«250 քմ» (կարճ ֆիլմ). ակնարկՍարսափներու ճանապարհով. «250 քմ»-ին աննկուն ոգին
Քիչ են այն կարճ ֆիլմերը, որոնք միաժամանակ կրնան ակնդիրին ուշադրութիւնը գրաւել, զայն յուզել եւ վերջապէս՝ ոգեշնչել: Բեմադրիչ Յասմիկ Մովսիսեանի եւ ֆիլմարտադրողներ Յասմիկ Մովսիսեանի, Լուսինէ Ոսկանեանի եւ Ճուլիա Էնտըրսընի «250 քմ»-ը (250km) այն եզակի ֆիլմերէն է, որ ոչ միայն կը hասնի այս հազուագիւտ եռեակին, այլ նաեւ՝ այս բոլորը կ'ընէ այնպիսի հմտութեամբ, որ անջնջելի հետք կը ձգէ իր հանդիսատեսին վրայ:
Ֆիլմը արժանացած է Թորոնթոյի «Նուռ» ֆիլմի (Pomegranate Film Festival) 16-րդ փառատօնի «Լաւագոյն կարճ ֆիլմ»-ի մրցանակին (2023), Իտալիոյ «Քորթօ տորիքօ» ֆիլմի փառատօնի Amnesty International-ի կողմէ «Լաւագոյն կարճ ֆիլմ»-ի ու «Երիտասարդ ժիւրի»-ի մրցանակներուն (2023), «Կինոպրոբա» 20-րդ միջազգային փառատօնի գլխաւոր մրցանակին (2023) եւ մասնակցած բազմաթիւ այլ փառատօններու եւ արժանացած շարք մը այլ մրցանակներու: Այն տոկունութեան, քաջութեան, խիզախութեան եւ պատերազմի անասելի սարսափներու ցաւոտ պատմութիւն է՝ արցախցի պատանի տղու մը ու իր ընտանիքին ապրած դժուարութիւններուն ընդմէջէն:
«250 քմ»-ի պատմութիւնը կը ծաւալի 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմի շրջանին՝ հանդիսատեսը ներքաշելով 14-ամեայ Վահէին սրտացաւ ճանապարհորդութեան: Ընտանիքը փրկելու այլ ելք չունենալով՝ Վահէն կը դառնայ բոլորին վարորդը ու կը սկսի վտանգաւոր 250 քիլոմետրանոց ճանապարհորդութիւնը դէպի անվտանգութիւն: Թեման ոչ միայն կը ծառայէ որպէս ֆիլմին հիմնական նիւթը, այլեւ կ'արտացոլացնէ Արցախէն աւելի քան 100 000 բնիկ հայերու ողբերգական տեղահանումը, որ պատահեցաւ 2023 թուականին։ Այս զուգահեռը կ'ուժեղացնէ ֆիլմին զգացական, հոգեբանական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կը ծառայէ որպէս Արցախի ժողովուրդի շարունակական պայքարի վառ յիշեցում:
Յասմիկ Մովսիսեանի բեմադրութիւնը ե՛ւ նուրբ է, ե՛ւ վճռական՝ պատկերացնելով Վահէին ու իր ընտանիքին անցած ճանապարհի էութիւնը կարճ ֆիլմերու մէջ հազուադէպ հանդիպող իրականութեամբ (ռեալիզմով): Ֆիլմի իսկութիւնը ալ աւելի կ'ամրապնդուի այն փաստով, որ անոր դերասանական կազմէն շատերը, ներառեալ երիտասարդ գլխաւոր դերակատար Վահէ Սարգսեանը, ապրած են պատկերուած սարսափները: Այս ոչ միայն անզուգական խորութիւն կու տայ անոնց կատարումներուն, այլ նաեւ՝ ֆիլմը կը տանի զուտ պատմուածքներու տիրոյթէն անդին:
Ֆիլմի պատումին կ'աջակցի տաղանդաւոր երաժիշտ ու երգահան Միքայէլ Ոսկանեանի յուզիչ երաժշտութիւնը, որուն «Օրօր իմ բալա»-ի կատարումը ֆիլմի գագաթնակէտին խիստ ազդեցիկ է: Ոսկանեանի տպաւորիչ երաժշտութիւնը, զուգորդուած ֆիլմի բծախնդիր ձայնային ձեւաւորման հետ, հանդիսատեսը կը տեղափոխէ Վահէին ճանապարհորդութեան հիմքը՝ շօշափելի դարձնելով վախի, յոյսի եւ վճռականութեան իւրաքանչիւր պահը:
Ալբերտ Սարգսեանի շարժանկարչութիւնը (cinematography) ֆիլմին եւս մէկ կարեւոր գործօնն է, որ կը ներկայացնէ պատերազմէն աւերուած տարածաշրջանի սարսափելի տեսարանները. իսկ Հրանդ Վարժապետեանի մոնթաժը (editing) անխափան կերպով կը միահիւսէ պատմութիւնը, որ ողբերգական ըլլալով հանդերձ յոյս կը ներշնչէ: Տիգրան Մարգարեանին եւ Ռոբերտ Պօղոսեանին արտադրական ձեւաւորումը կը ստեղծէ թէ՛ գեղեցիկ եւ թէ՛ սարսափեցնող միջավայր մը՝ ընդգծելով մանկութեան անմեղութիւնը պատերազմի իրականութեան մէջ։
«250 քմ»-ը պարզապէս կարճ ֆիլմ մը չէ. ան իրազեկման հրատապ ճիչ մըն է, արդարութեան ու խաղաղութեան խնդրանք եւ յարգանքի տուրք՝ այն մարդոց, որոնք ուժ կը գտնեն դիմանալու աներեւակայելի դժբախտութիւններուն: Յասմիկ Մովսիսեանը 23 վայրկեաններու սահմաններուն մէջ յաջողած է պատմել պատմութիւն մը, որ պէտք էր պատմուի, եւ ըրած է իր առաքելութիւնը բծախնդրութեամբ, արհեստավարժութեամբ եւ հոգիով:
«250 քմ»-ը ֆիլմ է, որ ոչ միայն կը պատմէ Վահէին եւ իր ընտանիքին պատմութիւնը, այլեւ կը կրէ ձայնը ամբողջ ժողովուրդի մը, որուն կորուստի, քաջութեան եւ գոյատեւման պատմութիւնները պէտք է լսելի դառնան։ «250 քմ»-ի իւրաքանչիւր տեսարան կը մարմնաւորէ մարդկութեան բուն էութիւնը եւ անոր կարողութիւնը՝ հսկայական տառապանքներու, ճկունութեան ու պայքարի: ֎
***
«250 քմ» (250 km). 23 վայրկեան
Բեմադրիչ՝ Յասմիկ Մովսիսեան
Ֆիլմարտադրողներ՝ Յասմիկ Մովսիսեան, Լուսինէ Ոսկանեան, Ճուլիա Էնտըրսըն
Հեղինակ՝ Յասմիկ Մովսիսեան, Արմէն Կարապետեան
Նկարահանող՝ Ալբերտ Սարգսեան
Արտադրական ձեւաւորող՝ Տիգրան Մարգարեան, Ռոբերտ Պօղոսեան
Երաժշտութիւն՝ Միքայէլ Ոսկանեանի (Miqayel Voskanyan)
Ձայնային ձեւաւորող՝ Միքայէլ Ոսկանեան, Րաֆֆի Հայրապետ, Տիգրան Կուզիկեան, Եդուարդ Մեսրոպեան
Մոնթաժ՝ Հրանդ Վարժապետեան
Դերակատարներ՝ Վահէ Սարգսեան, Ռուզան Խաչատրեան, Դաւիթ Սարգսեան, Եւա Իվանիտիս, Լենա Մաթեւոսեան, Լիլիթ Հայրապետեան
Արտադրութիւն՝ Nraneh Films-ի եւ Oberton-ի