ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ oղակ» խմբակը՝ կեանքը հարստացնող նախաձեռնութիւն

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ օղակ» խմբակը, որ հիմնադրուեցաւ մայիս 2025-ին, իր հիմնադրութեան երկրորդ տարեշրջանի ընթացքին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ոսկեայ տարիքի ընկերուհիներուն համար ստեղծելով այնպիսի միջավայր մը, ուր համախմբումը, բարեկամութիւնը, առողջ ապրելակերպը եւ շարունակական ուսուցումը կը միանան մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ՝ աշխուժ պահելով երէց անդամները։

«Ոսկեայ օղակ» խմբակը՝ ամսական դրութեամբ կը կազմակերպէ հաւաքներ՝ իւրաքանչիւր ամսուան երրորդ հինգշաբթի օրը։ Ամենայն բծախնդրութեամբ ծրագրուած հանդիպումները կարճ ժամանակի ընթացքին վերածուեցան սպասուած առիթներու, երբ միջին հաշուով երեսունհինգ-քառասուն ընկերուհիներ կը համախմբուին՝ մասնակցելու բազմաբովանդակ ծրագիրներու եւ ընկերային հաճելի հանդիպումներու։

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան նշանակած յանձնախումբը՝ ատենապետ Հուրի Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, մեծ նուիրումով կը կազմակերպէ «Ոսկեայ օղակ»-ի իւրաքանչիւր հանդիպման աշխատանքները, եւ հաւաքներուն յաջողութեան ի խնդիր կը մշակուին առողջապահական, կրթական, մշակութային, հոգեւոր եւ ընկերային բնոյթի բազմազան ծրագիրներ։

Ամսական հաւաքներուն անբաժանելի մասը կը կազմէ Chair Yoga աթոռի մարզանքը, համագործակցութեամբ Fieldstone Health Center-ի անձնակազմի անդամներուն, որոնց կազմակերպած մարզանքները մասնակիցներուն համար դարձած են առողջ կենցաղի կարեւոր բաղադրիչներ։ Պարբերաբար կը հրաւիրուին այլ մարզիչներ նաեւ, որոնք իրենց մարզական ներդրումով առողջ ապրելակերպի գաղտնիքները կը փոխանցեն «Ոսկեայ օղակ»-ի անդամներուն։

Խմբակին հանդիպումները նաեւ գիտելիքի փոխանցման գեղեցիկ առիթներ են։ Անցեալ տարեշրջանի ընթացքին մասնագէտներ ներկայացուցին առողջ սննդակարգի, բնաբուժութեան, ատամներու խնամքի, տարեցներու ինքնաշարժ վարելու կանոններու, հեռաձայնային եւ ելեկտրոնային խաբէութիւններու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու պատրաստուածութեան վերաբերող նիւթեր, որոնք դարձան տեղեկատուութեան եւ գործնական գիտելիքներու օգտակար ու հարուստ աղբիւրներ։

Ծրագիրին յատկանշական բաժիններէն մէկը ՀՕՄ-ի 115-ամեակի առթիւ ակնառու ՀՕՄ-ականներու կենսագրութիւններու ներկայացումն էր։ Ամիս առ ամիս լուսարձակի տակ բերուեցան կազմակերպութեան հիմնադիրներն ու նուիրեալ դէմքերը, որոնց կեանքն ու ծառայութիւնը ոգեշնչեցին ներկաները եւ նորովի արժեւորեցին ՀՕՄ-ի հարուստ ժառանգութիւնը։

Հանդիպումները զուգորդուեցան նաեւ հայկական եւ գանատական տօներու նշումով, տարեդարձներու տօնակատարութեամբ, խաղերով, վիճակահանութիւններով եւ ջերմ հիւրասիրութեամբ։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները նպաստեցին ընկերային մթնոլորտի ստեղծման եւ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն միջեւ աւելի ամուր կապերու ամրապնդման։

Անցեալ տարեշրջանին, «Ոսկեայ օղակ» խմբակի անդամները առիթը ունեցան նաեւ մասնակցելու Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Ճոնաթան Ցաոյի կողմէ կազմակերպուած երէցներու ամսուան թէյասեղանին։ Այս հանդիպումը ոչ միայն գնահատանքի արտայայտութիւն էր երէցներուն նկատմամբ, այլ նաեւ առիթ՝ լսելու պետական ներկայացուցիչին խօսքերը եւ ստանալու օգտակար տեղեկատութիւններ։

Յատկանշական էր նաեւ, որ յանձնախումբը ամբողջ տարեշրջանին գործեց տնտեսող ու նուիրեալ մօտեցումով։ Հիւրասիրութիւններու, նուէրներու եւ բազմաթիւ այլ կարիքներու զգալի մասը ապահովուեցաւ յանձնախումբի անդամներուն անձնական նուիրումով եւ մասնակից ընկերուհիներու աջակցութեամբ։

Անցեալ տարուան ընթացքին՝ խմբակին հաւաքները կայացան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ Այս առիթով յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան, Հայ կեդրոնի տնօրէնութեան, ՀՕՄ-ի վարչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ մասնակից ընկերուհիներուն, որոնց աջակցութեամբ ծրագիրը յաջողութեամբ կեանքի կոչուեցաւ։

Առաջիկայ տարեշրջանին համար յանձնախումբը նախատեսած է նոր նախաձեռնութիւններ՝ խաղերու առանձին օրեր, WhatsApp-ի հաղորդակցական խումբի ստեղծում, անդամներու տեղեկատուական ցանկի ամբողջացում եւ պտոյտներու կազմակերպում։

«Ոսկեայ օղակ» խմբակը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ոչ միայն ամսական հաւաքներու շարքով, այլ նաեւ ստեղծելով այնպիսի ջերմ հանդիպումներ, ուր ոսկեայ տարիքի ընկերուհիները յարատեւ պիտի գտնեն ընկերային մթնոլորտ, հոգատարութիւն, աշխուժութիւն, գիտելիքներու բազմազանութիւն եւ նոր ներշնչումներ՝ առողջ ապրելակերպի նոր միջոցներ որդեգրելու։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ օղակ» նախաձեռնութիւնը, հիմնադրումն ու ընթացող համախմբումները գեղեցիկ վկայութիւններն են այն իրողութեան, որ ՀՕՄ-ի ընտանիքին մէջ ծառայութիւնը, համերաշխութիւնը եւ ազգային ու մարդկային արժէքները կը շարունակեն միաւորել սերունդները։ ֍


Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2026 (#229) թիւին մէչ: Լուսանկարները տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Համազգայինի հայագիտական նիւթերու լսարանի մեկնարկը. ի՞նչ կրնանք ակնկալել

Next
Next

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2026 SEPTEMBER [#229]