գտած եւ Հայաստանի սահմանը հատած արցախահայերու համար տրամադրած են իրենց անմիջական կարիքները հոգալու տուփեր, առաւելաբար սնունդ, ինչպէս նաեւ՝ դրամական օգնութիւն։

Հայր Գեղարդ դիտել տուաւ, որ տեսնելով տեղահանուած հայրենակիցներու հոգեբանական ծանր վիճակը եւ կենցաղային աներեւակայելի մարտահրաւէրները, եւ ի շարունակութիւն 2 հոկտեմբերի այցին, այս տարի ծնունդ առաւ «Արցախ, մեր տուն» ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակն է՝ առօրեայ կարիքներ հոգալու, առողջապահական եւ բժշկական պէտքերը ապահովելու կողքին, նաեւ մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնց միջոցաւ մեր արցախահայ ազգակիցները կարենան աշխատիլ, արարել եւ իրենց օրապահիկը ապահովել։

Հանդիպումներուն ընթացքին կարելի եղաւ տեղահանուած երեխաներու տրամադրել խորհրդանշական եւ «Արցախ, մեր տուն» տարբերանշանով մարզազգեստներ, վերմակներ եւ նորածին մանուկներու համար ներքնաշոր (diapers)։ Գանատայի հայոց թեմի օժանդակութիւնը կ՚ընդգրկէր նաեւ նիւթական աջակցութիւն՝ կարիքաւոր ընտանիքներու, աշխատասէր ու ձեռներէց արցախցիներու, ինչպէս նաեւ առողջապահական ծանր հարցեր դիմակայող արցախցի երեխաներու բուժման ծախսերուն համար։

Անդրադառնալով արցախահայութեան վրայ հասած աղէտին եւ հայրենազրկման՝ Հայր Սուրբը ըսաւ․ «Առաջինը չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ կամ կրկնեմ, թէ ականատեսը եղանք Հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի երկրորդ մեծագոյն աղէտին, երկրորդ ողբերգութեան։ Եթէ 1915-ի ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն էր, ապա 2023-ի ողբերգութիւնը՝ ցեղազտում։ Առ այդ, արցախահայութիւնը հանդիսացաւ այդ ողբերգութեան առաջնագիծին վրայ գտնուող մեր ժողովուրդի այն փաղանքը, որ իր վրայ կրեց այդ ծանր հարուածին ամենազգալի ու ամենածանր բաժինը»։

Մեր այն հարցումին, թէ հանդիպումներէն ի՞նչ տպաւորութիւներ ստացաւ, Հայր Գեղարդ նկատել տուաւ, որ «բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած արցախահայերը տակաւին կը գտնուին հոգեցնցումի մէջ։ Անոնք իրենց զգացումներն ու յոյզերը արտայայտելու, իրենց ցաւը կիսելու առիթը լիովին չեն ունեցած՝ տարուած ըլլալով իրենց առօրեայ հոգերով եւ կարիքներով. աշխատանքի փնտռտուք, անգործութեան մարտահրաւէր, կեցութեան եւ բնակարանի ապահովման հարցեր եւ այլն»։

«Իսկ ընկերային իմաստով՝ արցախահայերը մէկ կողմէ կը փորձեն շաղուիլ իրենց նոր միջավայրին հետ, միւս կողմէ՝ անոնք մտահոգ են իրենց ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան պահպանմամբ։ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս ապրիլ որպէս սովորական ու պարտաճանաչ քաղաքացի, միեւնոյն ժամանակ՝ պահելով արցախցիի իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը, բարբառն ու աւանդութիւնները։ Ինչպէ՞ս հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, միեւնոյն ժամանակ վառ պահելով վերադարձի յոյսը..․», ըսաւ թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետը եւ ընդգծեց, որ արցախահայութեան ներկայ մարտահրաւէրները լուծելը միայն բարեսիրական աշխատանքերով չի յաղթահարուիր, այլ կ’իրագործուի համահայկական ջանքով։

Մարդասիրական ծրագիրը կը հովանաւորուի գանատական ոչ-հասութաբեր հիմնադրամներու աջակցութեամբ, որոնց նպատակն է՝ Ազգային առաջնորդարանի հետ համագործակցաբար՝ արցախահայութեան օգնութիւն տրամադրել, որպէսզի կարենան լիարժէքօրէն ապրիլ եւ արարել հայրենիքի մէջ:

Ծրագիրը շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ հարցումին ի պատասխան՝ Հայր Գեղարդ հաստատեց, որ «այո՛, ան շարունակութիւն պիտի ունենայ այնքան ատեն, որ կարիքներն ու մարտահրաւէրները առկայ են, այնքան ժամանակ, որ վէրքը չէ սպիացած եւ Արցախի հարցը բարւոք լուծման չէ արժանացած»։

Արցախահայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն լուծում տալու, անոնց ցաւը ամոքելու եւ լիարժէք կեանք ապահովելու համար իւրաքանչիւր հայու պարտքն է իր լուման տալ, որպէսզի մեր հայրենակիցները ապրին հայրենիքի մէջ՝ հնարաւորինս Արցախին մօտիկ, եւ ստիպուած չըլլան հեռանալու եւ գաղթելու այլ երկիրներ: ֎

(լուսանկարը տրամադրած է Գանատայի հայոց թեմը)

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

«250 քմ» (կարճ ֆիլմ). ակնարկՍարսափներու ճանապարհով. «250 քմ»-ին աննկուն ոգին

Next
Next

'Never again' cannot become empty words