Արմէն Քիւրքճեանի նորատիպ գիրքին շնորհանդէսը՝ նախաձեռնութեամբ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան
Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան՝ թորոնթոհայ ծանօթ ազգայիններէն, ազգային-եկեղեցական գիտելիքներու եւ Հայոց պատմութեան լայնածաւալ ծանօթութիւն ունեցող Արմէն Քիւրքճեանի 10-րդ հրատարակութեան՝ «17-րդ եւ 18-րդ դարերու ազատագրական շարժումները եւ Խամսայի (Արցախի) մելիքութիւնները» նորատիպ հատորին գինեձօնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 8 նոյեմբերի երեկոյեան։ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ ներքնայարկի սրահին մէջ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին թեմիս փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան եւ հովիւի օգնական տ. Հայարի քհն. Թանաշեան ու մշակութասէր ու գրասէր հասարակութիւն մը:
Հանդիսավար Սոնա Չորպաճեան-Անուշեան՝ յանուն «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ տուաւ հեղինակին կենսագրական ամփոփ գիծերը:
Արմէն Քիւրքճեան ծնած է 1937-ին, Գատըգիւղ (Պոլիս) ու յաճախած է տեղւոյն Արամեան-Ունճեան վարժարանը: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսման համար կը յաճախէ Վիեննական Մխիթարեաններու Կ. Պոլսոյ վարժարանը: Պայմաններու բերմամբ՝ համալսարանական ուսում ստանալու առիթը չէ ունեցած: 1960-ին կ'ամուսնանայ Սիլվա Դաւիթեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Արիս եւ Արփի: 1968-ին Քիւրքճեան ընտանիքը կը գաղթէ Գանատա ու կը հաստատուի Թորոնթօ: Այդ տարուան վերամուտին կը սկսի Հայոց պատմութիւն դասաւանդել Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս: 1972-ին կ'ընտրուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամ: Տարի մը կը պաշտօնավարէ որպէս ատենադպիր, երկու տարի՝ փոխատենապետ եւ տարի մըն ալ՝ ատենապետ: Որպէս ատենապետ, իր գործoն մասնակցութիւնը կը բերէ Գանատայի թեմի հաստատման աշխատանքներուն: Հայաստանեայց առաք. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդութեան կողմէ կը նշանակուի Թորոնթոյի երկրորդ ծուխի Ծխական խորհուրդի ատենապետ։ Ս. Խաչ Հայց. առաք. եկեղեցիին կազմութենէն ետք ալ՝ 1979-1982 տարիներուն, այդ պաշտօնը կը վարէ, այս անգամ որպէս ընտրեալ ատենապետ: 1978-ին, Թորոնթոյի առաջին ամէնօրեայ դպրոցը՝ Ս. Խաչ ազգային ամէնօրեայ վարժարանը, հիմնող տասներեք ազգայիններուն մաս կազմած է: Երկար տարիներ ատենապետած է վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին ու միշտ ալ՝ նեցուկ կանգնած յաջորդական վարչութիւններուն:
Պատմական ու քաղաքական դէպքերու կապակցութեամբ իր երկարաշունչ յօդուածները եւ վերլուծումները՝ «19-էն 20-րդ դարերուն Օսմանեան հոգեբանութիւնը եւ Հայկական ջարդերը», «Թուրքը չի փոխուիր», «Թուրքերուն՝ Թուրքիան թրքացնելու քաղաքականութիւնը» եւ այլք, հրատարակուած են սփիւռքահայ թերթերու, նաեւ տեղ գրաւած այլազան համացանցային կայքէջներու մէջ: Երկար տարիներ կամաւոր կերպով կատարած է միութեան պաշտօնաթերթին՝ «Լուսաբաց»-ի խմբագրութիւնը:
Հատորը ներկայացուց գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի երկարամեայ վաստակաշատ ու այժմ նախկին ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Մկրտիչեան իր խօսքը սկսաւ՝ ըսելով․ «Կ’ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւններս յայտնել գրքին հեղինակին՝ պրն. Արմէն Քիւրքճեանին, որ ինծի վստահեցաւ այս հատորին ներկայացումը։ Կարդացի այս գործը թէ՛ իր բովանդակութեան համար եւ թէ՛ ալ իմ անձնական հետաքրքրութեանս համար՝ նկատելով, որ ես անձնապէս գրքին մէջ նշուած կարգ մը վայրերը գտնուած եմ, Արցախ կատարած իմ բազում այցելութիւններուս ժամանակ»:
Մկրտիչեան տեղեկացուց, որ այս խիստ հետաքրքրական հատորը հեղինակին 10-րդ գիրքն է եւ կը բաղկանայ 330 էջերէ, որոնց վերջին երկու էջերը կը ներկայացնեն հեղինակին օգտագործած պատմական եւ գրական աղբիւրները: Մկրտիչեան ներկաներուն ուշադրութեան հրաւիրեց, որ այս գիրքը կը ներկայացնէ 17-րդ եւ 18-րդ դարերու ազատագրական շարժումները, բայց տեսակ մը շատ ալ այժմէական է՝ նկատելով Հայաստանի այսօրուան իր «դրացիներուն» հետ ունեցած խնդիրները, Արցախի (մի գուցէ ժամանակաւոր) կորուստը եւ Հայաստանի անկախութեան պահպանումը: Այս գիրքի առաջին մօտ երկու երրորդը 17-18 դարերու Ազատագրական շարժումներու եւ մասնաւորապէս այս շարժումներու հերոսներու, յառաջատար անձերու մասին է, իսկ մէկ երրորդն ալ Արցախի մելիքութիւններու մասին: Վերջին մի քանի տասնեակ էջերն ալ՝ Արեւմտեան Հայաստանի կարեւոր կեդրոններու դիմադրական շարժումներուն մասին:
Մկրտիչեանը իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով․ «Կը շնորհաւորենք շատ հետաքրքիր գրքին հեղինակը եւ կը մաղթենք իրեն յարատեւութիւն եւ առողջութիւն, որպէսզի ան շարունակէ իր պրպտումները ու մեզի հրամցնէ Հայոց պատմութեան այսպիսի պատմական նորանոր հատորներ»:
Մկրտիչեանի գրախօսական ելոյթը ծափողջոյններով գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Գինին կը ներկայացնէ Քրիստոսի արիւնը եւ նաեւ առաջին հրաշագործութիւնը, երբ Յիսուս Կանայի հարսանիքին ջուրը գինիի փոխեց: Գինեձօնը հայկական սիրուն եւ իմաստալից արարողութիւն մըն է, երբ հեղինակի մը հրատարակած գիրքին օրինակը կ'օծուի գինիով, հոգեւորականի մը կողմէ: Տ. Զարեհ աւ. քահանան օրհնեց հեղինակն ու իր ընտանիքի պարագաները եւ ապա կատարեց գինեձօնի արարողութիւնը:
Հեղինակը՝ Արմէն Քիւրքճեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան ըսած է․ «Ամէն հայ որպէսզի իր ճամբան շիտակ գտնէ, իր ձեռքը պէտք է առնէ Հայոց պատմութիւնը որպէս լապտեր», մենք ալ պիտի ըսենք՝ վա՜յ այն սերունդին, որուն ձեռքը կը մարէ այդ լապտերը։ Եկեղեցին մեզի տուած է ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքը, այլ տուած է մեր հայկական ինքնութիւնը, իսկ հայ լեզուն մեր ազգային գոյութեան ողնասիւնն է եւ հայ մշակոյթի պահպանման ամենէն զօրեղ միջոցը: Խաչատուր Աբովեան իր վէպին մէջ տուած է հետեւեալ պատգամը․ «Ազգ մը պահողը, իրարու միացնողը լեզուն եւ հաւատքն են... Ձեզի կ'ըսեմ, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէք...»»:
Պրն. Քիւրքճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց՝ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան վարչութեան, որ կազմակերպեց սոյն գինեձօնը, օրուան հանդիսավար Սոնա Չորպաճեան-Անուշեանին եւ տիկնանց յանձնախումբին, որ ձեռնարկի հիւրասիրութիւնը պատրաստած էր, յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ազգային գործիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանին, որ ընդունեց իր խնդրանքը գիրքը ներկայացնելու համար:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով, ապա հեղինակը գիրքէն օրինակներ մակագրեց ներկաներուն: Հեղինակին փափաքին համաձայն՝ գիրքին վաճառքէն գոյացած գումարը յատկացուեցաւ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան: ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտ. 2024 թիւին մէջ:
լուսանկարները տրամադրած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին