Ձգտում

Հայոց բարձրաւանդակը մեր ծննդավայրն է։ Մենք այդ հողաշերտին բնիկ ժողովուրդը եղած ենք։ Հազարաւոր տարիներ հոն ապրած ենք։ Շրջանի ժողովուրդներէն կը բնորոշուէինք մեր իւրայատուկ լեզուով՝ հայերէնով։ Լեզուն անհատին իր նմաններուն հետ հաղորդակցութեան միջոցն է։ Մենք` հայերս, մեր զգացումները, գաղափարները, մտածումները հայերէնով կ’արտայայտենք, անշուշտ այնքան ատեն որ հայերէն կը խօսինք։ Մայրենի լեզուն, մեր պարագային հայերէնը, ցեղային ժառանգութիւն մըն է, որ ընտանեկան երդիքին տակ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի։ Մայրենի լեզուն է նաեւ ինքնութեան ճանաչման միջոցը։ Ան է, որ մեզ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մեր անցեալին՝ մեր պատմութեան, մշակոյթին հետ, ճշտելով մեր ինքնութիւնը՝ հայկականութիւնը։ Լեզուն, ինչպէս որեւէ առարկայ, կարիքը ունի հոգատարութեան, գուրգուրանքի։ Լեզուն ծաղիկ մըն է, որ կը կարօտի խնամքի, ապա թէ ոչ կը խամրի, կը թառամի։ Մենք՝ հայերս, որ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ գաղութներէն հեռանալով եկանք հաստատուելու սփիւռքի տարածութեան վրայ, դժբախտաբար մեծամասնութեամբ մեր մայրենի լեզուին հանդէպ անհոգ կեցուածք մը ունինք։ Այն հոգատարութիւնը, այն գուրգուրանքը, այն սէրը, զորս ջարդէն մազապուրծները մայրենիին հանդէպ ցոյց տուած էին, մենք կը զլանանք։ Նոյնիսկ աւազի վրայ հայերէն գրեցին, որպէսզի իրենց զաւակները հայերէնը չմոռնան։ Անոնք ամենադժուար պայմաններու տակ հայերէն խօսեցան։ Երբեք չխորհեցան, որ եթէ հայերէնը տեղւոյն առեւտուրի լեզուն չէ, ուսուցումն ալ հարկաւոր չէ։ Համայնքը՝ ինքը, իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալու միջոցներ հայթայթելու գիտակցութիւնը ունեցաւ։ Ամենուրեք ազգային վարժարաններ բացուեցան։ Անոնք գիտակցութիւնը ունէին, թէ դարեր շարունակ մեր լեզուն հայերէնն էր, որ մեզ հայ պահեց ու ուրիշ ազգերու մէջ չձուլուեցանք։ Հոս, Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, մենք մեր թմրութենէն պէտք է սթափինք։ 1915-ի ջարդէն ազատած սերունդէն շատ աւելի կազմակերպուած եւ բարեկեցիկ վիճակի մէջ ենք, սակայն հայապահպանման, որպէս հայ գոյատեւման համար չենք ըրած, նոյնիսկ այժմ ալ չենք ըներ այն, որ անոնք ըրին իրենց նիւթական անձուկ վիճակին մէջ։ Հայութեան գոյատեւման գիտակցութիւնը զանոնք մղեց ստեղծագործ աշխատանքի։ Այդ օրերու ամերիկացի ժողովուրդը կը նեղանար, որ հայերը ընդհանրապէս անգլերէն չգիտնալով կը խօսէին հայերէն, բայց ամէն ջանք ի գործ կը դնէին, որպէսզի հրատարակեն հայերէնով թերթ ու բանան հայկական դպրոցներ եւ ամէն գնով բարձր պահեն հայկական մշակոյթը։ Ամերիկեան գրականութեան հարստացման իր ներդրումը բերած Ուիլիըմ Սարոյեան կը հաւատայ, որ հայերուն հանդէպ ամերիկացիներուն ունեցած այդպիսի մօտեցման պատճառը հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնն ու ձեռք բերած յաջողութիւնն էր։ Հայոց իրենց հայկական ինքնութեան վրայ հաստատ մնալու դիրքը լուրջ վտանգ թուած էր ամերիկացի ժողովուրդին։

Այսօրուան սերունդը հայերէն գիրք, գրականութիւն չի կարդար։ Կարդալու սովորութիւնը մոռցուած է։ Կառչած ենք ո՛չ թէ մնայուն, այլ գնայուն արժէքներու։ Գրպանի «խելացի» հեռաձայնները կլանած են մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ուղեղը։

Մեր հայրերը նախանձախնդրութեամբ ու պաշտամունքի հասնող երկիւղածութեամբ մօտեցան հայ գիրքին։ Կարդացին ու պահեցին։ Մեր տուները գիրքերով լեցուեցան։ Հայ ժողովուրդը հաւատաց, որ առօրեայ հացին ու ջուրին նման կենսական է հայ գիրքին ներկայութիւնը իր տան մէջ։ Ժամանակի փոշին չի նստիր այդ գիրքերուն վրայ, անոնք կը մնան միշտ այժմէական եւ փնտռուած։ Զէնքի ուժով յաղթանակներ արձանագրած ու կայսրութիւններ հիմնած ազգեր թաղուեցան պատմութեան փոշիին տակ։ Հայ ժողովուրդը իր հոգեմտաւոր արժէքներով կը մնայ պատմութեան թատերաբեմին վրայ։ Հայ գիրքը մեր անցեալի, ներկայի եւ անշուշտ ապագայի հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանն է։ Պէտք է անդրադառնանք հայ գիրքին ունեցած ճակատագրական դերին մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։ Պէտք է անդրադառնանք, որ հայ գիրքէն հեռացում կը նշանակէ մեր հարազատ ինքնութենէն հեռացում։ Պարոյր Սեւակ ըսած է. «Ժողովուրդ մը կը գոյատեւէ ոչ միայն հողով, այլ իր լեզուով ու պատմութեամբ»։ Յովհաննէս Թումանեանն ալ ըսած է. «Անցեալի պատմութիւնը լուսատու լապտեր մըն է, որ ամէն ժողովուրդ իր ձեռքը պէտք է ունենայ իր ճամբան անմոլոր երթալու համար»։ Սփիւռքի տարածքին գտնուող ամէն հայ գաղութ ունի իր ինքնութիւնը պահելու իրաւունքն ու ազատութիւնը՝ պահել իր սեփական լեզուն, մշակոյթը, ծանօթանալ հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան։ Անցեալին մենք շատ գեղեցիկ սովորութիւն մը ունէինք. կարդալ լրագիր՝ օրաթերթ, պարբերաթերթ, գրական թերթ։ Ատիկա հաճոյք եւ պահանջք էր։ Առանց թերթի ընթերցման՝ օրը իր աւարտին չէր հասներ։ «Հայ թերթը ընկերն է հայ տան» ասոյթը նշանաբան եղած էր։

Պէտք է սթափինք ու միասնաբար զօրաշարժի ենթարկենք մեր բոլոր կառոյցները։ Անհատը ընդհանրապէս, առանց համայնքային ճնշումի, հասարակական շահերու նախապատուութիւն չի տար։ Մեր հաւաքականութիւնը իր բոլոր հաստատութիւններով, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ, պէտք է անհատին ցոյց տայ ուղղութիւն, ի շահ գաղութին գոյատեւման։ Եթէ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կրցան պահել իրենց ինքնութիւնն ու մայրենի լեզուն, մենք պատճառ չունինք կորսնցնելու զայն ու ճերմակ ջարդի զոհ երթալու մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ: Ամէն հայ եկեղեցի պէտք է ունենայ իր երիտասարդաց միութիւնը, ուր երիտասարդներու մէջ պէտք է ստեղծուի ազգային մշակոյթի եւ հոգեւոր աւանդութիւններու հանդէպ կապ, որպէսզի երիտասարդը ինքզինք հպարտ զգայ իր հարուստ ժառանգութեամբ։ Այսպիսի միութիւններ կենսական են նաեւ երիտասարդները ապագայ վարչականներ պատրաստելու տեսակէտէ։ Մերօրեայ հայը աւելի հարուստ է՝ քան անցեալի հայը, սակայն անցեալինը աւելի օգնող եղած է՝ քան այսօրուանը։ Այսօր երկրագունդիս վրայ մօտաւորապէս 7 104 լեզուներ կը խօսուին, որոնց 44 առ հարիւրը վտանգուած են։ Ամիսը միջին հաշուով երկու լեզու, գուցէ անհոգութեան պատճառով, կ’անյայտանայ, խօսակցական լեզու ըլլալէ կը դադրի։ Տուեալ լեզուին հաղորդակցութեան միջոց ըլլալէ դադրումով՝ տիրապետող լեզուն կը դառնայ անհատին հաղորդակցութեան լեզուն, զայն խզելով իր արմատներէն։ Անհոգութեան հետեւանքով` երբ լեզուն կը մահանայ, կը մահանայ նաեւ ազգային ոգին։ Լեզուն կենդանի պահելու առաջին ու գլխաւոր պայմանը նոր սերունդին մայրենի լեզուն խօսելու վարժութիւնն է։ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մօտաւորապէս մէկուկէս միլիոն հայ կ'ապրի, սակայն հայերէնը քիչերու հաղորդակցութեան լեզուն է։ Մեր՝ հայախօսներուս անխուսափելի պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ համոզել երիտասարդ սերունդը, որ անոնք իրենց զաւակները հայկական վարժարաններ ղրկեն։ Անոնք ոչ միայն հայեցի դաստիարակութիւն ստանան, այլ նաեւ հեզասահ կարդալ սորվին։ Ահա՛ այս է երիտասարդութեան հայերէն թերթ եւ գիրք չկարդալուն հիմնական պատճառը։ Մենք մեր արժէքները կը ստանանք մեր գիրքերէն։

Մենք, պարագայի համաձայն, լաւ կամ վատ սովորութիւն մը ունինք՝ ուրիշը կապկել։ Հրեաները քսանվեց դարէ ի վեր խօսակցական լեզու ըլլալէ դադրած եբրայերէնը վերականգնեցին։ Մենք մեր ցեղասպանէն որպէս վրէժխնդրութիւն՝ մեր բոլոր միջոցները պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող հաստատութիւններուն թիւը բազմացնելու եւ հայերէն խօսելու արշաւին սկսինք։

Ասիկա Ցեղասպանութենէն ազատածներու սերունդին նպատակակէտը պէտք է ըլլայ։ Հայեցի դաստիարակութեան համար յատկացուած գումարները մսխում չեն։ Այդ գումարները մեր գոյատեւման համար անհրաժեշտ ներդրումներ են։ ՄԱԿ-ը 21 փետրուարը «Մայրենի լեզուի միջազգային օր» հռչակած է։ Ասիկա մեզի համար արեւմտահայերէնը պահպանելու՝ զայն խօսելու ու անով գրելու հրաւէր մըն է։

Մեր ներկայ վիճակը մեր մտածելակերպին հետեւանքն է։ Փոխենք մեր մտածելակերպը, կը փոխուի նաեւ մեր կեանքի ընթացքը։

Կարեւորը ձգտումն է։ ֎

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2025 (#212) թիւին մէջ:

Արմէն Քիւրքճեան

Ծնած է 1937-ին, Գատըգիւղ (Պոլիս): 1968-ին Քիւրքճեան ընտանիքը կը գաղթէ Գանատա ու կը հաստատուի Թորոնթօ: 1978-ին, Թորոնթոյի առաջին ամէնօրեայ դպրոցը՝ Ս. Խաչ ազգային ամէնօրեայ վարժարանը, հիմնող տասներեք ազգայիններուն մաս կազմած է: Երկար տարիներ ատենապետած է վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին ու միշտ ալ՝ նեցուկ կանգնած յաջորդական վարչութիւններուն:

Previous
Previous

Toronto city council approves waiver of over $600,000 in fees for Armenian Youth Centre expansion

Next
Next

Պաշտելի մօրս յիշատակին