Պաշտելի մօրս յիշատակին

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ կը ներկայացնենք թորոնթոհայ բանաստեղծ Գրիգոր Հոթոյեանի «Պաշտելի մօրս յիշատակին» չափածոյ գրութիւնը, գրուած՝ 21 ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:


***

Գրիգոր Հոթոյեան

Մայր իմ սիրասուն,
Թանկագին Մայրիկ,
Կարօտցած եմ քեզ:
Կեանք մը ամբողջ
Տառապած Մայրիկ,
Միշտ կը յիշեմ քեզ,
Ու կ’ողբամ սրտանց,
Յիշելով ընդմիշտ,
Աքսորի անմարդկային օրերուն,
Օսմանեան թուրք պետութեան,
1915 թուականին,
Համաշխարհային առաջին պատերազմի
Առիթէն օգտուելով որոշումը,
Թուրքիոյ մէջ հայութեան
Գոյութեան վերջ դնելու,
Նախ ձերբակալելով
Ապա, զանազան միջոցներով
Սպանելով,
Հայ ժողովուրդի գրագէտները,
Մտաւորականները,
Կուսակցական եւ կրօնական
Ղեկավարները,
Զինուորագրուած բոլոր զինուորները
Գնդակահարելով,
Իսկ տունը մնացած ծերունիները,
Կիները, աղջիկներն ու մանուկները,
Իրենց տուներէն, հարազատ հողերէն,
Հազարամեայ հայրենիքէն աքսորելով,
Տաքին եւ պաղին,
Անձրեւին ու ձիւնին տակ,
Քալելով անորոշութեան ճամբաներով,
Ողջ մնացածները մինչեւ Տէր-էլ-Զօր,
Սուրիական եւ արաբական անապատները,
Ենթակայ կողոպուտի, բռնաբարումի,
Ստրկացումի ու իսլամացումի
Մեծ թիւով աքսորեալներ,
Սպանուեցան,
Անմխիթար մեռան,
Եւ մնացին անգերեզման,
Կեր դառնալով գիշատիչ թռչուններու,
Տեսակաւոր գազաններու:

Քու պատմածներէն
Սիրելի Մայր,
Ես միշտ կը յիշեմ
Եւ միշտ կ’ողբամ
Կիլիկիայի Պեհեսնի քաղաքէն,
1915-ին
Հազիւ տասնհինգ տարեկան,
Նորածին Յարութիւն անունով
Զաւակի մը մայր,
Մօրդ, քրոջդ եւ զաւակիդ հետ
Աքսորուեցար,
Այդ անմարդկային ծրագրին ենթարկուեցան
Նախապէս, հայրդ՝ Օհան Գույումճեան,
Վարպետ ոսկերիչ
Եւ լայնածաւալ այգիներու
Սեփականատէր,
Եղբայրդ՝ Ռուբէնը եւ ամուսինդ
Ոչնչացուեցան,
Այս բոլորը արտասուելով կը պատմէիր
Սիրելի Մայրիկ,
Երբեք չէիր հաշտուեր քրոջդ
Կորուստին եւ մօրդ գազանային
Մահուան հետ:
Եփրատ գետէն պէտք է անցնէին
Լաստանաւով,
Որոշ գումարի մը փոխարէն,
Առաջին լաստանաւով մայրդ եւ քոյրդ
Կ’անցնին,
Երկրորդ լաստանաւով դուն`
Մայր իմ,
Իսկ երկրորդ լաստանաւին վրայ,
Դուն եւ որդիդ կը գտնուէիք,
Եփրատի հոսող ջուրերուն վրայ,
Մօրդ գլուխը մարմինէն բաժնուած
Կը տեսնես, որ կը ծփար ազատօրէն,
Պատճառ դառնալով սարսափելի լացի
Եւ աղաղակի:
Թուրք-քիւրտ կողոպտիչներ,
Մօրդ հագուստները քննելէ
Եւ ինչ որ թանկագին գտնելէ եւ
Իւրացնելէ ետք,
Խեղճ եւ վախէն սարսափած մօրդ
Գլուխը վիզէն կը կտրեն
Եւ ջուրը կը նետեն:
Ցամաքահանումին,
Չորս տարեկան քոյրդ
Առանձին մնացած,
Եւ մայրը փնտռելէն ձանձրացած,
Նստելով կ’արտասուէր:
Տեղացի արաբ կին մը,
Տեսնելով որ կորսուած պզտիկ մըն է,
Կը շալկէ զայն եւ իրենց գիւղը
Կը տանի,
Որդեգրելով իսլամական օրէնքներով:
Տարիներու ընթացքին,
Արաբական գիւղին մէջ
Արաբական սովորութիւններով
Եւ կրօնքով մեծնալով,
Դէմքին եւ մարմնին
Զանազան մասերը,
Գոց կապոյտ գոյնով դաջել կու տան:

Քոյրդ՝ Զարուհին, որ կոչուած է
Նուրիէ, երբ արբունքի կը հասնի,
Կ’ամուսնացնեն տան երիտասարդ
Մանչին հետ:
Անշուշտ այս իրականութիւնը
Դուն չլսեցիր, սիրելի մայր,
Հակառակ քու փնտռտուքներուդ,
Բախտագուշակներու դիմումներուդ,
Բոլոր հայրենակիցներուդ եւ ծանօթներուդ,
Չդադրեցար հարցնելէ
Եւ միշտ արտասուելէ,
Տարիներով, քու ծնողքիդ
Եւ կորսուած քրոջդ կորուստին
Չդիմացար, հիւանդացար,
Մարմնապէս եւ հոգեպէս հալեցար
Եւ աւանդեցիր հոգիդ՝
2 նոյեմբեր 1938-ին,
Հալէպի մէջ,
Ծննդեանդ 38-րդ տարեդարձին:

Սիրելի Մայրս,
Մեզի լալով կը պատմէիր, թէ
Ինչպէս դառն է աքսորի,
Գաղթականութեան եւ ընտանիքի
Կորուստը, մանաւանդ՝
Մահուան սահմանին
Ընդմիշտ մօտեցած:
Ոճիրներու ցաւը զգալով,
Անօթի-ծարաւ,
Խումբ մը հայ գաղթական
Կիներով,
Սուրիոյ գիւղերը
Հաց ու ջուր մուրալով ապրեցար,
Մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը,
Օսմանեան կայսրութեան
Պարտութեամբ
Եւ 28 մայիս 1918-ին,
Արեւելեան Հայաստանի
Անկախութեան հռչակումով:

Հասնելով
Կիլիկիոյ հայութենէն
Գրեթէ պարպուած
Քիլիս քաղաքը,
Ուր ինչպէս այրի մնացած
Բազմաթիւ մայրեր,
Դուն ալ ամուսնացար
Սասնոյ Տալւորիկ գաւառի
Սպաղանք գիւղէն,
Տասներկու անգամ թրքական զինուոր
Ըլլալու իրականութենէն փախուստ տուած
Ղազար (Խարզօ) Հոթոյեան անունով
Ջաղացպանի մը հետ,
Որուն հետ քսաներկու տարի ապրելով՝
Քիլիսի, Ազէզի ու Հալէպի մէջ,
Մայրացար եօթը զաւակներու,
Հինգ մանչ եւ երկու աղջիկ,
Որոնցմէ ապագային երկու մանչեր
Դժբախտաբար մանուկ հասակին
Մահացան:
Սիրելի Մայրիկ,
Դարերով Պեհեսնիի մէջ
Հայերէն խօսիլ ու կարդալ
Թուրք պետութեան կողմէ
Արգիլուած ըլլալով,
Հայերէն չէիր գիտեր,
Սակայն մեզմէ հայերէն
Երգել կը խնդրէիր,
Որովհետեւ շատ կը սիրէիր
Հայերէն երգերը,
Շատ կը սիրէիր մանաւանդ
Զօրավար Անդրանիկին նուիրուած
«Իբրեւ արծիւ» երգը:
Հայերէն չէիր գիտեր,
Սակայն ազգային ոգիդ,
Վրէժխնդրական զգացումներդ
Շատ զօրաւոր էին քու մէջդ
Կ’ատէիր թուրքերը,
Թուրք պետութիւնը,
Որովհետեւ Եղեռն տեսած էիր:
Քու բոլոր ազգականները
Տարագրութեան ընթացքին
Տեսած էին ահռելի տեսարաններ
Ծերունիներու, երիտասարդներու
Եւ մանուկներու դիակներն
Ու կմախքները եւ հառաչանքները
Երբ կը մահանային,
Որոնց սարսափելի տեսքը,
Անմոռանալի մնացած էին,
Քու մարդկային զգացումներուդ վրայ:
Մանկութեանս չէի կրնար ըմբռնել
Քու տառապանքներդ ու ցաւերդ
Սիրելի Մայր,
Սակայն երբ մեծցայ,
Հասկնալով քու զգացումներդ,
Պատրաստ էի քու ցաւերուն
Բաժնեկից ըլլալու,
Երբ արդէն դուն չկայիր,
Բայց մենք,
Ազգովին կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը
Եւ կը պահանջենք մեր անմոռանալի
Իրաւունքները, մեր տունն ու տեղը, մեր վանքերը, եկեղեցիները, մէկ խօսքով՝
Արեւմտեան Հայաստանը, մէկ ու կէս միլիոնէն աւելի մեր նահատակները, որոնք այս օրերուն առնուազն վեց միլիոն պիտի ըլլային:
Կը պահանջենք մեր կորուսեալ Հայրենիքը եւ վնասից հատուցում կը պահանջենք,
Միշտ հետեւելով հայ քանքարաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի հետեւեալ պատգամին.-

«Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է»,
9 մայիս, 1933։

Սիրելի Հայրենակիցներ,
Որովհետեւ մեծ պետութիւնները միշտ իրենց շահերը նկատի ունին, արդարութիւնը դեռ չէ մօտեցած իրենց սահմաններուն:

Օտար պետութիւններէն յուստահատելով, մենք մեր իրաւունքները հաւաքական ուժով եւ հայ գիտնականներու նորագոյն պաշտպանողական միջոցներու ստեղծումով, իրենցմէ աւելի զօրաւոր ըլլալով..: ֎

***
(պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ՝ Հոթոյեանի մօր լուսանկարին հիման վրայ)

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Ձգտում

Next
Next

Armenian Genocide commemoration at Queen’s Park unites Ontario leaders across the political spectrum