Ի յուշ՝ Պարգեւ Գիրէջեանի մահուան 24-րդ տարելիցին
Ժանէթ Գիրէջեան
Շատ ուրախ տարիներ ապեցանք միասին,
Քով քովի կտրեցինք ճանապարհը կեանքին,
Տեսանք ծնունդը մեր անդրանիկ զաւկին,
Քաղեցինք առաջին ժպիտն իր թանկագին:
Ունեցանք օրեր շատ ուրախ, շատ տխուր,
Միասին կազմեցինք ծրագիրներ բիւր,
Տեսանք փլուզումը մեր երազներուն,
Տեսանք թէ ի՞նչ կրնար ընել մարդը մարդուն:
Եւ սակայն մենք՝ չյուսահատեցանք երբեք,
Հասկցանք, թէ երազներն են դիւրաբեկ,
Ու նոր խանդով, նոր եռանդով տոգորուած,
վերակագնեցինք մեր կեանքը փշրուած:
Երիտասարդ էինք, երբ զիրար ճանչցանք,
Ու յաւերժ միասին ապրիլ խոստացանք,
Ո՛չ ուժ խնայեցինք, ո՛չ ալ աշխատանք,
Երկուստեք կերտեցինք ու պայքարեցանք:
Երիտասարդ էինք ու այդպէս մնացինք,
Տարիները մեզմէ ոչինչ խլեցին,
Նոյն չափով կը սիրենք գիրն ու նուագը,
Հաճոյքով կը դիտենք արեւածագը:
Միայն մեր մազերն են լման ճերմկած
Ու մեր հասակը քիչ մը աւելի կքած,
Սակայն մենք դարձանք աւելի հանդուրժող,
հասկցող, համբերող եւ դիրաւ ներող:
Տարիներու հետ կրցանք քայլ պահել,
Մեր զաւակները մեծցնել եւ ուղղել,
Փոխանցել անոնց մեր համոզումները խոր,
Նաեւ սէրը Հայրենիքին հեռաւոր:
Միասին յուսացինք, ճգնեցանք, ապրեցանք,
Բուն իմաստը կեանքին շուտով հասկցանք,
Մեր ուղին գծեցինք շիտակ ու յստակ,
Չեղանք երբեք անարգ նիւթին հպատակ: ֎